ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՈԳԻՆ - Զ -

Նախապէս խօսեցանք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, որուն մէջ կը տեսնուի աղօթքի պայմանադրական կապերէն դուրս նետուած հոգին, ուր Աստուծոյ հետ մտերմական ծանօթութեան մը գաղտնիքն է որ կը յայտնուի եւ հոգին կը միանայ Անոր հետ անկեղծ սիրոյ միացումով։ Եւ ըստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, սիրոյ այս միացումը, գերազանց է քան իմացական միացումը։ Ի՛նչ որ ուրիշ խորհրդապաշտ հոգիներու, զոր օրինակ, «Նմանութիւն Յիսուսի»ի մատենագրին մէջ յայտնաբերուած երեւոյթ մըն է։ Սակայն Նարեկացիին մէջ սակաւադէպ՝ եզական երեւոյթ մըն է ասիկա։ Արդարեւ, անոր մէջ, հոգի՛ն, բուռն կերպով բայց կարճ փոթորկումէ մը ետքը կը գտնէ միշտ իր խաղաղութիւնը, անդորրութիւնը, կատարելութեան իր իղձին գոհացում ընդունելով կարծես։

Ուստի, թերեւս աւելի՛ բնական, աւելի՛ մարդկային, մինչեւ իսկ աւելի՛ հայեցի գիծ մը ունի Նարեկացիի այս խորհրդապաշտականութիւնը՝ ուր մարդկային ճակատագրին մշտագիշեր մռայլը կը յայտնուի՝ չկորսուած, չուրացուած «Յոյս»ին պայծառութեամբը փաղփուն։

Աղօթամատեանի աւարտումէն յետոյ երկարակեաց չեղաւ Նարեկացին։ Իր կեանքը՝ որ հայեցողական ապրումներու, գրչի եւ գրքի տքնութիւններու, խօսքի եւ խորհուրդի նուիրման եւ ներշնչումի մաքո՛ւր կեանքը եղաւ, զերծ չմնաց, ինչպէս միշտ, յաջաղկոտներու, ստգտանքներէն, պախարակումներէն։ Բայց ինչպէս ժանգը չի՛ կըր-նար կրծել ոսկին, նոյնպէս նախանձը չյաջողեցաւ աղարտել անոր համբաւին ամբծութիւնը։

Եւ ժողովուրդը, անոր կեանքին մէջ շօշափեց անբասիր արժանիքի մը առաքինութիւնները եւ իր մահէն յետոյ, իբրեւ Սուրբի մը վկայարանը պատուեց անոր գերեզմանը։

Ուստի, ստորեւ կը ներկայացնենք «Նարեկ»էն երկու նմոյշներ, թարգմանութեամբ՝ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի (1874-1939)՝ հաւատքի արժանաւոր պահապանին։

Աղօթք զօրաւոր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի.

ԲԱՆ ԽԱ

Ա.- Կենդանի Աստուծոյ ամէնօրհնեալ Որդի, ահաւոր Հօրդ անքնին ծնունդն ես Դուն. Քեզի համար չկայ բնաւ անկարելի բան. Քու ողորմութեանդ փառքին անստուեր նշոյլները երբ կը ծագին, մեղքերը կը հալին, դեւերը կը հալածուին, յանցանքները կը ջնջուին, կապանքները կը խզուին, շղթաները կը խորտակուին, մահացածները կը կենդանածնին, հարուածները կը բժշկուին, վէրքերը կ՚առողջանան, ապականութիւնները կը վերցուին, տխրութիւնները տեղի կու տան. հեծութիւնները կը նահանջեն, խաւարը կը փախչի, մէգը կը մեկնի, մառախուղը կը հեռանայ, մռայլը կը փարատի, աղջամուղջը կը սպառի, մութը կը վերնայ, գիշերը կ՚անցնի, տագնապը կը տարագրուի, չարիքները կը չքանան, յուսահատութիւնները կը հալածուին, ու Քու ամենակարող ձեռքդ կը թագաւորէ, ո՛վ քաւիչդ ամենայնի։

Բ.- Դուն որ եկար ո՛չ թէ կորսնցնելու՝ այլ ապրեցնելու մարդոց հոգիները. ներէ՛, Քու առատ ողորմութեամբդ, իմ ան-թիւ չարիքներուս. վասնզի Դո՛ւն միայն երկինքի մէջ անճառելի ես եւ երկրի վրայ անզննելի. գոյակներուն նախատարրին եւ աշխարհի եզրածայրերուն մէ՛ջն ես Դուն. ամէն բանի սկիզբն ես, ու ամէն բանի մէջ ամբողջ. օրհնեա՜լ եղիր բարձունքներու մէջ, ու Քեզի՛ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ փառք յաւիտեանս. ամէն։

Եւ երկրորդ աղօթքը առ Տիրամայր Ս. Աստուածածնի է՝ աղերս մը, բարեխօսութեան խնդրանք մը՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի կողմէ։

ԲԱՆ Ձ

Ա.- Ու հիմա, այսքան յուսահատութիւններէ եւ ահարկու սրտաբեկութիւններէ, աստուածային բարկութեան պակուցիչ (=վախ ազդող) սաստկութիւններէ ետքը, թախծութեամբ ի սպառ տագնապած, կ՚աղաչեմ քեզի, Սուրբ Աստուածածին, Հրեշտակ՝ մարդոցմէ, մարմնատեսիլ քերովբէ, երկնաւոր թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդը, մաքուր՝ ինչպէս լոյսը, անշաղախ՝ ինչպէս բարձրացած արեւին պատկերը, գերազանց՝ քան անկոխելի սրբութիւն սրբութեանցը, դուն երանական խոստումին տեղը, շնչաւոր եդեմը, անմահ կենդանի ծառը՝ բոցեղէն սուրով շրջապատուած, Բարձրեալ Հօրմէն զօրացած եւ հովանաւորուած։ Հոգիին հանգիստովը պատրաստուած եւ մաքրագործը-ւած։ Որդիին բնականութեամբը յարդարուած եւ տաղաւարուած։ Անոր՝ Հօրը միածինը՝ Քու անդրանիկդ, ծնունդով Քու որդիդ է, իսկ արարչութեամբ՝ Տէր։ Անաղտ մաքրութեանդ հետ նոյն ատեն անբիծ բարի, անարատ սրբութեանդ հետ նոյն ատեն անբիծ բարի, անարատ սրբութեանդ հետ՝ խնամակալ բարեխօս։

