ՆՈՒԻՐՈՒՄ ԵՒ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆ
Սփիւռքահայ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ Յակոբ Չոլաքեան վերջին տարիներուն իր գործօն մասնակցութիւնը ունի Հայաստանի գիտական, գրական, պատմագրական, լեզուական միջավայրի կերտման: Ծնած է Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապի գաւառի Քարատուրան գիւղը, նախնական կրթութիւնը ստացած է ծնըն-դավայրին, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Լիբանանի Այնճար հայ աւանին մէջ: Քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրած է Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքը (1973)։ 1973 թուականին կրկին դասաւանդած է Այնճարի եւ Պէյրութի վարժարաններէն, իսկ 1976-2012 թուականներուն՝ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս: 1982-1988 թուականներուն դասախօսած է տեղւոյն Մխիթարեան հայագիտական բարձրագոյն դասընթացքներուն, իսկ 1996-2012 թուականներուն՝ Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս։
2014 թուականին՝ քեսապահայութեան տեղահանումէն ետք, ընտանեօք տեղափոխուած է Երեւան եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան ու ազգագրութեան եւ Լեզուի հիմնարկներէն ներս, կը դասախօսէ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Յակոբ Չոլաքեան նաեւ մասնակցութիւն կ՚ունենայ Սփիւռքի եւ Կրթութեան նախարարութիւններու ծրագիրներուն, որոնք կը վերաբերին արեւմտահայերէնին, սփիւռքահայութեան կրթական հարցերուն եւ սուրիահայերու խնդիրներուն:
Երեւանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ 2002 թուականին ստացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուական, իսկ 2016 թուականին կատարած է տոքթորական պաշտպանութիւն:
Հրատարակած է պատմա-ազգագրական շարք մը ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս՝ «Քեսապ» (հատոր՝ 1, 2 եւ 3, 1995-2004, Հալէպ), «Քեսապի ժողովրդական երգարուեստը» (1980, Հալէպ), «Քեսապի բարբառը» (1986, Հալէպ, լրամշ․ հրտ․՝ 2009, Ե), «Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը (պատմաազգագրական ուսումնասիրութիւն)» (2006, Անիթլիաս), «.Ցամքած աղբիւրը նորէն կը բխի» (1981, Հալէպ), «Քարէն Եփփէ հայ գողգոթային եւ վերածնունդին հետ» (2001, Հալէպ), «Միջգաւառական անեքթոտներ» (1988, լրամշ․ հրտ․՝ 2005, Հալէպ)։ Հեղինակ է սփիւռքահայ դպրոցի նուիրուած յուշամատեաններու. «Յիսնամեակ Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի, 1947-1997» (1997, Հալէպ), «Ութսունամեակ Հալէպի ազգային Սահակեան վարժարանի, 1927-2007» (2007, Հալէպ), «Ոսկեմատեան Քուէյթի ազգային վարժարանի, 1961-2011» (2011, Քուէյթ), «Տարեգրութիւն Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանի, 1923-2013», (2016, Հալէպ)։
