ԱՔՐՈՓՈԼԻՍԻ ՊԱՏԿԱՌԱՆՔԸ
Աթէնքի Մոնասթիրաքի հրապարակի բոլոր կողմերէն կը նշմարուի մայրաքաղաքին հպարտութիւնն ու զարդը նկատուող Աթէնքի Աքրոփոլիսը: Հրապարակը շրջապատուած է յուշանուէրներու բացօթեայ եւ տանիքի տակ գործող կրպակներով, որոնք լեցուն են զբօսաշրջիկներով: Յունական ամէն տեսակ արտադրանք եւ երկիրը բնորոշող իր կարելի է գտնել այս կրպակներուն մէջ՝ ծովային սպունգէն մինչեւ Հելլատա գրութեամբ հագուստներ եւ թեւնոցներ:
Մոնասթիրաքի հրապարակին կեդրոնի գլխարկավաճառը, երբ կը տեղեկանայ, որ Հայաստանէն ենք՝ «Մխիթարեա՜ն» կը գոչէ… Ստուերին տակ քառասուն աստիճան տաքութիւնը մեղմ հովիկի կը վերածուի, երբ հայրենիքդ նաեւ իր նշանաւոր մարդոցմով կը ճանչնան օտարներ: Յունաստանի մէջ շատ լաւ տեղեկացուած են Հայաստանի մասին, հարցնողները անպայման գիտեն մեր երկրին անունը, ոչ միայն հինէն եկող կապերու, այլեւ թերեւս վերջին շրջանին Յունաստան այցելող հայաստանցի զբօսաշրջիկներուն շնորհիւ: Ուրիշ է Հայաստանէն Յունաստան ներգաղթեալներուն հարցը, որոնք չես գիտեր՝ լա՞ւ, թէ՞ վատ պատկերով կը ներկայացնեն երկիրդ, բայց ամէնուր են, եւ նոյնիսկ կ՚ըսեն, թէ գիւղեր կամ բնակավայրեր կան, ուր հայաստանցիներ մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ իրենց անգիր օրէնքները կը հաստատեն:
*
Զբօսաշրջիկները իրենց յուշանուէրային պտոյտը աւարտելէ ետք կը շտապեն տեսնել Աքրոփոլիսը: Մինչ Աքրոփոլիս հասնիլը տակաւին շատ հնավայրեր կան դիտելու՝ Զեւսի տաճար, Հադրիանոսի գրադարան, գրադարանի մուտքին՝ թանգարան… Բայց բոլորը մէկ օրուան մէջ կարելի չէ ըմբոշխնել: Իրենք՝ յոյները եւս խորհուրդ չեն տար մէկ օրուան մէջ այցելել այդքան շատ վայրեր՝ տաք է, ինչպէս նաեւ քիչ մը խնդուքով կ՚ըսեն, թէ այդ վայրերուն մէջ ուտելու տեղեր չկան: Վերջին միտքը կ՚արտայայտեն կատակով, բայց հաստատելով ուտելու եւ վայելքի հանդէպ իրենց սէրը:
Հակառակ այդ խօսքերուն, յոյները ճիշդ կը գնահատեն իրենց հնագոյն, յաճախ կիսաքանդ, կիսաւեր կառոյցներուն արժէքը: Աշխարհի ամենէն մեծ թիւով հնութիւնները եւ ճարտարապետական յուշարձանները թերեւս Յունաստանի մէջ են, իսկ աշխարհի մէջ կը պարզուի, որ շատ-շատ են հնութեան եւ թանգարաններու մէջ զետեղուած քարերու սիրահարները: Բազում զբօսաշրջիկներ թանգարաններուն մէջ ժամեր կ՚անցընեն եւ մանրակրկիտ կը դիտեն, կը լուսանկարեն պեղուած քարերն ու գտածոները, որոնք Յունաստանի զանազան թանգարաններուն մէջ յաճախ նման կ՚ըլլան իրարու՝ նոյն կիսանդրիները, նոյն ճարտարապետական ժանրը, նոյն սիւներու կտորները, մարմարները եւ դարաշրջաններ բնորոշող նոյն զարդանախշերը:
*