Ընդունէ՝ դաւանողիս այս մաղթանքն ու աղերսը, ու ասոր հետ միացնելով իմ նախկին ներբողիս խօսքերը, խառնէ՛ քու պաղատանքներուդ։ Հիւսէ՛, միացուր իմ մեղաւորի դառն հեծութիւնները քու երջանիկ ու խնկաւորուած հայցուածներուդ, ո՛վ տունկ կեանքի օրհնուած պտուղին. որպէսզի քենէ միշտ օգնուած եւ բարեգործուած քու մաքրական ծնելութեանդ ապաւինած եւ անով լուսաւորուած, ապրիմ քու տէրոջդ եւ զաւկիդ՝ Քրիստոսի համար։

Բ.- Օժանդակէ՛ ինծի աղօթքիդ թեւերովը, դուն որ խոստովանուած մայրն ես ողջերու. որպէսզի աշխարհի այս հովիտէն ելած ատենս, առանց տանջանքի երթամ քու պատրաստած կեանքիդ օթեւանները, որպէսզի թեթեւ ըլլայ անօրէնութիւններով ծանրացածիս վախճանը։

Իմ հոգեվարքիս օրը բերկրութեան տօն ըրէ ինծի. ո՜վ Եւայի երկունքին ցաւերուն ողջնցնողը, բարեխօսէ՛, խնդրէ՛, աղաչէ՛, վասնզի քու անճառելի մաքրութեանդ հետ ես կը հաւատամ քու խօսքիդ ընդունելութեանը. արցունքներովդ օգնէ՛ ինծի պէս վտանգուածին, կիներու մէջ գովուա՛ծ. զիս հաշտեցնելու համար ծունկի եկուր, Աստուծո՛յ ծնողը, հոգա՛ ինծի պէս թշուառին համար, խորա՛ն Բարձրեալին. ձեռք տուր-որհըինծի պէս ինկածին. երկնային տաճար. քեզմով փառաւորէ Որդիդ՝ աստուածօրէն քաւութիւն եւ ողորմութիւն հրաշագործել տալով ինծի, ո՛վ Աստուծոյ աղախինը եւ մայրը. թո՛ղ քու պատիւդ ինձմով բարձրանայ ու իմ փրկութիւնս քեզմով երեւի։

Գ.- Եթէ զիս գտնես՝ ո՛վ տիրամայր. եթէ ինծի ողորմիս՝ սրբուհի. եթէ ինծի պէս կորսուածը շահիս՝ անարատ. եթէ ինծի պէս խրտչածը  յանձանձես՝ երջանիկ. եթէ ինծի պէս ամչցածը առաջ մօտեցնես՝ բարեշնորհ. եթէ ինծի պէս յուսահատածին միջնորդես, միշտ սուրբ կոյս. եթէ ինծի պէս մերժուածը ընտանեցնես, ո՜վ Աստուծմէ մեծարուած. եթէ ինծի գութ ցուցընես՝ անէծքներ լուծող. եթէ ինծի պէս ծփացող մը կեցնես՝ ո՛վ հանգիստ. եթէ յուզումներու խռովութենէն հեռացնես զիս՝ ո՛վ խաղաղարար. եթէ ճար մը գտնես   իմ բաժանումիս խտրոցը քակես՝ հաշտութիւն. եթէ իմ անմաքրութիւնս ջնջես՝ եղծումն ընդոտնող. եթէ փրկես զիս որ մահուան մատնուած եմ՝ կենդանի լոյս. եթէ իմ լալուս ձայնը կտրես՝ ո՛վ բերկրութիւն. եթէ կազդուրես զիս որ խորտակուած եմ՝ կեանքի դեղ. եթէ ինծի պէս կործանուածին ակնարկես՝ հոգելից. եթէ ողորմութեամբդ ինծի հանդիպիս՝ նուիրագործուած կտակ… դուն որ երջանիկ լեզուներու անբիծ շրթունքներէն միայն կ՚օրհնուիս, ահա քու կուսական կաթիդ մէկ կաթիլը իմ անձիս մէջ անձրեւելով, կեանք կու տայ ինծի, ո՛վ մայր՝ երկինքն ու ամբողջ երկիրը ստեղծող բարձրեալ Տէր Յիսուսին, զոր անճառապէս ծնար բովանդակ մարմինովն ու համայն աստուածութեամբը, որ կը փառաւորուի Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ, իր էութեամբը եւ անքննութեամբը մեր բնութեան միացած։ Ամէն բան է ան. ու ամէն բանի մէջ. մէկը՝ Երրորդութենէն. փա՜ռք Իրեն, յաւիտեանս յաւեիտենից. ամէն։

Ահաւասիկ, Նարեկացիէն երկու աղօթքներ։ Անշուշտ որ ամէն կերպով կարելի է աղօթել, բայց չէ՞ք փափաքիր անգամ մըն ալ հայերէնով աղօթել, քիչ մը ջանք, քիչ մը փափաք…։

Մշակոյթի շաբաթը թո՛ղ առիթ մը ըլլայ խորհելու այս մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 14, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017