Կազմած է՝ 6-ական դասագիրքեր, սփիւռքահայ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու համար՝ «Հայերէնի դասագիրքս» (1989-1994, Հալէպ) եւ «Անդաստան» (2008-2014, Հալէպ)։ Ունի աւանդական ուղղագրութեան ու արեւմտահայերէնի վերաբերեալ շարք մը ուսումնասիրութիւններ:
Յակոբ Չոլաքեանի վերջին գիրքն է՝ «Քեսապի երեք օրերը» (2014, Երեւան), որ ականատեսի վկայութիւնն է 21-23 Մարտ 2014 թուականին տեղի ունեցած Քեսապի գաւառի ամբողջական հայաթափման:
Ունի բազմաթիւ յօդուածներ սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլին եւ գիտական ժողովածոներու մէջ:
Վերջերս Յակոբ Չոլաքեան մեկնեցաւ Պոլիս, ուր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան խրախուսմամբ եւ Կրթական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, 2016-2017 շրջանի աւարտին անցուց վերապատրաստութեան կարեւոր դասընթաց մը, որու աւարտէն ետք Հայաստան վերադարձին հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
-Պարոն Չոլաքեան, ի՞նչ մանրամասներ կը ներկայացնէք Պոլսոյ ձեր այցէն:
-Պոլսոյ Ուսուցչաց միութեան Կրթական յանձնախումբին հրաւէրով Յունիսի 12-23 թուականներու միջեւ եղայ Պոլիս՝ հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներուն հետ հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասաւանդման շուրջ աշխատանքներ կատարելու: Մեր հանդիպումները եղան «Հրանդ Տինք»ի անուան հիմնարկին մէջ, օրական երեք ժամ նախակրթարանի, երեք ժամ ալ լիսէի ուսուցիչներուն հետ: Իւրաքանչիւր հանդիպում ունէր հիմնականին երեք նիւթ՝ ուսուցման մեթոտական հարց մը, տիպար դասի ներկայացում մը, լեզուական հարցի մը քննարկումը: Փորձեցի տիպար դասի ներկայացման մէջ ապահովել նաեւ ուսուցչուհիներու գործակցութիւնը:
Կազմակերպչական տեսակէտէ ամէն ինչ անցաւ կարգապահ, բնական ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ՝ այս գործին պատասխանատու Տիկին Նաթալի Պաղտատ Թուրաչի աչալուրջ ղեկավարութեան եւ կարգադրութիւններուն շնորհիւ:
-Ի՞նչ տպաւորութիւններով աւարտեցիք ձեր աշխատանքները:
-Մտորումներուս մէջ անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ մանկավարժութեան մէջ յաջողութեան երեք գործօններ կան, նախ՝ ենթակայի նուիրումը, զոր այս պարագային կոչում կ՚անուանէք. ուսուցիչը կը հաւատայ իր գործի կարեւորութեան, կը սիրէ իր աշակերտները ու կը յարգէ զանոնք, որովհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ մեր կեանքին մէջ մեզմէ մէկն է, մեր անձէն տարբեր ու մեր անձէն աւելի կատարեալ ըլլալու կոչուած անհատականութիւն. երկրորդ՝ պէտք է զինուած ըլլայ մեթոտական հիմնարար ծանօթութիւններով, որոնցմով պիտի կարողանայ ճիշդ վարել ուսուցման աշխատանքը եւ վերջապէս՝ հմուտ ըլլայ իր նիւթին, այս պարագային՝ արեւմտահայերէնի մէջ:
Տպաւորութիւնս տարբեր է նաեւ անոր համար, որ պոլսահայ ուսուցիչը կը զգացնէ, որ մինակ չէ իր գործին մէջ, ինչպէս շատ անգամ մենք կը զգանք Սփիւռքի մէջ: Մինակութիւնը ամենէն աւերիչ զգացումն է հայերէնի ուսուցման պարագային: Մենք հոս ունինք 16 ամէնօրեայ դպրոց, Ուսուցչաց միութիւն եւ Ուսուցչաց հիմնարկ, եւ որ ամենէն կարեւորն է, որ հոս ամէն ոք կը կրէ այն կենդանի աւիշը, որ կու գայ արեւմտահայ մշակութային ու կրթական մայրաքաղաքէն՝ Պոլիսէն: Ասիկա պատասխանատուութեան տանող եւ ուժ ներշնչող գիտակցութիւն է, այդ գիտակցութիւնը ինքնեկ է, վարակիչ, ամէն պարագայի՝ մեծ առաւելութիւն է: Ես զգացի, որ պոլսահայ ուսուցիչը այդ պատասխանատուութեան առջեւ կը զգայ ինքզինք ու միեւնոյն ատեն կը զինուի անով:
-Հայերէնի ուսուցչուհիները Պոլսոյ մէջ ի՞նչ հարցերով կը տագնապին:
-Պոլսոյ մէջ մեր ուսուցչուհիները, որքան գիտեմ, ունին ուսուցման մեթոտական բարձրագոյն կրթութիւն՝ շատերը Պոլսոյ Ուսուցչանոցէն շրջանաւարտ ըլլալով: Ասիկա կարեւոր ձեռքբերում է: Այդպէս են նաեւ հայերէնի ուսուցչուհիները: Սակայն Սփիւռքի մեր նախակրթարաններու հայերէնի ուսուցիչներու հայերէնի իմացութիւնը կը սահմանափակուի երկրորդական վարժարանէ մը շրջանաւարտ ըլլալու հանգամանքով առհասարակ. ասիկա անբաւարար կը նկատուի. չմոռնանք, որ շատ անգամ արեւմտահայերէնի մէջ ուսուցիչի հմտութիւնը երբեք կախեալ չէ իր ակադեմական տիտղոսներով ու վկայականներով: Կան շատեր, որոնք շատ աւելի կ՚արժեն, քան բարձրագոյն վկայական մը ունեցողը: Բայց ամէն պարագայի անհրաժեշտ է մասնագիտական կրթութիւնը: Երեւանի մանկավարժականէն կամ բանասիրականէն շրջանաւարտ ուսուցիչներու թիւը շատ քիչ է մեր իրականութեան մէջ, գոնէ կրթական մարզին մէջ: Ատոր համար սփիւռքեան մեր կարգ մը գաղութները, որոնք ունին տասնեակէ մը աւելի կրթարաններ, ստեղծած են անպաշտօն հայագիտական հիմնարկներ, որոնք պետական ճանաչում չունին, բայց երեկոյեան երկամեայ կամ քառամեայ դասընթացքով մը կը զինեն մեր ուսուցիչները (եւ ոչ միայն), ու ազգային իշխանութիւնները կը գնահատեն այդ յաւելեալ պատրաստութիւնը: Այդպէս է, օրինակ, Հալէպի Հայագիտական հիմնարկը, այդպէս էին Պէյրութի Հիւսիսեան եւ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկները: Երբ մենք կը հաւատանք հայ դպրոցի դերին՝ պէտք է մտածուի արեւմտահայերէնի հմուտ ուսուցիչ (ոչ միայն) պատրաստելու կարեւորութեան մասին եւս: Այդպէս եղած է միշտ, այդպէս պէտք է ըլլայ մանաւանդ հիմա: Այդպիսի նախապատրաստութիւն ո՛չ միայն հմտութեան կ՚առաջնորդէ ուսուցիչը, այլեւ ինքնավստահութիւն կը շնորհէ անոր: Ինքնավստահութի՛ւն. բան մը, որ քիչ կը գտնենք մեր հայերէնի ուսուցիչներուն մէջ:
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ դպրոցի իրողութիւնը Պոլսոյ մէջ:
-Հրաշալի է մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ դպրոց պահելու փաստը։ Ամէնօրեայ դպրոցը մեր ինքնութեան ամրոցը եղած է եւ է՛, միեւնոյն ատեն տուեալ երկրին գիտակից ու բանիմաց քաղաքացիներ պատրաստող օճախ: Ես բաւական լաւ կը ճանչնամ մեր ամէնօրեայ դպրոցները։ Միշտ վախով բացուած են անոնք, մանաւանդ երկրորդականները, բայց միշտ ալ երկրի լաւագոյն դպրոցներու շարքին գտնուած են: Տեսէք, օրինակ, Քուէյթի մեր ամէնօրեայ դպրոցը. ինչ մեծ բարիք եղաւ մեզի համար անիկա։ Հետեւաբար միօրեայ դպրոցներով մխիթարուող մեր գաղութները պէտք է լաւ գիտնան, որ մեր բոլոր հնարաւորութիւնները պէտք է ի սպաս դրուին ամէնօրեայ դպրոց հիմնելու, ամէնօրեայ դպրոցները պահելու հրամայականին: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն մենք թերացումներ ունեցանք ամէնօրեայ դպրոցներուն նկատմամբ. մեր հայրենիքի անկախացումը գինովցուց մեզ: Տեսէ՛ք, երբ մենք մեր ամէնօրեայ դպրոցը կորսնցնենք, կը կորսնցնենք նաեւ մեզ դէպի հայրենիք տանող ճամբաները: Ես նկատի ունիմ մեր սերունդները… Պոլսոյ հայկական դպրոցներու գոյատեւումի փաստը բարացուցական պէտք է ըլլայ Սփիւռքի համար, օրինակելի՛՝ նախկին խորհրդային երկիրներու քանի մը միլիոննոց գրեթէ դպրոցազուրկ հայութեան համար եւս:
-Ուրիշ ի՞նչ մտահոգութիւններ զգացիք այնտեղ:
-Ուրիշ մտահոգութիւն մըն ալ, որ համագաղութային է արդէն, օտարախօսութիւնն է դպրոցականներու մէջ։ Այդ երեւոյթը շատ անգամ կու գայ ընտանիքէն ու, որքան ալ տարօրինակ թուի, կը տարածուի դպրոցին մէջ: Ամէնօրեայ հայ դպրոցին պարտաւորութիւնն է առօրեայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ օտարախօսութեան յաղթահարումը, բայց եթէ ատիկա միայն հայերէնի ուսուցիչին պարտականութիւնը նկատուի, բնականաբար պիտի ձախողի, ու հայերէնն ալ դառնայ ոչ ցանկալի դասապահ: Ասիկա հայ դպրոցի կրթավարական ընդհանուր մարտավարութիւնը պէտք է նկատել. ատոր համար պէտք է լծակից ըլլան բոլոր ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները, այսինքն՝ մարզանքի, արուեստի, երաժշտութեան ուսուցիչները, բոլորը, ներառեալ օթօքարի վարորդն ու դռնապան հայրիկը. դպրոցը ընտանիք մըն է: Ամէնօրեայ դպրոցը մեթոտական լուրջ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնելու է այս պարագան ու մշակելու է բնական ու խանդավառ միջոցներ հայերէնախօսութիւնը եւ բառապաշարի հարստացումը հայերէնի դասապահերէն դուրս տարածելու համար:
-Կ՚ըսեն՝ Իսթանպուլ այցելողը երկու քաղաք կը տեսնէ… Դուք ինչպէ՞ս տեսաք Իսթանպուլը:
-Այո, Պոլիսը նաեւ միջավայր է: Ու մեր շուրջը կայ երկու քաղաք. մէկը «մերին Պոլիսն» է՝ իր պատրիարքարանով, եկեղեցիներով, դպրոցներով, հայկական հիմնարկներով, փողոցներով, թաղերով, տուներով, գերեզմանատուներով, ու այդ բոլորին շունչ տուող հայ զանգուածով, որ կրնայ միատարր չըլլալ. մենք հիմա ո՞ւր միատարր ենք որ… Գալիֆորնիո՞յ, թէ Գանատայի մէջ, թէ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ։ Պոլսոյ մէջ ալ այդպէս է, բայց կայ մեզ բոլորս իրարու բերող, իրարմով գօտեպնդուիլ տուող ազգային գիտակցութիւն մը, որ կրնայ յարութիւն տալ բոլոր կորսուած արժէքներուն… Ինծի համար բացառիկ երեկոյ մը եղաւ վաքըֆցիներու տան մէջ իմ հանդիպումս, ես՝ քեսապցի, իրենք՝ Լեռնէն հեռացած հայրենակիցներ, երգեցինք մեր բարբառով, արտասանեցինք մեր խաղիկները, խօսեցանք մեր գեղերէն ու աւանդութիւններէն, ու զգացինք, որ մենք միեւնոյնն ենք ու յուզուեցանք մեր հանդիպումին առթած երջանկութեամբ… Այո, ասիկա մերին Պոլիսն է, ուր ամէն օր հայեր կը յայտնաբերեն զիրար:
Միւսը Իսթանպուլն է, մեծ քաղաքը…
«Մեծ-մեծ շէնքերը քանի կը շատնան
Քաղաքն ալ այնքան մեծի հով կ՚առնէ»
(Զահրատ)…
Թերեւս իւրաքանչիւր պոլսեցի կ՚ապրի այս երկուութիւնը…
-Հաւանաբար հանդիպեցաք նաեւ հայ գրականութեան պոլսահայ ներկայացուցիչներուն։ Իսկ նոր սերունդի գրական հնարաւորութիւնները ինչպէ՞ս կը տեսնէք:
-Պոլսոյ մէջ իմ առաջին հանդիպումներս եղան մեր թերթերուն հետ, այցելեցի ԺԱՄԱՆԱԿ, «Մարմարա», երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթ: Մենք առաւելաբար անոնց միջոցով կը ճանչնանք հայութեան այդ զանգուածը՝ անոր կրթական, եկեղեցական, հանրային, մշակութային երեսները, անոր տագնապները: Հսկայ դեր ունի մամուլը մեր գաղութային կեանքին մէջ, պոլսահայ մամուլը՝ առաւել եւս:
Պոլիս ըլլալ եւ սփիւռքահայ գրականութեան երէկի եւ այսօրուան սիրելի անուններու հետքերով չըլլալ՝ անկարելի է, չապրիլ մտաւորականութեան յուզումներով՝ անկարելի է: Փողոցներուն մէջ քեզի կը հասնին Զարեհ Խրախունիի եւ Զահրատի հոգեթով փսփսուքները, աչքիդ առջեւ կարծես կը թերթատես Մնձուրիի սեւ-ճերմակ պատկերներ յիշեցնող պատմուածքները. մայթին վրայ, ուր մեր ինքնութիւնը արժանապատիւ կերպով ապրելու կոչով ու պահանջքով ինկաւ Հրանդ Տինք, ներբաններէդ դէպի ուղեղդ խուժող անոր տաք շունչը կը զգաս: Այո, դեռ հոն է մերօրեայ սփիւռքահայ արձակի վարպետը՝ Ռ. Հատտէճեանը, հայ բանաստեղծութեան մէկ ուրիշ սիրելի դէմքը՝ Իգնա Սարըասլանը ու դեռ… Եղայ «Արաս» հրատարակչատան գիրքերու աշխարհին մէջ, տեսայ Ուսուցչաց հիմնարկի, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրատարակութիւնները, ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» թերթերու հրատարակութիւնները, տեսայ անհատական լոյսընծայումներ… Գեղարուեստական երկեր, հայագիտական ուսումնասիրութիւններ, խիստ այժմէական վերահրատարակութիւններ, բառարաններ, դպրոցականներու յատուկ հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ…
Երիտասարդ ուսուցչուհիներու կողմէ պատրաստուած առօեայ ընթերցարաններ…
Փաստ է, որ մենք շատ քիչ, երբեմն երբեք չենք ճանչցած մեր կարելիութիւններն ու կարողութիւնները ու ատոր համար ալ եղերամայրերու նման կու լանք արեւմտահայերէնի կորուստը…