Աթէնքի Աքրոփոլիս տանող ճանապարհին տոմսակներ գնելու կարգի կը սպասենք՝ մուտք գործելու համար Հադրիանոսի գրադարանէն ներս գործող թանգարանը: Հռոմէական հզօր կայսր Հադրիանոսի գրադարանէն հսկայական սիւներ եւ պատ մը պահպանուած են, իսկ, ահաւասիկ կառոյցին ներսը թանգարան մը կը գործէ: Տոմսավաճառի կրպակի մուտքին խումբ մը մարդիկ կը յայտնեն, որ լրագրող են եւ ցոյց կու տան իրենց լրագրողական վկայականը: Համաձայն թանգարաններու միջազգային կանոնակարգին, լրագրողներու, հնագէտներու եւ քանի մը այլ մասնագէտներու մուտքը միջազգային նշանակութեամբ թանգարաններ՝ անվճար են: Հակառակ անոր որ այնքան ալ սուղ չէ Հադրիանոսի գրադարանի տարածքին կառոյցի մը ներսը գործող թանգարանի մուտքին տոմսը, բայց կը մտածենք անգամ մը փորձել Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ վաւերացուած լրագրողական վկայականը եւ ժպիտով մեզի կը պարզեն մուտքի անվճար տոմսակները: Ահաւասիկ, բացի Մխիթարեանէն ուրախանալու հայկական առիթ մը եւս…:
Հռոմէական կայսր Հադրիանոսի (76-138) կիսանդրին դրուած է գրադարանի տարածքին, թանգարանին կեդրոնը: Թանգարանային ցուցադրութենէն կը տեղեկանանք, որ իր գահակալութեան ժամանակաշրջանի մեծ մասը (մինչեւ 131 թուականը) Հադրիանոս կայսր եղած է Հռոմէն դուրս՝ շրջելով Կայսրութեան զանազան նահանգներուն մէջ։ Հադրիանոս ճամբորդած է արեւմտեան նահանգներ 121-123 թուականներուն եւ դէպի Արեւելք՝ 123-127 եւ 128-131 թուականներուն: Այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին Հադրիանոս ամրացուցած է սահմանային պաշտպանական կառոյցները, գլխաւորած է ճարտարապետական նշանաւոր շինութիւններու կառուցումը եւ, որպէս նշանաւոր յունասէր, կազմակերպած է Փանհելլենիոնը՝ համայունական նշանաւոր կազմակերպութիւնը, որ կը ներառէր բոլոր յունական նահանգները։
Հադրիանոսի մասին վկայուած է իբրեւ գեղեցիկ, պայծառ, սրամիտ գործիչ մը: Ան լաւ կրթութիւն ստացած է եւ բարձր գնահատած է Յունաստանի մշակոյթը։ Ինչպէս իր դարաշրջանի բոլոր մտածողներն ու իշխողները, ան նաեւ հմտացած էր ուսողութեան, երաժշտութեան, նկարչութեան մէջ, գրած է ինքնակենսագրական աշխատութիւն մը, որ սակայն չէ հասած մեզի: Ծանօթ է, որ Հադրիանոս նաեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ էր եւ անոր գրական եւ ճարտարապետական ճաշակներն ու անոնց ոճը յատուկ ուղղութիւն տուած են իր դարաշրջանի արուեստին։
Հռոմէական այս նշանաւոր կայսրը առընչութիւն ունեցած է նաեւ հայութեան հետ: Հադրիանոսը հրաժարած է իր նախորդի՝ Տրայանոսի արեւելեան նուաճումներէն՝ նահանջելով Միջագետքէն եւ թողլով, որ վերականգնի Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը։ Ըստ պատմական վկայութիւններու, Հադրիանոս կը վարէր աւելի խաղաղասէր քաղաքականութիւն, քան՝ իր նախորդը, եւ կայսր հռչակուելէն անմիջապէս ետք իր առաջին քայլը եղած է հռոմէական զօրքերը դուրս հանել ապստամբած Հայաստանէն եւ ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը, ուր ազատագրական պայքարը սկսած էր 116 թուականին եւ յաղթանակը անյուսալի դարձած էր հռոմէացիներուն համար։ 117 թուականին Վաղարշ Ա. հռչակուած է անկախ Հայաստանի արքայ։ Նմանապէս, Հադրիանոս դուրս քաշած է զօրքերը Ասորիքէն եւ Միջագետքէն։
