«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵԼՈՅԹԸ

Շիշ­լիի «Նա­զըմ Հիք­մէթ» մշա­կոյ­թի եւ գե­ղա­րուես­տի տան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­ռաջ­նորդ» պա­րա­խում­բի ե­լոյ­թը։ Ե­րե­կոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան գեղա­րուես­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րին մէջ։ Խան­դա­վառ հան­դի­սու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան եւ բազ­մա­թիւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­ներ։ Ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Մե­լի­սա Թաշ­ճեան։ «Ա­ռաջ­նորդ»ի պա­րու­սոյց Նա­թա­լին Պոզ Եըլ­մազ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց Վազ­գէն Պա­րը­նին եւ Ա­րաս Մա­նու­կեա­նին, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը բե­րած էին ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։

Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան «Ա­ռաջ­նորդ»ի ան­դամ­նե­րը զա­նա­զան ո­ճե­րով պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին, իսկ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին բո­լո­րը միաս­նա­բար հան­դէս ե­կան բե­մին վրայ։ Հան­դի­սա­տես­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին «Ա­ռաջ­նորդ» պա­րա­խում­բի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ 

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին պա­րու­սոյց Նա­թա­լին Պոզ Եըլ­մազ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ բազ­մա­թիւ ներ­կա­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք փո­խան­ցե­ցին ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու գնա­հա­տան­քը։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017