ԱՐԴԱՐԸ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԷՐԸ ԵՐԱԶ ԵՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ ԱՐԱՐՄԱՆ

Տարբերութիւնը մեր ըրածին եւ ընելու կարողութեան միջեւ պիտի բաւէր աշխարհի հարցերուն մեծ մասը լուծելու:
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ

Ազգերը չեն ապրիր առանց երազի: Պատմութիւնը աներազ ազգերու դամբարան է:

Երազները չեն իրականանար հրաշքով, որ գիտակցական աստեղային պահու մը յանձնառութիւն է՝ անհատի եւ հաւաքականութեան յեղափոխուելու կամքով:

Ինչ կը վերաբերի մեր ներկային, մեր ուղեղը քերելով՝ կրնանք լաւատեսութեան բազմաթիւ փաստեր բերել եւ ընել հակառակը՝ կեր հայթայթելու համար յոռետեսութեան: Այդ (չ)արուեստին վարպետները հին Յունաստանի մէջ կը կոչուէին սոփեստ (sophiste), հայերէն կ՚ըսենք՝ իմաստակ:

Եթէ կարելի ըլլար, կարծիքներ յայտնելէ եւ ճառեր խօսելէ առաջ թաղի սրճարանին կամ մեծանուն ժողովներու մէջ, շողանկարը (radioscopie) ընել հայկական իրականութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքներու, լաւատեսութիւնները եւ յոռետեսութիւնները կը փոխարինէինք իրատեսութեամբ, որ յեղափոխելու եւ յեղափոխուելու առաջին քայլն է:

Ճշմարիտ երազները կ՚իմաստաւորուին իրատեսութեան աւազանին մէջ:

Իրատեսութիւնը իմաստութեան եւ ապագայակերտ ըլլալու միտող քաղաքականութեան նախապայմանն է, խոստումներու բառակոյտով չի սահմանափակուիր: Ան հականիշն է ենթակայական, կողմնապաշտական, շահախնդրական, փառասիրական եւ այդ բոլորին հասարակ յայտարարը հանդիսացող եսապաշտութիւններու:

Կը դիտե՞նք աշխարհը, ուր ղեկավարութիւնները կը շնչեն ընտրութիւններու գոռում-գոչիւնով: Հազիւ քուէատուփերը փակուած, մեծ ու պզտիկ կը մտածեն յաջորդ ընտրութեան մասին՝ մրցադաշտի վրայ մնալով, քննադատութիւններով: Այս լարումը չի բացատրուիր ժողովուրդին ծառայելու ցանկութեամբ, այլ՝ սեփական եսով ու փառասիրութեամբ:

Այն վայրկեանէն սկսեալ, երբ կը յաջողինք մեր ժամանակը, աշխարհը, մեր ընկերութիւնը եւ մենք մեզ դիտել ենթահաշիւներով չառաջնորդուող շողանկարի տուեալներով, մեր գնահատումները եւ նախաձեռնութիւնները կը սկսին ունենալ տարբեր որակ, յառաջ երթալու համար կը վերականգնին ինքնավստահութիւնը եւ վստահութիւնը՝ ղեկավարումի նկատմամբ: Ղեկավարումի՝ եւ ոչ ղեկավարներու:

Այս մօտեցումը անհրաժեշտ է համայն աշխարհի համար: Նաեւ՝ մեր ժողովուրդին համար, որ Հայաստանի բեկորի վերանկախացումէն ետք կանգնած է ազգային վերականգնումի դժուար խնդիրին առջեւ, երբ նկատի կ՚ունենանք մեր ազգին նկատմամբ երէկ գործուած եւ այսօր շարունակուող բազմատեսակ նախայարձակումները՝ հողային, համրանքի, մշակութային, տնտեսական:

Վերականգնումի բարդ խնդիր, երբ աշխարհի կարգը հետզհետէ աւելի անհատապաշտական կը դառնայ դրամի համայնակուլ կայսերապաշտութեան աւազանին (կամ ճահիճին) մէջ, ուր Հոպզի «Մարդը մարդուն գայլն է» ասութիւնը աւելի քան կանոն է, այսօր աւելի քան երէկ, հակառակ ճառերու եւ հակառակի փաստերու, կամ մեր եւ բնութեան կողմէ յառաջացած աղէտներու համար գումարուած ամպագորգոռ ժողովներու:

