ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Կան մարդիկ, որ իրենք լուսամիտ են եւ հմուտ, եւ նաեւ հեռատե՛ս։ Ահաւասիկ այս տեսակ մարդիկ ունին պայծառատեսութիւն, որ մարդուս խորհիլ կու տայ, թէ այդ յատկութիւնը ստացակա՞ն է, թէ բնատուր։ Բայց երբ այդ յատկութեան կը միանայ գիտութիւն եւ փորձառութիւն, այն ատեն անիկա ստացական է, քանի որ գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը ժառանգական չեն, մարդ գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ չի ծնիր։
Սակայն լուսամիտ ըլլալ, պայծառատես ըլլալ ընդոծին յատկութիւններ են, քանի որ մարդ չի սորվիր լուսամտութիւն եւ պայծառատեսութիւն, այլ զանոնք կը զգայ իր հոգիին մէջ, կը ձեւաւորէ մտքին մէջ եւ ըստ այնմ կ՚ապրի, կենցաղավարութիւն մը կ՚ըլլայ անոնք իրեն համար։
Եւ մարդ կը կատարելագործէ, գիտակցութիւն կ՚աւելցնէ իր լուսամտութեան եւ պայծառատեսութեան վրայ՝ գիտութիւն եւ փորձառութիւն բարդելով անոնց, հետզհետէ զարգացնելով զանոնք։ Ուստի կարելի է ըսել, թէ՝ լուսամտութիւնը եւ պայծառատեսութիւնը աւելի գիտակցական բնոյթ մը կ՚առնէ գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ։ Եւ ահաւասիկ, գիտութեան եւ փորձառութեան կարեւորութիւնը հո՛ս է՝ ընդոծին կարգ մը յատկութիւններ անոնց շնորհիւ կը կատարելագործուին, կը ձեւաւորուին եւ աւելի եւս արժէք կը ստանան, աւելի օգտագործելի կը դառնան։
Զոր օրինակ, մէկու մը գեղեցիկ ձայնը, ընդաբոյս յատկութիւն մըն է, եւ սակայն ան կատարելագործուելու համար կրթութեան կը կարօտի, գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ ան աւելի օգտագործելի կը դառնայ եւ կը ձեւաւորուի, ինքնութիւն կը ստանայ։ Գեղեցիկ ձայն մը, ուրեմն բնական է եւ ընդոծին յատկութիւն, բայց կրթուած գեղեցիկ ձայնը ստացական է՝ բնածինին զարգացածը, կատարելագործուա՛ծը։ Ուրեմն, բնատուր յատկութիւններ՝ ստացական յատկութիւններով, այսինքն կրթութեամբ, գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ կը կատարելագործուին։ Այսպէս, բնականը ստացականը միանալով՝ յատկութիւն մը աւելի կը զարգանա՛յ։
Այս ուղղութեամբ՝ ուսումնասիրութիւնը երբ կատարուի ուժեղ իմացականութեամբ, զոր օրինակ, զօրաւոր յիշողութեամբ, առողջ դատողութեամբ, պայծառ ըմբռնումով արդիւնաբեր կ՚ըլլայ եւ օգտակար, քանի որ բնականը կը միանայ ստացականին։
Եւ ահաւասիկ իր բնատուր յատկութիւնները միացուցած ստացական զօրութիւններու, մարդ շատ աւելի օգտակար կը հանդիսանայ իր շուրջիններուն եւ համայն մարդկութեան՝ որքանին որ կրնայ հասնիլ։
Բնականը եւ ստացականը ներդաշնակող միտքեր կշիռ կ՚ունենան թէ՛ իրենց մտածումներուն, թէ՛ խօսքերուն, եւ թէ՛ արարքներուն, գործերուն մէջ։
Եւ այդ տեսակի մարդիկ հեղինակութեան տէր կը դառնան՝ տպաւորիչ, առաջնորդող եւ լուսաւորող, մէկ խօսքով օգտակար տարր մը կ՚ըլլան ընկերութեան։ Եւ այս առաւելութիւններուն հետ, անոնք կ՚ունենան նաեւ զանազան հարցերու, խնդիրներու մէջ հեռատեսութիւն, պայծառատեսութիւն, որուն արդիւնք կ՚ըլլայ՝ հաստատ համոզո՛ւմ։ Եւ այն որ որոշ եւ հաստատ համոզումի տէր է, սկզբունքներուն հաւատարիմ, իր հաւատալիքներու մէջ անշեղ, հաստատամիտ եւ նոյնքան լուսամիտ եւ լայնախոհ, թէեւ ո՛չ անսխալ, բայց ընդհանրապէս ճիշդ կանխագուշակութիւններ կ՚ընէ, եւ այդ կերպով օգտակար կը հանդիսանայ ընկերութեան։
