ԲԱՑ ՈՒ ԳՈՑ ԷՋԵՐ…

Մուրատ՝ սեբաստացի նախկին ոսկերիչ, այժմ գծապատկերային արուեստով զբաղող հայ երիտասարդ մըն է, որ Պոլիս կը բնակի:

Մեծ քիթով, սեւ մօրուքով, ժամանակակից հագուստով, ականջին եւ շրթունքին՝ օղ, տեղացի անունով, հայու մականունով այս երիտասարդը այս օրերուն յայտնուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարային փառատօնի երեւանեան պաստառներուն վրայ…

Հայաստանցի երիտասարդ լրագրող, վաւերագրող եւ ժապաւէններու բեմադրիչ՝ Մարինէ Քոչարեան Պոլիս ծնած եւ բնակող Մուրատ Կոստանեանին ծանօթացած է Պոլսոյ մէջ, երբ որպէս լրագրող 2015 թուականին կը գտնուէր Պոլիս եւ կը մասնակցէր Եղեռնի 100-ամեակի ապրիլքսանչորսեան երթին: Մարինէն կ՚ըսէ, թէ Մուրատ զինք հետաքրքրած է առաջին իսկ պահուն, քանի որ զգացած է, թէ Մուրատ, հակառակ անոր որ կը քալէր ամբոխին հետ, բայց տեսակ մը առանձին էր եւ ինքզիք հեռու կը զգար այն մասնակիցներէն, որոնք նշանաւոր այդ երթին օրը կը քալէին: Մարինէ Քոչարեան զրուցելով հայ երիտասարդին հետ, հետաքրքրական բացայայտումներ ըրած է իրեն համար: Մուրատ ըսած է, որ այդ երթերն ու ցոյցերը ձեւական բաներ են, այնքան ալ կարեւոր չեն, եւ գաղտնիքի մը պէս յայտնած է, թէ ինք կապ չի զգար համայնքին հետ, եւ հակառակ որ ընկերներ ունի այդ շարքերէն ներս, բայց այդ բոլոր մարդոցմէ հեռու կը տեսնէր ու կը պատկերացնէր ինքզինքը:

Մարինէն, վերադառնալով Երեւան իր գործընկերոջ՝ լրագրող, վաւերագրող՝ Սօնա Քոչարեանին պատմած է Մուրատի մասին։ Անոնք նախապէս ալ փորձ ունէին շարժապատկեր նկարահանելու։ Այս անգամ կ՚որոշեն շարժանկար մըն ալ նկարահանել Մուրատին մասին: Մուրատ ձեւով մը խտացեալ կերպար թուացած է հայաստանցի լրագրողներուն: Անոնք հասկցած են, որ անոր միջոցաւ կարելի է դէմք մը կերտել, որ նոյն ձեւով մտածող շատ պոլսահայերու կերպարը կրնայ ըլլալ:

Սօնա եւ Մարինէ Քոչարեանները ծրագիր մը ներկայացուցած են Հայաստան-Թուրքիա շարժանկարային նախագծային հարթակին, յաղթած են, ստացած են դրամական օժանդակութիւն եւ սկսած են իրենց մտայղացած ժապաւէնի պատրաստութիւններուն:

Այստեղ, միջանկեալ կերպով նշենք, որ Հայաստան-Թուրքիա շարժանկարային հարթակը (ATCP) ստեղծուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մշակութային եւ շարժանկարային ասպարէզի կազմակերպութիւններուն միջեւ ամրագրուած համագործակցութենէ մը՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել ընդհանուր ցանց մը, որուն միջոցաւ երկու երկիրներու շարժանկարի գործիչները հնարաւորութիւն կը ստանան համագործակցելու եւ շարժանկարներ արտադրելու: Հիմնուելով արդէն նախկինին ունեցած իրենց փորձին վրայ, այս հարթակը հիմնած են Թուրքիոյ «Անատոլու քիւլթիւր» հիմնադրամն ու Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը՝ 2009 թուականի Ապրիլին՝ Իսթանպուլի 28-րդ միջազգային շարժանկարային փառատօնի «Հանդիպումներ կամուրջին վրայ» ծրագրի շրջանակներէն ներս:

Ահաւասիկ, Հայաստան-Թուրքիա շարժանկարային՝ արդէն ձեւաւորուած հարթակի աջակցութեամբ նկարահանուած է Մարինէ եւ Սօնա Քոչարեաններու (անոնք քոյրեր չեն, պարզապէս մականուններու, մտածողութեան եւ մասնագիտութիւններու համընկնում մը եղած է) «Մուրատ» շարժանկարը: Նկարահանման աշխատանքները տեւած են շուրջ երկու տարի:

«Մուրատ»ի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» 14-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի ժամանակ՝ բազմաթիւ հայ եւ օտար հանդիսատեսի ներկայութեամբ եւ իբրեւ վաւերագական շարժանկար, ան իրապէս առանձնացաւ փառատօնի միւս վաւերագրութիւններուն մէջ՝ յառաջացնելով լայն հետաքրքրութիւն:

Այս շարժանկարը ոչ միայն մէկ հոգիի՝ Մուրատ անունով հայու մասին է, այլ ան շարժանկար-ճամբորդութիւն է դէպի երկիր մը, քաղաք մը, ուր հազարաւոր Մուրատներ կը բնակին՝ տարբեր կենցաղներով, տարբեր մտածելակերպերով: Նաեւ Մուրատի ընկերներուն միջոցաւ բեմադրիչները փորձած են բացայայտել հայ երիտասարդը, որ կեցած է շատ հարցականներու առջեւ, ինքնութեան փնտռտուքի ճանապարհ մը կ՚անցնի եւ պատրաստ է խօսիլ այդ մասին: Ներկան ու անցեալը, յիշողութիւնն ու անտարբերութիւնը, ազգայինն ու համամարդկայինը իրարու խառ-նըւած են այս ժապաւէնին մէջ:

Ինչպէս Մուրատ, այնպէս ալ իր ընկերները ունին բազմաթիւ երազանքներ, որոնք քաղաքի ամէնօրեայ հեւքին մէջ մէյ մը կը փայլատակին, մէյ մը կը խորտակ-ւին, ինչպէս շարժանկարին մէջ կ՚երեւի, կը խառնուին այդ երազանքները թրքական սուրճին ու թէյին, քաղաքի անվերջ եռուզեռին, շոգենաւի՝ մէյ մը խաղաղ, մէյ մըն ալ՝ ճչացող ազդանշաններուն: Ինք՝ Մուրատ հայկական եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ եղած է, հոգեւոր մեծ կապ ունի իր կրօնքին հետ, բայց հնչող նամազին ձայնն ալ իր քովէն այնպէս չ՚անցնիր, խօսած պահուն, երբ հնչէ նամազին ձայնը, ան պահ մը կը դադրեցնէ իր խօսքը, կարծես մէկ վայրկեան կը միանայ այդ կանչին եւ ապա դարձեալ կը շարունակէ խօսքը: Հայկական եկեղեցի կ՚երթայ, հայ ընկերներ ունի, բայց ունի նաեւ թուրք եւ այլ ազգի ընկերներ ու բարեկամներ, որոնք նոյնքան սիրելի են իրեն…