Իրատես ըլլալու համար եթէ հետեւինք մամուլի տեղեկատուութիւններուն, պիտի իմանանք, որ աշխարհի միլիառատէրերու թիւը տեւաբար կ՚աճի, չենք խօսիր միլիոնատէրերու մասին, որոնք ընթացիկ դարձած են: Այդ անհաշուելի գումարները կը դիզուին ուրիշի եւ ոչ սեփական քրտինքով: Երբ իրենց օրապահիկը ապահովելու համար խեղճուկ նաւերով ձկնորսներ կան, անդին զբօսաշրջային նաւահանգիստներու մէջ շարուած կը տեսնենք անհաշիւ եւ միլիոնաւոր տոլարներ արժող պերճանաւեր:

Նուազագոյն ողջմտութիւն ունեցող քաղաքացին պիտի ուղղէ իրատեսական պարզ հարցումը. ինչո՞ւ կը գումարուին լրատուամիջոցներուն կեր հայթայթող մեծամեծ ժողովները, որոնք իրենց կարգին կ՚արժեն մեծ գումարներ՝ վճարուած համեստներու տուրքերով: Այդ տիղմին վրայ կը տեւեն անարդարութիւնները, անհաւասարութիւնները, պատերազմները: Այս բաղդատական մտորումները կարելի է շարունակել՝ կողք-կողքի դնելով խրճիթներու եւ ապարանքներու պատկերները, մենաշնորհեալներու եւ համեստներու զաւակներուն յաճախած դպրոցները, պերճանքի արտաքին բոլոր արտայայտութիւնները:

Այսքան իրատեսութիւն եթէ ունենանք, կը հասկնանք համաշխարհայնացման աղէտին մէջ ժողովուրդներու տեղաշարժը, անզսպելի հեղեղային գաղթականութիւնները, իրենց բնական միջավայրէն անջատուող, արմատախիլ եղող, որոնք նաեւ կ՚ապակայունացնեն երկիրներ, որ կը նշանակէ՝ աշխարհը, հող պատրաստելով վաղուան մեծ բախումներու:

Արդարութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ մասին կը խօսին եւ անոնց ուղղութեամբ կը գործեն արտակարգ անհատներ՝ ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան ընդունուած արժէքային համակարգէն դուրս, բացառութիւններ: Անոնք սրբացուած Մայր Թերեզաներն, որոնք ոչինչ կրնան փոխել ընկերութեան բացասականութենէն, իսկ հզօր երկիրները եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը չեն ղեկավարուիր Մայր Թերեզաներով:

Ի՞նչ կ՚ըսէ իրատեսութիւնը՝ դիտելով այս բաղդատական պատկերը: Ի՞նչ է իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնը, ինչ որ ալ ըլլան անոր ազգութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, մորթին գոյնը: Երբ չեն ստանձնուիր պատասխանատուութիւնները, կը դառնանք մեղսակից: Այս պարագային մեղսակից՝ մեր անհատական աւերին, ընտանեկան, ազգային, համամարդկային: Չարագործը պէտք է փնտռենք նախ մեր մէջ, մեր ընչաքաղցութեան, փառասիրութեան, եսին մէջ, երբ անկարող դարձած ենք լսելու ֆրանսացի իմաստասէրին բանաձեւումով համամարդկային բարոյականութեան սահմանումը, որ՝ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», մտածելով խեղճ ձկնորսի նաւակին եւ անաշխատ գումարով ստացուած պերճանաւին մասին: Ինչո՞ւ չարը եւ թշնամին փնտռել մեզմէ դուրս:

Եթէ միայն ունենայինք հոգեկան բաւարար ուժ իրապէս իրատես ըլլալու եւ մենք մեզ տեսնէինք խլեակի նմանող նաւակ ունեցող ձկնորսին կամ զաւակներու տէր գործազուրկին տեղ, Մայր Թերեզա չէինք ըլլար թերեւս, բայց կը հասկնայինք իրաւ մարդկային արժէքը դրամատուներու մէջ քնացող եւ տեւաբար զերոներով ճոխացող մեր ուժին մասին վկայող գումարներու:

Եթէ ունենայինք մարդկայնօրէն յեղափոխուելու հոգեկան ուժ, կեանքը կ՚իմաստաւորէինք, ընկերութիւնը կը դառնար աւելի արդար, ճշմարտութիւնը կը դադրէր կեղծիքի շպար ըլլալէ, եւ մեր սէրերը հասցէ կը փոխէին, մակերեսայինէն եւ ժամանակաւորէն կը դառնային դէպի հասարակաց արժէքները, այն առաքինութիւնը, զոր յիշեցի, որ՝ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Եթէ ունենայինք բաւարար հոգեկան ուժ մենք մեզ եւ ուրիշները այս գիտակցութեամբ դատելու, իսկական յեղափոխելու եւ յեղափոխուելու լուսաւոր ճամբուն մէջ կ՚ընդգրկուէինք:

Այս երազապաշտական-իրապաշտական մտորումները ունենալով հանդերձ ընդհանուր բնոյթ, կը վերաբերին նաեւ մեր ժողովուրդին, որ իր պատմութեան ընթացքին կրած բազմաթիւ հարուածներուն եւ դժբախտութիւններուն պատճառով որդեգրուած է «ով կրնայ իր գլուխը թող փրկէ»ի գործնապաշտութեան մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հակառակ «էսթեպլիշմընթ»ներու, բազմաթիւ եւ նոյն, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հոգեպարար խօսքերուն:

Իրատես պէտք է ըլլալ: Օտարներու կողմէ իրաւազրկուած ենք: Բայց նաեւ զարգացուցած ենք ներքին իրաւազրկումներ եւ անհաւասարութիւններ, միջազգայինի զուգահեռ՝ հաստատելով ներհայկական «դրամի կայսերապաշտութիւնը» իր բոլոր հետեւանքներով եւ բացասականութիւններով:

Եթէ մարդկային եւ ազգային տեսիլք ունենայինք, սփիւռքի հայերու յաջողութիւնը կը ծառայեցնէինք նաեւ համեստներու բարօրութեան՝ ստեղծելով համապատասխան կառոյցները, ոչ միայն ողորմութեան նմանող նպաստներով: Անցեալին անոնց պատկերը «պնակ մը կերակուր» էր, այսօր կարգ մը վայրերու մէջ «ժողովրդական կոչուած բնակարաններ»:

Դպրոցները կը վկայեն դասակարգային տարբերութիւններու մասին՝ հասնելով յաճախ նաեւ հոն, ուր հայ տղան կամ աղջիկը, «դրամի պատճառով», ափ կ՚առնէ օտար վարժարաններու դուռը: Այդ կ՚ընեն նաեւ քաղքենիներ՝ յաջողութեան եւ երեւելիութեան պատճառով, տրամագծօրէն հակառակ ցանկութիւններով:

Հայ դրամատէրը յաճախ կը շահագործէ կարիքաւոր հայը, ինչ որ կ՚անդրադառնայ ընտանեկան բարքերուն, հայկական միջավայրէ խզումներու: Սփիւռքներու հայապատկան դրամագլուխը եթէ մասամբ ներդրուի հայկական համայնքներու կեանքին մէջ, ոչ միայն անուն յաւերժացնելու համար, այլ մարդոց կեանքի բարելաւման՝ հայկական ընկերութիւնը որակ եւ հզօրութիւն կը նուաճէ:

Համեստ ընտանիքի զաւակը երբ կը դիմէ օտար դպրոց, կամ պարզապէս կը մնայ անուս, այդ հետեւանք է հայկական վերնախաւի եսասիրութեան, անպատասխանատուութեան: Ինչո՞ւ այս բարձրաձայն չ՚ըսուիր, եւ ղեկավարութիւնները կը գոհանան թերեւս մեծագումար նուիրատուութիւններով, թէեւ անոնք կը մնան բարեսիրութեան սահմաններուն մէջ: Բարեսիրութեամբ ազգային, մշակութային եւ պետական վերականգնում տեղի չ՚ունենար: Վերականգնումը կ՚ենթադրէ այլ որակ եւ ծաւալ:

Ինչո՞ւ ուսումնասիրութիւն մը չի կատարուիր հայածնունդ մարդոց անունով գոյութիւն ունեցող հիմնադրամներու մասին, որոնք կը ծառայեն ո՛չ հայերու եւ ոչ հայկական նպատակներու՝ հայոց բաժին հանելով տոկոսային փշրանքներ: Այդ հիմնադրամները, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ, Հայաստանի եւ սփիւռքներու հզօրացման, վերականգնումին եւ որակին կրնային նպաստել: Բայց, ինչպէս ըսի, փշրանքներ միայն բաժին կ՚ըլլան հայերուն ընդհանրապէս: Հասցէները լուսանկարի պէտք չունին:

Մեզ յուզող եւ խանդավառող վերանկախացած Հայաստանը եթէ միայն դիտենք հեռանալով Երեւանի Հիւսիսային պողոտայէն, երթանք քարընկէց մը հեռու Երեւանի անմիջական դրացնութեամբ բնակավայրերը, Արարատեան դաշտի գիւղերը եւ աւանները, պիտի տեսնենք մերկ իրականութիւնը: Կարծէք՝ այդ բնակավայրերը տարիներ տեւած ռմբակոծումներու աւերակներ ըլլան: Ինչո՞ւ յուզուած զբօսաշրջիկները տեսարժան վայրեր առաջնորդող ընկերութիւններու ցանկին վրայ չեն հայրենիքի այդ մասերը նաեւ: Ոչ միայն Տաթեւը, այլ նաեւ՝ Չարբախը: Այդ ճիգը կ՚ըլլայ իրաւ հայրենասիրութիւն, որպէսզի լուսաբանուինք իրականութիւններու պատկերով եւ ապա նախաձեռնենք:

Հերոսական դրուագներու մասին նկարահանումները օգտակար են, կը գօտեպնդեն: Բայց անտեսուած թշուառ շրջաններու մասին խօսիլը դրական կ՚ըլլայ, արթնութեան սկիզբ, ներդրումներու եւ զարգացումներու, որպէսզի ունենանք բնակուած հայրենիք, ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, հետեւելով հայ գրողի խօսքին՝ «մի քաղաքով ի՛նչ երկիր» (Վիգէն Խեչումեան, «Գիրք լինելութեան»):

Այդ աւերակ դարձած շրջաններու բնակիչները երբ զրկուած կ՚ըլլան նուազագոյնէն, մանաւանդ՝ տեսնելէ ետք Երեւանի ճոխութիւնները, իրենց հայեացքը կ՚ուղղեն երկրէն դուրս՝ աւելի լաւ կեանքի մը յոյսով: Այդ շրջաններուն մէջ կան լքուած գործարաններ, նոր ժամանակներու հնութիւններ, որոնցմով չեն զբաղիր հնախոյզները: Հայաստանի մէջ կան տնտեսապէս յաջողած մարդիկ, որոնք ի վիճակի են բանեցնելու այդ գործարանները՝ տեղական արտադրութեամբ փոխարինելով անմիջական շահ ապահովող ներածումները, ստեղծելով աշխատատեղեր, այն պարզ գործնապաշտութեամբ, որ բարեկեցութիւնը արգելք կ՚ըլլայ արտագաղթի, եւ հարստութիւնը կը մնայ երկրին մէջ, կը դառնայ հզօրացման ազդակ: Հզօրացում, որուն ականջալուր ենք հեռատեսիլէն եւ բարձրախօսներէն:

Պարզ պէտք է ըլլայ, որ արտաքին եւ ներքին ներդրումները պէտք է դադրին զբօսաշրջային եւ ցուցադրական ըլլալէ, այլ ունենան համազգային վերականգնումի որակ: Կար ժամանակ, երբ Հայաստանը հիւսուածեղէնի եւ կաշեգործութեան հզօրութիւն էր Խորհրդային Միութեան մակարդակով, միջազգային հռչակ ունէր իր գիտական կեդրոններով: Մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ չվերականգնելու համար այդ հզօրութիւնը եւ բաւարարուելու հիւրանոցներով եւ աչքի խտիղ պատճառող ճաշարաններով, սրճարաններով եւ խաղատուներով:

Յաճախ կ՚իմանանք Հայաստանի «օլիկարխ»ներու մասին, որոնց ոչինչ արտադրող գեղատեսիլ ապարանքները կը տեսնենք: Եթէ անոնք համախոհութեան հրաշք պահու մը վերականգնէին գործարանները, ստեղծէին նորերը՝ զարգացնելով Հայաստանի բոլոր շրջանները, իրենք կատարած կ՚ըլլային հայրենապաշտպան եւ հայրենակերտման իսկական գործ, նոյնքան կարեւոր, որքան՝ բանակը, քանի որ հզօրացած կ՚ըլլար թիկունքը:

Սպառողական ընկերութեան բարիքներէն օգտուելու կիրքը կրնա՞նք փոխարինել, կամ վերաորակման ենթարկել, հոգեպէս յեղափոխուելով, որպէսզի յեղափոխուի երկիրը անհատականի գերանցումով:

Հաւանօրէն պէտք է կրկնել, որ «յեղափոխել-յեղափոխուիլ» կը յաջողի անձին օրինակով հեղինակութիւն ունեցող առաջնորդներով: Այս ըմբռնումով եթէ խօսինք լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան մասին, մեր ազգային-քաղաքական ըմբռնումները ոստում կը կատարեն, օղակ կը փոխեն:

Սփիւռքը կը դադրի ըլլալէ յուզուող հայրենասէրներու ակումբ, կը կազմակերպէ հայրենադարձութիւն, Հայաստանը չ՚ըլլար սոսկ զբօսաշրջային հասցէ կամ բացիկ, կը դառնայ հայաբնակ հայրենիք համայն հայոց:

Ոչ միայն Մայր Թերեզա, այլ նաեւ եւ մանաւանդ՝ Մահաթմա Կանտի կամ Շարլ տը Կոլ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017