Եւ այս կարողութիւններով, յատկութիւններով ու առաւելութիւններով օժտուած մէկը չի կրնար ազդեցութիւն չգործել հանրութեան վրայ եւ իսկական իմաստով առաջնորդ ըլլալ անոր։
Բնատուր եւ ստացական յատկութիւնները միացնող անձերու մեծագոյն արժանիքներէն մին ալ, անոնց անկախաբար գործելն է։ Եւ անկախաբար աշխատելու հետեւանք՝ մեծ ծառայութիւններ կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել, առանց այս կամ այն հոսանքէն ազդուելու, եւ երբեմն առանց շեղելու պարտաւորութիւնը զգալու զանազան միտքերու միջամտութեան պատճառով։
Տաղանդը որքան բնածին է, նոյնքան ստացական՝ կրթութիւնը, գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը, քանի որ լոկ տաղանդը ո՛չինչ պիտի արժէր եթէ անոր ուղղութիւն մը, հեղինակութիւն մը չտրուէր։ Թէ ի՞նչպէս կարելի է զարգացնել, գործնականի եւ կեանքի վերածել տաղանդը, կրթութեամբ, դաստիարակութեամբ՝ որոնք կը կենդանացնեն, կեանքի կը վերածեն զայն։
Կեանքին զանազան զբաղումներովը խճողուած մարդը, անշուշտ, եւ միշտ տեսանելի օգուտին, շահուն կը նայի, շատ ալ կարեւորութիւն չ՚ընծայեր բարոյական արժէքներու, գաղափարներու, սկզբունքներու եւ կ՚անտեսէ զանոնք։ Մինչդեռ կեանքը միայն տեսնուածը չէ, «կեանք» իրողութեան ետին կայ ամբողջ աշխարհ մը, երեւայական կամ իրական միջավայր մը։ Եւ մարդոց դժուար է բացատրել «երկնային կեանք»ը, դժուա՛ր, քանի որ մարդ կը դժուարանայ ըմբռնել «երկրային կեա՛նք»ը, եւ շատ անգամ չի՛ հաւատար նոյնիսկ իր տեսածին, չի հաւատար իր աչքերով վկայածին։
Այս իրականութիւն մըն է՝ մարդ, շատ ալ միտք չի յոգնեցներ վերացական նիւթերու մասին, ան կը հաւատայ անոր՝ որ տեսանելի է, եւ նոյնիսկ երբեմն ալ անոր իսկ չի՛ հաւատար…։
Կեանքի ընդհանուր ընթացքին մէջ աւելի սովորական եւ գործնական վարժութիւնները՝ զոր օրինակ, հագուելու, խօսելու, ուտելու նման պարզ ունակութիւններ, եւ կամ կենցաղագիտական սովորութիւններ, աւանդութիւններ, մաքրասիրութեան, առողջապահական կանոններու նման անհրաժեշտ պահանջներ, եւ ընդհանուր բարեկարգութեան եւ փափկավարութեան նման զարգանալու հակամէտ ձիրքեր. ասոնք եւ ասոնց նման կրթութեան, դաստիարակութեան վարժութեամբ եւ միջավայրի առաւելութեամբ կատարելագործուելու ընդունակ բանաւոր եւ օրինաւոր պայմաններ, ինչպէս զարգանալու՝ նոյնպէս վատասերելու հակամէտ են։
Զանց ըրէ մշակել զանոնք։ Անտեսէ անտարբերութեամբ, անհոգ գտնուէ անոնց նկատմամբ. աննպաստ պարագաներու, անյարմար միջավայրի կամ յոռի վարժութեան հետեւանքով մոռցիր զանոնք, եւ ահա այդ վայրկեանէն վատասերումը կը սկսի, եւ չես գիտեր, թէ ո՛ւր կանգ պիտի առնէ։
Եւ ուրեմն, մա՛րդ պէտք չէ վստահի եւ ապաւինի միա՛յն իր բնատուր յատկութիւններուն, տաղանդին եւ ձիրքերուն, այլ պէտք է մշակէ, զարգացնէ զանոնք, որպէսզի անոնք կատարելագործուին եւ օգտակար ըլլան ամէնուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 19, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024