ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԸ ԵՐԷԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԼԵՒՈՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը երէկ փայլուն արարողութիւններով նշուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Զէքիեան Գերապայծառ։ Այս յոբելեանին բերումով Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը ունեցաւ յատկանշական շաբաթավերջ մը։ Հոգեգալստեան տօնին զուգադիպած արարողութիւններուն ընթացքին պատարագիչ Զէքիեան Գերապայծառին առընթերակայ էին Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Միքայէլ Վրդ. Ուչար։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Հայկարամ Քհնյ. Չէքիճեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան եւ այլ դպիրներ։ Ներկայ էր նաեւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։

Վատիկանի ներկայացուցիչ Մոնս. Աքաթոնէի գլխաւորութեամբ քոյր եկեղեցիներէ եւ քաղաքիս զանազան յարանուանութիւններէն ներկայացուցիչներ մասնակցութիւն բերին հանդիսութիւններուն։ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները, նաեւ այլ բազմաթիւ հիւրեր մասնակցութիւն բերին Զէքիեան Գերապայծառի գոհաբանական Ս. Պատարագին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Լեւոն եւ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցիներու երգչախումբերու համատեղ կազմին կողմէ՝ Արեգ Տոլտուրեանի ղեկավարութեամբ։

Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Զէքիեան Գերապայծառի յոբելեանին առթիւ ուղարկուած շնորհաւորականը։ Նոյն առթիւ Զմմառի վանքէն ալ ուղարկուած էր շնորհաւորական մը՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ։ Այս շնորհաւորականներու ներկայացումէն վերջ յոբելեար Զէքիեան Գերապայծառ տուաւ օրուան պատգամը, որու աւարտին իրեն նուէրներ յանձնուեցան Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան զանազան կառոյցներու անունով։ Յուշանուէր մը պատրաստուած էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան կողմէ եւ այդ մէկը յանձնեցին մատակարար մարմնի ներկայացուցիչները։ Իր կարգին, Զէքիեան Գերապայծառն ալ նուէրներ յանձնեց եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց այն մանուկներուն, որոնք կը մասնակցին Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ աշխատանքներուն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Այս փուլին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը ի պատիւ Զէքիեան Գերապայծառին, որուն ուրախակից եղան բոլորը՝ փոխանցելով արեւշատութեան մաղթանքներ։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017