ԿԵԱՆՔԷՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Կեան­քը՝ որ կ՚ապ­րի մարդ, ա­նակն­կալ­նե­րով լե­ցուն ըն­թացք մըն է, եւ այս պատ­ճա­ռով, ան խոր­հուրդ մըն է՝ ան­ծա­նօթ, ա­նըմբռ­նե­լի՛։ Մարդ կ՚ապ­րի կեան­ք մը, բայց ո՞ր­քան կ՚անդ­րա­դառ­նայ, ո՞ր­քան կը խո­րա­նայ ա­նոր ի­մաս­տին, ո՞ր­քան կը թա­փան­ցէ ա­նոր այդ խոր­հուր­դին։ Ար­դա­րեւ, կեան­քը պա­տա­հա­բար ապ­րիլ ու­րիշ բան է, գի­տակ­ցա­բար ապ­րիլ ու­րի՛շ բան։ Ե­թէ ոչ կա­տա­րե­լա­պէս, բայց մա­սամբ կա­րե­լի է թա­փան­ցել ա­նոր խոր­հուր­դին եւ խո­րա­նալ ա­նոր էու­թեան մէջ, եւ կա­րե­լի է պա­տաս­խան գտնել՝ «կեան­քի պատ­ճառ»ին, «կեան­քի նպա­տակ»ին եւ մա­նա­ւանդ «կեան­քի ի­մաստ»ին մա­սին։

Եր­կու սի­րա­լիր բա­րե­կամ­ներ, ա­հա­ւա­սիկ, երբ կը հան­դի­պին ի­րա­րու եւ փո­խա­դար­ձ կը վա­յե­լեն ի­րա­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ի­րա­պէս ար­դիւ­նա­բեր եւ օգ­տա­կար կ՚ըլ­լայ ի­րենց հան­դի­պու­մը, երբ կը խօ­սին կեան­քի ի­մաս­տին մա­սին, թե­րեւս բո­լո­րո­վին լու­ծել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար, բայց գո­նէ մա­սամբ լու­ծում եւ պա­տաս­խան գտնե­լու կեան­քի կեն­սա­կան եւ էա­կան հար­ցե­րու շուրջ։

Կեան­քը կը յու­զուի ա­մէն ձե­ւի, ա­մէն պայ­մա­նի եւ ա­մէն ե­րե­ւոյ­թի տակ։ Բայց ո­մանք բո­լո­րո­վին ան­հա­ղորդ կը մնան կեան­քին՝ իր պատ­ճա­ռով, նպա­տա­կով եւ մա­նա­ւանդ ի­մաս­տով։ Ա­սի­կա գի­տակ­ցու­թեան հարց մըն է՝ ան­տար­բեր չգտնուե­լու եւ անդ­րա­դառ­նա­լու թէ՝ մարդ էա­կը կեան­քին գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա՛րն է։

Ար­դա­րեւ, եր­կու սրտա­կից բա­րե­կամ­ներ երբ կը հան­դի­պին ի­րա­րու, կը խորհր­դակ­ցին ի­րա­րու հետ այն մա­սին, թէ կեան­քը ի՞նչ բա­ներ է տուած ի­րենց եւ ի՞նչ բա­ներ խլած եւ յափշ­տա­կած է ի­րենց­մէ։ Ուս­տի այն եր­կու ի­մաս­տուն բա­րե­կամ­նե­րը, ի­րենց կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տեն, թէ կեան­քը ճար­տար եւ ճար­պիկ «ա­ռեւտ­րա­կան» մըն է. մար­դուն կու տայ շատ բան, բայց նաեւ ան­կէ կ՚առ­նէ իր տուա­ծին փո­խա­րէն շատ բան, եւ եր­բեմն իր տուա­ծին ան­հա­մե­մա­տօ­րէն շա՜տ ա­ւե­լին։ Կեան­քի կշի­ռը ա­նար­դա՛ր է, շատ ան­գամ տուա­ծէն ա­ւե­լին կը պա­հան­ջէ եւ կ՚առ­նէ։ Կեան­քը ի­րա­պէ՛ս ան­հա­մե­մատ կը շար­ժի, ա­նար­դար, ո­մանց շատ կու տայ եւ քիչ կը պա­հան­ջէ, ո­մանց քիչ կու տայ եւ շատ կը պա­հան­ջէ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ եր­կու սի­րա­լիր բա­րե­կամ­ներ կը խօ­սակ­ցէին այս նիւ­թե­րու շուրջ, փո­խա­նակ ա­նի­մաստ ու անն­պա­տակ դա­տար­կա­բա­նու­թեան՝ սնա­մէջ խօ­սակ­ցու­թեան։ Եւ ո՜ր­քան ի­րա­ւա­ցի է այն յայտ­նի ա­ռա­ծը որ կ՚ը­սէ. «Նմա­նը իր նմա­նը կը գտնէ»։ Այդ եր­կու բա­րե­կամ­նե­րը՝ որ զի­րար գտեր են, երբ ու­նին նմա­նու­թիւն­ներ, նման զգա­ցում­ներ, նման խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ, ան­շուշտ որ ա­նոնց խօ­սակ­ցու­թիւնն ալ պի­տի ըլ­լայ նման նիւ­թե­րու եւ հար­ցե­րու շուրջ, հա­սա­րա­կաց կէ­տե­րու վրայ՝ ա­ռանց սնա­մէջ խօս­քե­րու, ա­ռանց դա­տար­կա­բա­նու­թեան եւ պա­րապ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու…։

Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, հոն պի­տի հան­դի­պիք խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու՝ ո­րոնք ո՛չ ի­մաստ ու­նին եւ ոչ ալ նպա­տակ, պա­րապ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ միայն՝ ո­րոնց մէջ ո՛չ տե­ղե­կու­թիւն մը կայ օգ­տա­կար, ո՛չ գա­ղա­փար մը, ո՛չ սկզբունք, որ ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ խօ­սա­կից­նե­րուն։ Եւ պա­րապ խօս­քե­րը եր­բեմն վնա­սա­կար նոյ­նիսկ կրնան ըլ­լալ, վի­րաւ­րել ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն­ներ, նսե­մաց­նել իս­կա­կան ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Զոր օ­րի­նակ, սա զզուե­լի, գար­շե­լի եւ քստմնե­լի բամ­բա­սան­քը՝ որ ի՜նչ ան­հա­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին քայ­քա­յում­նե­րու, ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու եւ վի­րա­ւո­րանք­նե­րու պատ­ճառ է դար­ձած։ Ըն­կե­րու­թիւն­ներ, բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ եւ մին­չեւ իսկ ըն­տա­նիք­ներ կոր­ծա­նած է բամ­բա­սան­քի վատ սո­վո­րու­թեան, ա­ւե­լի շի­տակ պի­տի ըլ­լայ ը­սել՝ ախ­տին, հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով։

Ամ­բողջ օր մը երբ բառ մը իսկ չեն ար­տա­սա­ներ եր­կու բա­րե­կամ­ներ, ա­հա­ւա­սիկ, ա­նոնք ճշմա­րիտ բա­րե­կամ­ներ են թէ՛ ի­րա­րու հան­դէպ եւ թէ՛ ի­րենց ամ­բողջ շրջա­նա­կին մէջ։

Յե­տոյ ու­րիշ պա­րապ խօ­սակ­ցու­թեան ախ­տա­ւոր վի­ճակ մը, բամ­բա­սան­քին նմա­նը՝ զրպար­տու­թի՛ւն։ Ան որ կը բամ­բա­սէ, բնա­կա­նա­բար կը զրպար­տէ նաեւ գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բա՛ր։ Բայց ի՛նչ կ՚ու­զէ ըլ­լայ նպա­տա­կը կամ պատ­ճա­ռը, պա­րապ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ, սնա­մէջ, ո՛չ մէկ օ­գուտ կ՚ա­պա­հո­վեն են­թա­կա­նե­րուն, այլ միա՛յն վնաս՝ առ­նուազն ժա­մա­նա­կի վատ­նում, որ ինք­նին կա­րե­ւոր կո­րուստ մըն է մար­դուս ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քին մէջ, քա­նի որ կա­րե­լի է ա­ւե­լի բա­րե­բեր եւ օգ­տա­կար ա­րարք­նե­րու յատ­կաց­նել ժա­մա­նա­կը։

Եւ ի­մաս­տուն են այն բա­րե­կամ­նե­րը՝ ո­րոնք գի­տեն ժա­մա­նա­կին ար­ժէ­քը, չեն վատ­ներ զայն ա­նօ­գուտ զբա­ղում­նե­րով, հա­ւա­սա­րակշ­ռուած եւ չա­փա­ւոր կը գոր­ծա­ծեն ժա­մա­նա­կը եւ ի­րենց զբօ­սան­քի պա­հերն իսկ կ՚օգ­տա­գոր­ծեն խոր­հե­լով, խորհր­դա­ծե­լով, օգ­տա­կար խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով եւ ար­դիւ­նա­բեր գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Ա­նոնք գի­տեն, թէ վատ­նուած ա­մէն վայր­կեան կեան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն գո­ղու­թիւն մը ը­նել կը նշա­նա­կէ։ Դար­ձեալ ա­նոնք գի­տեն, որ դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի վատ­նո՛ւմ է, եւ ո՛չ վնա­սա­կար, բայց ա­նօ­գուտ, ա­պար­դիւն, ան­պէտ ա­րարք մըն է…։

Ու­րեմն, ե­րա­նի՜ այն եր­կու ան­կեղծ եւ ի­րա՛ւ բա­րե­կամ­նե­րուն՝ որ ար­ժէ­քը կը գնա­հա­տեն ժա­մա­նա­կին, զուար­ճու­թեան, զբօ­սան­քի, հա­ճոյ­քի ժա­մա­նակ­նե­րուն ալ օգ­տա­կար գոր­ծեր կ՚ը­նեն՝ այն ա­տեն չեն հասկ­նար իսկ թէ ժա­մա­նա­կը ի՞նչ­պէս ան­ցեր է, մէկ խօս­քով կեան­քը կը վա­յե­լեն ըստ պատ­շա­ճի, չա­փա­ւո­րու­թեամբ, օգ­տա­կա­րու­թեամբ եւ ի­րենց մարդ­կա­յին սկզբնա­կան կո­չու­մին հա­մե­մատ՝ միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ա­նոր։

Մար­դիկ կան, ար­դա­րեւ, որ բո­լո­րո­վին ան­հա­ղորդ են կեան­քի ա­մէն տե­սակ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն՝ ան­տար­բեր կ՚ապ­րին։ Ան­շուշտ մար­դուս կո­չու­մը կը պա­հան­ջէ հա­ղոր­դու­թեան մէջ մտնել իր նման­նե­րուն հետ, յա­րա­բե­րու­թիւ­նը չխզել, բայց երբ այ­լեւս, հետզ­հե­տէ զզուե­լի ըլ­լալ կը սկսին այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ սի­րոյ տե­ղը կը գրա­ւէ ա­տե­լու­թիւ­նը, նեն­գամ­տու­թիւ­նը, մտեր­մու­թեան տե­ղը կը գրա­ւէ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, ան­կեղ­ծու­թիւ­նը անմ­տու­թիւն կը հա­մա­րուի, բա­րե­կամ­ներ ի­րա­րու հետ կը վա­րուին միշտ յե­տին նպա­տակ­նե­րով, ո՞վ է բա­րե­կա­մը, ո՞վ է հա­կա­ռա­կոր­դը, այ­լեւս ան­հասկ­նա­լի կը դառ­նայ, հի՜ն բա­րե­կամ կար­ծուած­նե­րը նոր ո­խա­կալ­ներ, թշնա­մի­ներ կը հան­դի­սա­նան, եւ մարդ կը յու­սալ­քուի, կը նա­խընտ­րէ ա­ռանձ­նու­թիւ­նը՝ բա­ւա­րա­րուե­լով հա­զիւ մի քա­նի ան­կեղծ եւ հա­ւա­տա­րիմ, ճշմա­րի՛տ բա­րե­կամ­նե­րու մտեր­մու­թեամ­բը։ Եւ ի՜նչ մեծ հա­ճոյք է վա­յե­լել ան­կեղծ, ճշմա­րիտ, ի­րաւ բա­րե­կա­մի մը բա­րե­կա­մու­թիւ­նը՝ բաժ­նել ա­նոր հետ ամ­բողջ օր մը, բաժ­նել ա­նոր հետ յի­շա­տակ­ներ, գա­ղա­փար­ներ, խոր­հուրդ­ներ եւ խօսք՝ ա­մէն մէ­կը ի­մաս­տա­լից եւ օգ­տա­կար, ա­մէն մէ­կը ի­մաս­տու­թեամբ լե­ցուն, կեան­քին ի­մաս­տը սոր­վեց­նող, ա­ռիթ տա­լով խոր­հե­լու, թէ՝ ե­րա­նի՜ որ բա­րե­կամ մը մնա­ցեր է «բա­րե­կամ կար­ծուած» դի­մա­կա­ւոր նեն­գա­միտ­նե­րու մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 11, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017