ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌՈՒԳՈՒԹԻՒՆ
Մարդուս կեանքին մէջ տաղտուկներ կան՝ որոնք ամբողջ գոյութիւն մը եւ իր նշանակութիւնը ուրանալ կու տան մարդուն։ Եւ դարձեալ, կեանքի մէջ կան վայելքներ՝ որոնք ամէն նեղութիւն եւ դառնութիւն մոռցնել կու տան։
Վայելքի եւ դառնութեան հակասական տպաւորութիւններուն տակ մարդը, լուսանկարչի ոսպնեակին պիտի նմանէր, եթէ անցեալին յիշողութիւնը չունենար։ Յիշողութիւնը, արդարեւ, կենդանական բջիջին ամենէն խորհրդաւոր եւ իմաստալից յատկութի՛ւնն է։ Յիշողութեան կը պարտինք մարդկութեան ամենէն նուիրական զգացումը՝ սէ՛րը։
Ցաւերու, վիշտերու եւ ամէն տեսակ նեղութիւններու ատեն ամենէն աւելի պէտք է «հոգեկան առուգութիւն» մը, կորովալի տրամադրութիւն մը՝ չընկճուելու համար։ Տխրութիւնը, տրտմութիւնը, ցաւած հոգիները, արդիւնք աւշային խառնուածքի մը, հետզհետէ ա՜յնքան կ՚ընդհանրանան մարդկային միջավայրին մէջ, որ տեսակ մը «վատուժ յոռետեսութիւն» սկսած է դառնալ մարդուս ամենէն տիրող աշխարհահայեցողութիւնը։
Եւ երբ կը տիրէ յոռետեսութիւնը փոխանակ լաւատեսութեան, այդ կը նշանակէ, թէ հետզհետէ կը վատթարանայ մարդկութեան ընդհանուր կացութիւնը՝ ըլլա՛յ անհատապէս, ըլլա՛յ հաւաքաբար։
Հասարակութեան մը աշխարհահայեցողութիւնը մանաւանդ ժողովրդականացած ձեւի մը տակ, կը յայտնուի մտաւորականներուն եւ յատկապէ՛ս արուեստագէտներուն միջոցաւ։ Այն հասարակութիւնը, որ չունի ընդհանուր մտաւորական-գեղարուեստական կեանք մը, եւ սահմանափակուած է մասնակի գեղարուեստական շրջանակով մը, այդ հասարակութիւնը աշխարհահայեցողութենէ զո՛ւրկ է։ Մտաւորական-գեղարուեստական լայն շրջանակն է որ կը բանայ նոր հորիզոններ հասարակութեան մը առջեւ։
Ուստի, կորովի եւ առուգութեան, մտածելու, խորհրդածելու եւ դատողութեան տարերքներն են, որոնք պէ՛տք է մտնեն հասարակութեան ընդհանուր նկարագրին մէջ։ Այս ուղղութեամբ դպրոցներ եւ ընթերցանութեան գիրքերն են, որոնք հասարակութեան մը մէջ զգալու, խորհելու, դատելու եւ եզրակացնելու եղանակ մը, աշխարհահայեցողութիւն մը կը ներարկեն, եւ նորէն նոյն դպրոցները եւ նոյն գիրքերն են, որոնք զգալու, անդրադառնալու եւ դատելու այդ եղանակը կը փոխեն։
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ հասարակութեան մը կրթական աստիճանը եւ պայմանները կ՚որոշուին նոյն հասարակութեան մէջ խօսքի եւ գործի համեմատութիւնը, խօսքին գործէն կամ գործին խօսքէն աւելի կամ պակաս ըլլալու չափով։
Կարգ մը հասարակութիւններու մէջ, զոր օրինակ, խօսքէ աւելի օրինակներն են որ կը գործեն։
Կրթութիւնը, արդարեւ, բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, այն չթերացող միջո՛ցն է, որով նոր սերունդը կը պատրաստուի այնպէս, ինչպէս որ ըլլալու է, եւ այնպէս, ի՛նչպէս որ կ՚ուզուի։
