«ԼՈՅՍ» ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՇԵԼ ԻՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՆԳԱՄԵԱԿԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ շրջանին «Լոյս» երկշաբաթաթերթը պիտի նշէ իր հրատարակութեան հինգերորդ տարին։ Հնգամեակին ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Լոյս»ի սեփականատէր Արամ Քուրանն ու իր դուստրը՝ Մարալ Պելինտա Քուրանը, որ եւս պատասխանատուութիւն ունի խմբագրակազմին մէջ։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին հիւրերը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս պարբերականի անցած ճանապահին եւ նախանշած նպատակներուն շուրջ։ Թերթը, որ կը ջանայ ցոլացնել մեր ընկերային կեանքէն ինչ-ինչ դրուագներ, այս հինգ տարիներուն տեւողութեան յաջողած է անցնիլ շարունակականութեան քննութենէն։
Հայր ու դուստր Քուրանները փափկանկատութիւնը ունեցած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը փութալու՝ մեզի հրաւիրելու համար «Լոյս»ի հնգամեակին առթիւ ամսավերջին նախատեսուած տօնախմբութեան։ Անոնք կը պատրաստուին համայնքային շրջանակներէ լայն մասնակցութեամբ երեկոյթ մը իրականացնել՝ լիցքաւորուելու համար թերթի յառաջիկայ գործունէութեան հետամուտ ըլլալու ճանապարհին։
Կը շնորհաւորենք «Լոյս»ի հնգամեակը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք յոբելենական ձեռնարկին համար։
ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ
Միւս կողմէ, «Լոյս»ի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ նկարչութեան մրցոյթ մը՝ առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու մակարդակով։ Դատակազմի անդամներն էին՝ Ռէյհան Սարըպայ, Սայաթ Ուշաքլըկիլ եւ Էրոլ Քիւրքճիւօղլու։ Ֆէրիգիւղի «Շրրինօղլու» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ այս ծրագրի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Դափնեկիրները ստացան իրենց պարգեւները՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի։ Արեւ Սեթեան, Քազրա Շաքէ Թոփլամիղտիս եւ Սելին Եուրթկիւլիւ բաժնեցին առաջին երեք շարքերը։ Յատուկ մրցանակ տրուեցաւ Արեւ Հեմենկիւլին։ Մանսիոնի արժանացան՝ Ռոնի Էօզմերինօղլու, Նորա Միթիլեան, Տենչալի Էրփընար, Թալիա Ինկիլիզօղլու, Առէն Սարրաֆ, Շանթ Գազանճը եւ Նաիրա Մկրտիչեան։