ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Այս տարի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է 5 Նոյեմբերին։ Պաքըրգիւղի թաղականները տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղէն ներս ծաւալուած գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ։

Տեղապահ սրբազան հայրը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար։ Թաղի ծրագրերուն եւ առկայ դժուարութիւններու լոյսին տակ ան փոխանցեց հայրական յորդորներ ու վստահութիւն յայտնեց, թէ համախումբ աշխատանքով աւելի պիտի դիւրանայ համայնքային կեանքի խնդիրներուն լուծումը։ Նորին սրբազնութիւնը թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017