ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մուրատ Միհրան Իշլէրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան՝ իր շուրջ ունենալով քահանայ հայրեր։ Մուրատ Միհրան Իշլէր մասնակցութիւն բերած էր Կիպրոսի պատերազմին, ուստի իր դագաղը ծածկուած էր թրքական դրօշակով։ Խումբ մը զինուորներ Մուրատ Միհրան Իշլէրի դագաղը ուսամբարձ բերին եկեղեցի, ուր ներկայ էր յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը։ 64-ամեայ հանգուցեալի ընտանիքին առընթեր յուղարկաւորութեան մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի կեդրոնի հրամանատար զօրավար Սատեթթին Ալփ Էրկին եւ Թուրքիոյ Մարտիրոսներու միութեան կողմէ ներկայացուցիչներ։

Յուղարկաւորութենէն առաջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ Մուրատ Միհրան Իշլէրի զինակից ընկերները աղօթեցին անոր դագաղին վրայ։ Արարողութեան ընթացքին հանդիսադիր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան խօսեցաւ դամբանական մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ Միհրան Իշլէր Գոց շուկայէ ներս ոսկերիչ մըն էր ու եղած էր յարգանքի արժանացած արհեստաւոր մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրք զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնք փութացած էին վշտակից ըլլալու։

Գումգաբուի արարողութենէն վերջ Մուրատ Միհրան Իշլէրի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան դամբարանին մէջ։

Այս յուղարկաւորութեան արձագանգ հանդիսացան «Անատոլու» գործակալութիւնն ու տեղական մամուլը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017