ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին վրայ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան դասընթացքի մասնակից աշակերտներու ծնողները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաք եւ այլ պատասխանատուներ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Մկըր Կիւլէզեանի հանդիսավարութեամբ։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Կարօ Համամճեան։ Յայտագիրը ունէր երաժշտական բաժին մը, որու մէջ Մարալ Աթամանի երգերը առանձնապէս հաճելի դարձան ունկնդիրներուն տեսակէտէ։ Ֆութպոլի դասընթացքներու մասնակից փոքրիկները Թաքսիմի վարչայիններուն ձեռամբ ստացան մետայլներ։ Թիւով շուրջ վաթսուն տղաքը հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։