Արեւմտահայերէնը ապրող ու ստեղծագործող լեզու է: Մեր իրականութեան մէջ չափազանց թոյլ է գրատարածի աշխատանքը, անկազմակերպ: Մենք գրեթէ տեղեակ չենք, թէ հրատարակչական ինչ աշխատանքներ կան Սփիւռքի այս կամ այն գաղութին մէջ: Հայաստանը շատ ու շատ աւելի պարտաւոր է Սփիւռքը ճանչնալ… Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չունենալ, գոնէ յայտնի գրախանութի մը մէկ պատը, ուր ցուցադրուած ըլլան սփիւռքեան բոլոր հրատարակութիւնները. հոն ոչ միայն հայրենաբնակ ընթերցասէրը, այլ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներն ալ առիթ պիտի ունենան տեսնելու, ճանչնալու սփիւռքեան հրատարակութիւնները ու հանդիպին իրենց նախասիրութեան… Ասիկա կամ ասոր նման բան մը ես կը նկատեմ մեր երկու զանգուածներուն, մեր երկու գրական լեզուներու մերձեցման նախադրեալներէն մէկը: Պատահական ձեռքբերումներով պէտք չէ գոհանալ:
-Ինչքանո՞վ պոլսահայեր կը կարեւորեն Հայաստանի հետ կապը եւ դո՞ւք ինչքանով կը կարեւորէք անոնց ամուր կապի հանգամանքը՝ Մայր Հայրենիքին հետ:
-Ապրուող ճշմարտութիւններ կան, որոնք խօսք չեն վերցներ: Հայրենիքի հետ կապը ինքնեկ պահանջք մըն է, կայ: Հարցուցէ՛ք պոլսահայ զբօսաշրջիկներու, ուսանողներու, մտաւորականներու, գործիչներու, որոնք կը տեսնէք Երեւանի մէջ: Փաստ է, չէ՞, Հինդլեան վարժարանը սահմանային մէկ գիւղին մէջ պոլսահայութեան իրագործումն է , եւ ոչ միայն ատիկա… Բայց ինչո՞ւ թղթակիցները կը սիրեն այս հարցումով դիմել իրենց զրուցակիցներուն: Հակառակին պէս բանի մը մասին հարցում ձեւակերպեցէք, օրինակ՝ Հայաստա՛նը ինչ պատկեր կը ստեղծէ գաղթահայու աչքին օտարներու մէջ… Ի՛նչ կը մտածէ գաղթահայը Հայաստանի մասին, երբ իր շուրջը օրէ օր կը շատնան հայրենիքէ հեռացած իր ազգակիցները…
-Պարոն Չոլաքեան, ուրկէ՞ ձեր մէջ առաջացած է հայերէնի հանդէպ սէրը եւ դուք ինչպէ՞ս ձեր ուսանողներուն եւ աշակերտներուն սիրցնել կու տաք լեզուն:
-Միտքէս չէ անցած հայերէնը սիրելը, որովհետեւ հայերէնը ես եմ, առանց անոր չկամ ես, կամ հայերէն չկայ առանց ինծի: Հայերէնը իմ ինքնութիւնս է, որ հազարամեակներէ կու գայ, ու հազարամեակներու թռիչք կատարելու կենսունակութիւն ունի: Դուն ալ, ան ալ, բոլորս այսպէս պիտի խորհինք, եթէ վերլուծենք:
Շուրջ յիսուն տարիէ ուսուցիչ եմ, բայց խոստովանիմ, որ միշտ վախով մտած եմ դասարան ու ձախողած աշակերտի նման դուրս ելած եմ անկէ: Ինծի կը թուի, թէ ես չեմ կրցած հասնիլ աշակերտի միտքին եւ հոգիին, իսկ եթէ աշակերտներս սպասած են հայերէնի դասապահերը, անկէ է, որ հաւանաբար հոն է, որ կրցած են արտայայտել իրենց ներաշխարհը, արտայայտել իրենց ինքնութիւնը, հայերէնով պատմել իրենց առօրեան: Հայերէնի պահերը դպրոցին մէջ ինքնաճանաչման պահեր են, հայերէնով ինքզինքդ պեղելու եւ բացայայտելու պահ, որ անպայման կը շարունակուի դասարանէն դուրս եւս: Ատով՝ հայերէնը կը դառնայ ամենէն ցանկալի դասապահը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024