Երբ դպրոցներէ ընթացք մը կը սպասուի, ասիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ հաստատ, մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի սկզբունքներու վրայ։ Դպրոցներէ շրջանաւարտ սերունդներ եթէ վատուժ են եւ շուարած, որոնց մէջ կը պակսի կորովը, առուգութիւնը եւ յատկապէս ինքնավստահութիւնը, այդ կը նշանակէ որ դպրոցը չէ՛ կատարած իր էական պարտականութիւնը եւ թերացած է իր պաշտօնին մէջ։
Երբ մէկը չունի ինքնավստահութիւն, իրական աշխարհն ալ չի կրնար ճանչնալ, միշտ կը մնայ անփորձ։ Կեանքը ճանչնալու պատրաստ է ան՝ որ դատողութեան վրայ հիմնուած առողջ մտածումներ ունի։ Եւ ամէն մարզի մէջ միշտ նոյն տխուր եւ խղճալի վիճակը ցոյց կու տան անոնք՝ որ լաւ պատրաստուած չեն մտներ կեանքի պայքարին։ Ի վերջոյ, տակաւին չսկսած, դասալիք կ՚ըլլան կեանքէն եւ անյաջող, ապերջանիկ սերունդներու ներկայացուցիչները կը մնան։
Չպատրաստուած կեանքի պայքարին մտնողներու գործերը վատուժ արտադրութիւններ են ընդհանրապէս՝ անօգուտ եւ անիմա՛ստ։ Եւ անոնք կթոտ իղձերու ձեւին տակ կ՚արտայայտուին, ցոյց տալով կենսականութեան պակասը իրենց մէջ։ Անվստահութիւնը ամենամեծ վտանգն է, որ կը յայտնուի հասարակական կեանքին մէջ։
Պէ՛տք է ուրեմն միջոցներ խորհիլ, արդիւնաւոր սերունդներ հասցնելու համար՝ դատող, իր շրջապատին եւ գոյութեան անդրադարձող, շիտակ որոշում տուող սերունդներու համար, եւ մէկ խօսքով ինքնավստա՜հ սերունդներու համար։
Այն հասարակութիւնները որ գաղափարային բարձրութիւն մը ունեցած են եւ կրցած են զայն պահպանել եւ տեւականացնել, անոնք գիտցած են գաղափարը տածողները յարգել, գնահատել միտքը եւ անոր արդար արտադրութիւնները։
Ուստի, քիչ մը կորով եւ քիչ մըն ալ առողջ մտածում, պիտի համոզեն մտահոգուող գիտակից միտքերը, թէ անհատական ձեռներէցութեամբ կարելի է մեծ օգտագործութիւններ ունենալ հասարակութեան համար, այդ կորովէն եւ առողջ մտածումէն փոխանցելով հասարակութեան բոլոր խաւերուն մէջ անխտիր եւ հաւասար չափով։
Արդարեւ, մարդուն մտաւորական եւ բարոյական անկումը միայն հիւանդութիւններով, դժբախտութիւններով չի պատահիր։ Քաղաքակրթութիւնն ալ, որքան որ ալ յոգնեցնող, սպառող եւ քայքայող ըլլայ, չի՛ բաւեր այլասերելու մարդկութիւնը, եթէ գիտակցութիւնը ունենանք ֆիզիքական-մարմնական խնամքներու եւ հոգածութեան հետ հոգի՛ն ալ չմոռնալ։ Անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը վնասակա՛ր է մարդուն։ Այլասերումի գլխաւոր պատճառներէն է։ Ուստի մարդոց անկումին մէջ, այլասերումին մէջ շատ մեծ դերը ունի անտարբերութիւնը։
Եւ եթէ կ՚ուզենք առողջ սերունդներ ունենալ, կոտրենք անտարբերութեան արգելքը, եւ իրապէս առողջ, արդիւնաբեր եւ մանաւանդ գիտակից եւ թէ՛ իր էութեան եւ թէ՛ իր շրջապատին անդրադարձող սերունդներ պատրաստենք։
Ուստի, յառաջանալու բաղձանքը եւ առիթները կ՚որոշեն մարդուս կացութիւնը։ Տղու մը՝ իր հակումները ցոյց տուող նշաններէն աւելի տարտամ բան չի կրնար ըլլալ։ Շատ անգամ հետեւանքն են անոնք «դիտուած»ի մը քան թէ որոշ յարմարութեան մը՝ որ ամէն անգամ հանճարը, ստոյգ հանճարը, տաղանդէ չէ՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 27, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024