Պատմութեան մէջ Հադրիանոս յաւերժացած է ականաւոր կառոյցներով, ինչպէս՝ իր դամբարանը Հռոմի մէջ, որ այժմ կը կոչուի Սուրբ Հրեշտակ դղեակ: Այդ դամբարանը կառուցուած է իր կենդանութեան ժամանակ եւ միջնադարուն վերածուած՝ Հռոմի պապերու նստավայր Սուրբ Հրեշտակ ամրոցի։ Հռչակաւոր է Ադրիանոսի պարիսպը Բրիտանիոյ մէջ, ան կառուցած է նաեւ քաղաք մը Թրակիոյ մէջ եւ անուանած զայն իր անունով՝ Ադրիանուպոլիս, որ այժմ Էտիրնէ կը կոչուի եւ կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին:
Հետաքրքրական է ինչպէս Ադրիանուպոլիսի հիմնումը, Բրիտանիոյ մէջ, այնպէս ալ անոր անունով պատնէշի կառուցումը: Հադրիանոսի հրամանով շուրջ 121-122 թուականներուն, Բրիտանիոյ հիւսիսը՝ Սոլուէյ-Ֆերտ ծովախորշին եւ Թէյն գետին միջեւ եռակի պատ մը կառուցուած է, երկիրը պաշտպանելու համար հիւսիսային յարձակումներէն։ Այդ կառոյցին մնացորդները պահպանուած են առ այսօր եւ կրկին զբօսաշրջութեան վայր է:
Եւ ահաւասիկ, հսկայական գրադարանը, որ ան կառուցած է 132-134 թուականներուն, եւ ուր պահպանուած են պապիրուսի վրայ գրուած հնագոյն գիրքեր: Գրադարանը ունեցած է ընթերցասրահ եւ ճառերու ու դասախօսութիւններու համար սրահ: Այժմ պատ մը եւ սիւներ պահպանուած են այդ կառոյցէն: Կայսրը այս գրադարանին պատերը մաքուր ճերմակ մարմարով կառուցել տուած է, իսկ առաստաղը՝ ջրակիճով: Գրադարանին մէջ դրուած են արուեստի գործեր ու քանդակներ, որոնցմէ մասունքներ կը պահուին թանգարանին մէջ: Թանգարանը լրջօրէն վնասուած է արշաւանքներու ժամանակ եւ անոր հզօր անցեալին մասին կը պատմեն աներեր սիւները: Իսկ հզօր կայսր Հադրիանոսի փառաւոր կեանքի մանրամասնութիւններուն կարելի է տեղեկանալ թանգարանին մէջ, խնդրելով նաեւ լուսանկարելու թոյլտուութիւն. այո՛, կարելի է լուսանկարել, բայց առանց փայլակի:
Աթէնքի Աքրոփոլիս կարելի է հասնիլ թէ՛ հանրաշարժով, թէ՛ ոտքով՝ յաղթահարելով զառիվերը եւ հասնելով բարձունքին, ուր իբրեւ թշնամիին անհասանելի վայր կառուցուած է վերին քաղաքը: Յունարէն Աքրոփոլիս թարգմանութիւնն ալ այդ մասին կը յուշէ՝ վերին քաղաք: Յատկանշական է տեսնել, որ սկզբնական շրջանին իբրեւ ամրոց ծառայած այս կառոյցը ամրոցէն վերածուած է Փառքի եւ Աթէնքի հովանաւոր Աթենաս Պալաս աստուածուհիի վեհութեան խորհրդանիշի։ Նոյն այդ վեհութեան հմայքը կարելի է զգալ այստեղ, եւ հիանալ այն հզօր ճարտարապետութեամբ, որ յոյները ներդրած են քաղաքը կառուցելու մէջ: Յունաստանի ամենէն գեղեցիկ յուշարձաններէն մէկն է Աթէնքի Աքրոփոլիսը. բազմաթիւ պատմաբաններ, հնագէտներ եւ ճարտարապետներ հիացած են այս հին քաղաքակրթութեան ձգած հետքերով եւ տակաւին կը շարունակեն հմայուիլ, պեղել եւ ուսումնասիրել այն խորհրդաւոր պատմութիւնը, որ կ՚առընչուի Աքրոփոլիսին:
Աքրոփոլիսին մաս կազմող Փարթենոնը այսօր ալ կը նկատուի Հին Յունաստանի ամենէն գեղեցիկ տաճարներէն մին: Ուղեկցողը կը բացատրէ, որ անոր անունը եկած է Աթենաս Պալաս երիտասարդ աստուածուհիէն: Յունարէնով երիտասարդ աղջիկներու տան բաժինը կը կոչուի փարթենոն: Այս ձեւով, քաղաքին աստուածուհին ունէր Աքրոփոլիսին ամենէն մեծ տաճարը: Տակաւին այսօր կանգուն են անոր յատկանշական գծաւոր սիւները: Տաճարը շինուած է Ն. Ք. 5-րդ դարուն, եւ 46 սիւներէ կազմուած է: Անոր 10 մեթր բարձրութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը գործէր այցելուներուն վրայ: Հարուստ արձաններ կը զարդարէին անոր մուտքի եռանկիւնաձեւ տանիքը: Փարթենոնին նման, Աթենաս Նայքի տաճարն ալ շինուած է Ք. Ա. 5-րդ դարուն: Ան յաղթական աստուածուհիին տաճարն է: Շինուած է Աթէնքի եւ անոր մրցակից Սպարտա քաղաքին միջեւ խաղաղութեան դաշնագիրի մը կնքումէն յետոյ…
Ողիմպիական Զեւսի տաճարը յաջորդ վայրն է, որ իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ կը փափաքի տեսնել: Աթէնքի Սահմանադրական հրապարակէն՝ Սինթակմայէն ընդամէնը 700 մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ դէպի հարաւ տեղակայուած այս տաճարը կառուցուած է Ն. Ք. 4-2-րդ դարերուն: Առասպելին համաձայն, Ողիմպիական Զեւսի տաճարը կառուցուած է Դեւկալիոնի՝ յոյն ժողովուրդի նախահօր տաճարին տեղը: Երկնքի, որոտի, ամպրոպի եւ կայծակի աստուած, աշխարհի տիրակալ, «Աստուածներու եւ մարդոց Հայրը» նկատուող Զեւսին հին յոյները անպատմելի ձեւով փառաբանած են: Ըստ հին յունական կրօնքին, Ողիմպիոս լերան բնակիչներուն կ՚իշխէր Զեւսը եւ ահ ու երկիւղ կը սփռէր չորս բոլորը: Ողիմպիացի հռչակուած Զեւսի տաճարին պահպանուած սիւները եւ այն անվերջ պատմութիւնը, որ անոր տաճարի մուտքին կը պատմեն, կը վկայեն նախաքրիստոնէական աշխարհին մասին, որ երբեք չի բացակայիր Յունաստանէն, որքան որ ալ քրիստոնէութիւնը ամուր հիմքեր նետած է այստեղ: Այստեղ է, որ կը զգաս դարերու յաւերժութիւնը եւ կը հաւատաս, որ մարդը ընդամէնը աննշան հատիկ մըն է այդ յաւերժութեան դիմաց:
*
