ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ 2017-2018 շրջանը։ Քուպայէն եկած «Եոսս» երաժշտական խումբի գործադրած յայտագրով ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։

Օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ նոր եղանակի բացման հաւաքոյթին հոծ մասնակցութիւն մը ապահովուած էր։ Ան շեշտեց, որ միութիւնը երդիք մըն է, ուր մեր հաւաքականութիւնը կը համախմբուի արտաքին ազդեցութիւններէ զերծ։ Ան եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ միութեան ամբողջը մեծապէս կարեւորեց եւ աւելցուց, որ եթէ անոնք չըլլան՝ ապա կը կաղայ մեր հաւաքական կեանքը։ Րաֆֆի Գրիգորեան այս առումով կարեւորեց մեր միութիւններուն ներգրաւել այն խաւերը, որոնք սովորաբար չեն մասնակցիր համայնքային կեանքի։ Վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ մեր միութիւններէն ներս պէտք է տիրեն սէրն ու յարգանքը եւ անոնց գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի հերթի փոփոխութեամբ։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017