ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ «ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան կայացաւ մշակոյթին ձեռնարկ մը, զոր պատրաստած էին թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ուսուցչաց կազմն ու աշակերտութիւնը: Հայ գրականութեան տարբեր ժամանակաշրջաններէն ու շրջանակներէն գրողներ, արձակագիր թէ բանաստեղծ, ի մի բերուած էին՝ կեանքի վերաբերեալ իրենց պատգամներով, փորձառութեամբ ու խորհուրդներով:
«Կեանք» անունով հանրակառք մըն էր բեմը, ուր մարդիկ կը յայտնուէին ու կ՚անհետանային, արտասանելով, պատգամելով իրենց միտքերը, ոմանք աւելի համարձակ, ոմանք նուազ, սակայն միշտ իմաստալից: Պոլսահայ գրականութեան ներկայացուցիչները կ՚երեւէին արեւելահայերու կողքին: Սակայն ո՛ւր որ ալ ըլլային գրականութեան ստեղծիչները, ե՛րբ ալ ապրած ըլլային, իրենց պատգամը ընդհանրական էր եւ մատչելի բոլոր մարդերուն:
Բեմին վրայ երեւցող աշակերտներուն չափ աշխատանք ու դեր կը կատարէին նաեւ երգչախումբին անդամները՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքոյ: Իրենց քաղցր ձայնը կը հարստացնէր բեմէն հնչած պատգամը:
Աշակերտական այս հանդէսը, որ երէկ օրուան մէջ բեմադրուեցաւ համայնքային վարժարաններէ ժամանած աշակերտութեան համար, իրիկունն ալ կրկնուեցաւ համայնքի արուեստասէր հասարակութեան առջեւ: Ներկաներու շարքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապես Սարգիս Քիւլէկէչ, Պէշիկթաշի քաղաքապետի խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, քոյր վարժարաններէ ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ:
Հանդէսի աւարտին արտայայտուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու յայտագրի մասնակիցներուն:
Երեկոյթը եզրափակեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ գնահատեց տղոց ու ուսուցիչներուն աշխատանքը եւ հայ մշակոյթը վառ պահելու իրենց ջանքը:
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024