Բոլոր այս տաճարներուն պատմութիւնները կ՚առընչուին պատերազմներուն, պայքարին, յաղթանակներուն եւ փառաբանումներուն, որ հնագոյն այս ժողովուրդը ուղղած է իր աստուածներուն, աստուածուհիներուն, զօրավարներուն, իմաստուններուն, գիտնականներուն… Միայն թէ այսօրուան յոյներուն հետ զրուցելու պահուն եւ անոնց հետ առընչուելով երկար կը փնտռես իրենց իմաստուն անցեալին հետքերը եւ դժուարաւ կը գտնես… Ո՞ւր են արդեօք այն ճառասացները, գիտնականները, վիպասանները, քերթողները, իմաստասէրները, որոնք գրաւեցին հին աշխարհը եւ որոնց միտքի եւ փառքի արգասիքները հասած են մեր օրերը: Կա՞ն արդեօք ժամանակակից Յունաստանի մէջ… Դժուար է հաւատալ, որ կան… Հին աշխարհի տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային խոշոր կեդրոն համարուող Աթէնքը հազիւ կը յաղթահարէ տարիներ առաջ ունեցած ճգնաժամի հարուածները եւ կը փորձէ դուրս գալ դժուար իրավիճակէն:
Քաղաքի գլխաւոր հրապարակներէն մին՝ Սահմանադրութեան հրապարակն ալ 2011-2012 թուականներուն բազմիցս եղած է յոյն ցուցարարներու հաւաքատեղի, որոնք կը բողոքէին յունական տնտեսութեան վատթար վիճակին դէմ: Այսօր ալ քաղաքի բնակիչները տակաւին կը բողոքեն տնտեսական վատ վիճակէն, դժուար ապրուստէն եւ կը յիշեցնեն, որ Յունաստանը մինչեւ 2010 թուականը աշխարհի ամենէն լաւ ու բարւոք երկիրներէն մին էր, ուր կը ձգտէին հաստատուիլ զանազան երկիրներէ… Այդ կարգին՝ Հայաստանէն:
Հայաստանցի մեծ համայնքներ կան յունական զանազան քաղաքներու մէջ: Այդ հայերուն ծնողքը կամ մեծ հայրերն ու մայրերը Խորհրդային տարիներուն Հայաստան Յունաստանէն ներգաղթածներն են: Անոնց զաւակներուն եւ թոռներուն յետագային յունական կառավարութիւնը հնարաւորութիւն տուած է վերադառնալ իրենց հայրերուն ծննդավայրը, ինչպէս տեղեկացանք, ձեւով մը նաեւ հաւասարակշռելու որոշ վայրերու մէջ ոչ քրիստոնեաներու թուաքանակը:
Հայաստանցիները հոս գալով հաստատած են իրենց կարգերը, եւ մեզի պատմեցին, որ ամբողջական շրջաններ կը գտնուին հայ տղամարդոց ներքին հսկողութեան տակ: Անոնք ներգրաւուած են զանազան մութ ու խորհրդաւոր գործերու մէջ՝ գործակցելով այլ երկիրներէ եկողներու հետ: Սեւ եւ խոշոր ինքնաշարժներ, ուրախութեան կրակոցներ հարսանիքներու ժամանակ, լուռ ու համաձայնեցուած հսկողութիւն որոշ խանութներու վրայ եւ այդպէս շարունակ… Պատմութիւններ, որոնք երկար են եւ որոնք անպատեհութիւն կը պատճառեն: Երկրէն դուրս չես ուզեր հայրենակիցներուդ ոչ-բարի համբաւին մասին լսել, եւ այդ մէկը բնական է:
Բայց կան նաեւ օրուան աշխատանքով իրենց հացը վաստկող հայրենակիցներ, որոնք Հայաստանէն գացած են, կը կարօտնան Հայաստանը եւ կը փութան օր առաջ վերադառնալ երկիր: Միայն թէ այդ օր առաջը կ՚երկարի տարիներ եւ այդպէս ալ երկրէ երկիր կը թափառի հայուն նորօրեայ բախտը… Յունաստանէն հրաժեշտ կ՚առնենք այսպիսի միտքերով, որոնք ոչ միայն Յունաստանին կ՚առընչուին, այլ նաեւ՝ հայութեան…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