ԱՆՇՈՒՇՏ ՄԵՐ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՏ ԼԱՒ ԵՆ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Վարդանանց երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ շատ լաւ տպաւորութիւններ ունին դէպի Հայաստան ուղեւորութենէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութեան աւարտին ան հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ մեզի հետ՝ բաժնելով զգացումներն ու տպաւորութիւնները։ Ատրուշան Հալաճեանի խօսքերով՝ թէեւ առաջին անգամ չէ, որ երգչախումբը Հայաստանի մէջ հանրութեան կը ներկայանայ, բայց ամէն անգամ նորովի զգացումներ կ՚ունենան:

«Ս. Պատարագի երգեցողութեան մասնակցելէ զատ, մենք երեք անգամ ելոյթ ունեցած ենք Հայաստանի մէջ: Երգած ենք Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, երկրորդը՝ Վանաձորի մէջ եւ երրորդը՝ այս անգամ, 1 Սեպտեմբերին «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ երգեցինք: Անշուշտ, մեր տպաւորութիւնները շատ լաւ են, ամէնքս ալ շատ գոհ մնացած ենք: Մաէսթրօ Չեքիճեանն ալ շատ գոհ է, իր տպաւորութիւնները փոխանցեց եւ դրական ու գոհացուցիչ էին», ըսաւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեան:

Խօսելով ունկնդիրներու արձագանգին մասին՝ Ատրուշան Հալաճեան նշեց, որ դահլիճին մէջ շատ հիւրեր կային դուրսէն, մանաւանդ Պոլիսէն։ Անոնք իրենց հետ այցելած էին Հայաստան: «Թէ՛ միւս հիւրերը, թէ՛ պոլսահայերս շատ գոհ մնացինք: Մենք այս այցով եւ այս ելոյթներով ըսել ուզեցինք, որ Պոլսոյ մէջ ալ հայ երգը կը հնչէ:

«Նոր լիցքերով պիտի վերադառնանք, նոր շրջան մը պիտի սկսի: Առիթը եթէ ունենանք, յառաջիկայ տարի, միւս տարի, անգամ մըն ալ կու գանք դարձեալ, եթէ Տէրը արժանի ընէ մեզ, կրկին կ՚երգենք հայրենիքի մէջ», եզրափակեց Ատրուշան Հալաճեան:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017