Կ՚երեւի, որ Իսթանպուլը Մուրատին համար պարզապէս բնակութեան վայր մը չէ, ոչ ալ՝ ժամանակաւոր կացարան մը, այլեւ՝ հայրենիք է: Մուրատ, բազմաթիւ հայերու պէս հայրենիք կը զգայ Իսթանպուլը, եւ այդ մէկը կեղծ չէ, այլ ապրուած իրողութիւն մըն է, որ կը յստակացուի շարժանը-կարին մէջ: Շարժանկարը ստեղծողները մտածած են Մուրատը նաեւ Հայաստան տանիլ եւ հոն շարունակել նկարահանումները, բայց Իսթանպուլի մէջ ամբողջական զգացած են անոր կերպարը եւ ինք՝ Մուրատ, այնքան ալ խանդավառ չէ եղած Հայաստան երթալու, թերեւս անոր համար, որ չի գիտեր Հայաստանը, երբեք չէ գացած, հակառակ անոր որ շրջան մը սիրահարուած է հայաստանցի աղջկան մը… Մուրատ նաեւ զգուշաւոր մըն է, շատ հարցերու մասին չ՚ուզեր խօսիլ եւ բեմադրիչներն ալ պայման չեն դրած, ըսենք խօսիլ Եղեռնի կամ այլ հարցերու շուրջ, ազատ ձգած են հերոսը, որպէսզի ան կրցածին չափ անկեղծ ըլլայ: Հայկական հարցերը զգուշութեամբ մը դիտարկէ Մուրատ, դէմ է, որ հայերը պոռթկումներ ունենան՝ Հայաստան կամ Սփիւռքի այլ վայրերու մէջ, դրօշներ այրեն կամ նման քայլեր ընեն: Ինք վստահ է, որ ատոնցմէ ոչ մէկ օգուտ կայ, բացի վնասէն: Մուրատ իր ճամբան ունի, որ ոչ մէկ օր չէ դաւաճանած զինք եւ կը քալէ այդ ճանապարհով: Այն է, որ հարցումները շատ են իր ճամբուն վրայ.

«Դուրսէն եկա՞ք կամ հոս էիք»։ «Ինչո՞ւ անունդ Մուրատ է», «դուն հայ ես, բայց անունդ ինչո՞ւ Մուրատ է՝ Մուրատը թրքական անուն է»… հարցումներ, որոնք Մուրատին յաճախ կ՚ուղղուին եւ ինքն ալ այդ հարցումներուն մէջ խճճուած, իր պատմութիւնը կը պատմէ շարժանկարի ընթացքին:

Այս շարժանկարին մէջ հակասութիւնները եւ նմանութիւնները ներկայացնելու մեծ վարպետութիւն ի ցոյց դրած են բեմադրիչները՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ տարբերութիւններու եւ նմանութիւններու, հայաստանցիի եւ Թուրքիոյ բնակիչի միաձեւ եւ տարբեր մտածողութեան, ապրելակերպի մասին, որուն լաւագոյն դրսեւորման վայրը Իսթանպուլն է:

Հայաստանցի շատերուն համար Թուրքիան գաղափարական առումով քիչ մը հեռու, փակ եւ խորհրդաւոր երկիր մըն է, այս շարժանկարը կը բանայ սրտին այդ փակ դուռը եւ կը մօտեցնէ Թուրքիան դէպի մարդու հոգին ու սիրտը:

Իսթանպուլը կը դառնայ կարօտի քաղաք, ուր երիտասարդներ կ՚ապրին կարօտով մը, յաճախ չգիտնալով՝ թէ որո՞ւ հանդէպ է այդ կարօտը:

Իսթանպուլը կը դառնայ սիրոյ քաղաք, ուր սէր կարելի է գտնել մայթերուն վրայ, մինչեւ լուսաբաց չգոցուող սրճարաններուն մէջ, ուր երաժշտութիւնը կը ծորայ դանդաղ ու անմեկին:

Հրաշալի երաժշտութիւն մը կ՚ընթանայ «Մուրատ» շարժանկարի ամբողջ ընթացքին: «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբին «Հոսք» ստեղծագործութիւնը դարձած է Մուրատի երաժշտութինը: «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբը ազգային ճազ ժանրէն ներս 2011 թուականին ձեւաւորուած խումբ մըն է, որուն մէջ ընդգրկուած վեց երաժիշտները ազգայինը ժամանակակիցին հետ համադրելով նոր ու գրաւիչ ժանր մը ստեղծած են, ինք՝ Միքայէլ Ոսկանեան թառ կը նուագէ, եւ թառի թախծոտ հնչիւններն են, որ անանց կարօտի կը մղեն հանդիսատեսը եւ կը գրաւեն «Մուրատ» շարժանկարին մէջ:

Շարժանկարը սիրելի կը դարձնէ Իսթանպուլը իր բազմակնիք առօրեայով եւ բազում կատուներով, որոնք ամէնուր քնքշանք եւ խնամք կը փնտռեն այս քաղաքի փողոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մոխրագոյն ու ճերմակ աղաւնիները, որոնց թեւերը կը բացուին եւ կը գոցուին՝ Մուրատին եւ անոր նմաններուն կեանքի բաց ու գոց էջերուն պէս:

ՆՈՐԷՆ՝ ՍԱՀՄԱՆ ՄԸ

Լրագրող, շարժանկարային բեմագիր եւ բեմադրիչ Մարինէ Քոչարեան ծնած է եւ կը բնակի Հայաստանի մէջ: 2011-2017 թուականներուն որպէս հեռատեսիլային նիւթերու բեմագիր աշխատած է «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան մէջ: Այժմ կ՚աշխատի «Մետիա» նախաձեռնութիւններու կեդրոնը (նախկին «Ինտերնիւզ Արմենիա»)՝ որպէս արտադրող-լրագրող: Անոր հետաքրքրութիւններուն ծիրէն ներս են վաւերագրական շարժանկարներն ու տեսաարտադրութիւնը: Իր գործընկերոջ՝ Սօնա Քոչարեանին հետ 2014 թուականին նկարահանած է «Ինչպէս անցնիլ (Ճիլիզէն Ճիլիզ)» վաւերագրութիւնը:

Սօնա Քոչարեան լրագրող է, աշխատած է որպէս հեռատեսիլային եւ մուլթիմետիա լրագրող, կը հետաքրքրուի լուսանկարչութեամբ ու տեսաարտադրութեամբ: Ներկայիս ան կը գործէ «Մետիա» նախաձեռնութիւններու կեդրոնին մէջ: 2013 թուականին ներգրաւուած է վաւերագրական շարժանկարային արտադրութեան մէջ:

Սօնա եւ Մարինէ Քոչարեանի համահեղինակութեամբ ստեղծուած «Ինչպէս անցնիլ (Ճիլիզէն Ճիլիզ)» վաւերագրութիւնը նոյնպէս հետաքրքրական նիւթ մը կը ներկայացնէ, որուն հիմքին մէջ կայ բախումը:

Հայ-վրացական սահմանագիծին՝ Լոռիի մարզը կը գտնուի Ճիլիզա հայկական գիւղը, որուն հատուածին մէջ գտնուող հայ-վրացական սահմանագիծը տակաւին յստակ չէ, չէ գծուած, այնպէս, ինչպէս Հայաստանի միւս սահմանային հատուածները: Հայ-վրացական սահմանի այդ հատուածին մասին է Սօնայի եւ Մարինէի առաջին համատեղ շարժանկարը, որ 2015 թուականին ցուցադրուած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ընթացքին: Շարժանկարին մէջ սահմանային անյստակ այդ հարցն է, ըսուած է, թէ սահման կայ, սակայն գիւղացիներէն ոչ ոք տեսած է զայն: Չկայ ո՛չ մէկ նշան, ո՛չ մետաղալար, ո՛չ անցակէտ, միայն Չանախչի եւ Ճիլիզա գիւղերուն մէջտեղէն հոսող Լալվար գետակն է, որ գիւղը կը բաժնէ երկու մասի՝ հայկական եւ վրացական: Տարիներ շարունակ ծրագիր կայ այդ հատուածին անցակէտ մը կառուցելու, սակայն այդ մէկը իրականութիւն չէ դարձած վրացական կողմին պատճառաւ, որ հարցը կը ձգձգէ: Եւ ահա այդ մէկը արգելք եղած է, որ ազգակցական, յարաբերութիւններով իրարու հետ կապուած Ճիլիզա գիւղին եւ անոր սահմանակից Վրաստանի տարածքին գտնուող հայկական Չանախչի, Խոժոռնի, Օփրեթի, Աղքեորփի, Կիւլլուպաղ, Ծոբ եւ միւս գիւղերու բնակիչները հաղորդակցին իրարու հետ:

Շարժանկարի հերոսներէն մին փոքրիկ Լուսինէն է, որ կը բնակի հայկական հատուածին վրայ գտնուող գիւղին մէջ։ Ան կ՚երազէ տեսնել սահմանէն անդին ապրող իր մեծ մայրն ու բարեկամները, բայց այդ մէկը շատ դժուար է: Նոյնպէս նկարահանումներուն մասնակցած է նաեւ իր եղբայրը: Անոնց եւ իրենց ընտանիքի անդամներուն միջեւ ընդամէնը մէկ քիլօմեթր ֆիզիքական տարածութիւն մը կայ, բայց գիւղի երկու հատուածները զատ աշխարհներ են: Կամ մարդիկ պէտք է հարիւրաւոր քիլօմեթրեր անցնին՝ այլ ճանապարհով մը հասնելու միւս հատուածը կամ ալ պիտի զրկուին այդքան մօտ ապրող իրենց հարազատները տեսնելու փափաքէն, քանի որ անցակէտ չկայ: Լուսինէն, իր եղբայրը եւ իր հարազատները ամէն օր նոյն հարցերուն առջեւ են՝ ի՞նչ է սահմանը, ո՞ւր է սահմանը եւ ինչի՞ համար է այդ սահմանը ի վերջոյ, եթէ պիտի բաժնէ հարազատ մարդիկը: Եթէ մեծահասակները քաղաքական, տնտեսական եւ այլ շարժառիթներ կը փնտռէին սահմանային անցակէտը չտեղադրելուն մէջ, ապա երախաները այլ մօտեցում ունէին այս հարցին, անոնք հետաքրքրասիրութենէն դրդուած կ՚ուզէին տեսնել, թէ ինչ կայ խորհրդաւոր այն կողմը: Այդ պատճառաւ ալ շարժանկարը ստեղծողները հնարաւորութիւն տուած են, որ փոքրերը եւ ոչ թէ մեծերը խօսին ժապաւէնին մէջ: Շարժանկարին մէջ Լուսինէն, բեմադրիչներու օժանդակութեամբ ճամբորդութիւն մը կը ձեռնարկէ Ճիլիզէն Ճիլիզ եւ մօտ վեց տարուան բացակայութենէն ետք կը տեսնէ իր ընտանիքի միւս անդամները եւ կը հասկնայ իրականութիւնը, թէ որքան մօտ է 100 քիլօմեթրը եւ որքան հեռու է 1 քիլօմեթրը: Յիրաւի յուզիչ եւ մտածումներու տեղի տուող շարժանկար մը ըս-տեղծած են այս շնորհալի աղջիկները:

Մարինէն եւ Սօնան երկու տարի անցուցած են այդ գիւղին մէջ՝ իրենց հետաքրքրական վաւերագրութիւնը ամբողջացնելու համար: Շարժանկարը բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, ցուցադրուած է աւելի քան տասն միջազգային փառատօններու ժամանակ, այդ կարգին՝ Թորոնթոյի «Հաթ Տոքս» (HotDocs) վաւերագրական շարժանկարներու փառատօնին եւ արժանացած է յանձնախումբի յատուկ խրախուսանք-մրցանակին: Այլ մըր-ցանակներ եւս խլած է:

Վաւերագրողները յոյս ունին, որ իրենց առաջին ստեղծագործութեան փառաւոր ճամբան կ՚անցնի նաեւ «Մուրատ» շարժանկարը, որ նոյնպէս սահմաններու եւ երկու աշխարհներու մասին է: Սահմաններ, որ օր մը թերեւս վերանան: Եթէ ֆիզիքական սահմաններն ալ չվերանան, ապա հոգիներն ու միտքերը կաշկանդող սահմանները վստահ կը վերանան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017