ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ֆէրիգիւղի տարեկան հանգանակութիւնը այս տարի նախատեսուած է 22 Հոկտեմբերին։ Օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն համար անոնք խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանին համար թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ հետաքրքրութեամբ լսեց ֆէրիգիւղցիներու ծրագրերն ու դժուարութիւնները։ Այդ բոլորին կապակցութեամբ ան փոխանցեց յորդորներ։ Տեղապահ սրբազան հայրը գնահատեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ կատարուած աշխատանքները, փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017