ՀԱԼԷՊԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Վերջին շաբաթներուն յատուկ կարգադրութեամբ մը կատարուեցաւ Հալէպը հարուածած պատերազմի թէժագոյն փուլերուն ընթացքին մահացած հանգուցեալներու աճիւններուն տեղափոխումը: Ճիշդ է, որ այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կամ տեղեկութիւն մը լոյսին չտրուեցաւ, սակայն պարզորոշ էր, որ այդ կարգադրութիւնները կը կատարուէին Բերիոյ Թեմի ազգային մարմիններուն նախաձեռնութեամբ եւ հսկողութեամբ:

Հալէպի պատերազմը այնքան ծանր էր, որ իրարմէ կը բաժնէր ոչ միայն ողջերը, այլ նաեւ հանգուցեալները: Հալէպի հայկական գերեզմանատուները կը գտնուին «թէժ գօտի» համարուող Շէյխ Մագսուտ շրջանին մէջ ու այդ իսկ պատճառով, մինչեւ այս տարուան Յունուարը անհնար էր, որ հանգուցեալներու թաղումը այնտեղ կատարուի: Քաղաքի ազգային մարմինները յատուկ նախաձեռնութեան մը դիմելով «ժամանակաւոր» գերեզմանատան կարգադրութիւն կը կատարէին եւ այդ շրջանին մահացող բոլոր հանգուցեալներու (ըլլան անոնք բանակի մէջ ծառայող զինուորներ, պատերազմի զոհեր կամ Աստուծոյ մահով կեանքէն հեռացած հայորդիներ) յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կը կատարուէին Քարմելիթ միսիոնարներու պատկանող վանքին մերձակայ հողամասի մը մէջ: Այդ «ժամանակաւոր» գերեզմանատունը կը գտնուէր Ալ Շահպա շրջանին մէջ:

Հալէպ մնացող մեր հայերը կը հաւատային, որ պատերազմը օր մը պիտի դադրի ու իրենք առիթ պիտի ունենան իրենց մեռելները վերստին թաղելու:

Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն, շրջանի մը մէջ թաղուած հանգուցեալին դիակը կարելի է տեղափոխել անոր թաղման օրէն երեք տարի անց: Ու այս պատճառով է նաեւ, որ օրերս տեղի ունեցող վերաթաղման արարողութիւնները կը կատարուին այն հանգուցեալներուն, որոնք իրենց աչքերը փակած են 2014 թուականին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ՄՈՒՏՔ

2016-ի Դեկտեմբերին Հալէպի հիմնական շրջանները կ՚ազատագրուէին ահաբեկչական խմբաւորումներու ճիրաններէն: Այս առթիւ Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի խմբագիրը կը ստորագրէր ուշագրաւ խմբագրական մը, ուր կը գրէր.

«Հալէպ 2012-ի Օգոստոս ամսուընէ սկսեալ, հինգ տարի շարունակ, ապրեցաւ դժոխային օրեր: Կրեց բազմատեսակ զրկանքներ, բայց համբերեց: Ականատեսը եղաւ ահարկու բարբարոսութիւններու, բայց արշալոյսին ոտնաձայնը առաւ ու սպասեց, դիմադրեց: Ատելութեամբ սնանած ահաբեկիչներ, որոնք երբեմն քաղաքի թաղամասերուն անգամ ծանօթ չէին, քանդեցին  դպրոցներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ, մշակութային կեդրոններ: Թալանեցին գործարաններ, բարեսիրական կեդրոններ, հիւանդանոցներ, գրադարաններ, անկելանոցներ, գործատեղիներ, բնակարաններ: Բայց հալէպցին շարունակեց իր կրթական, մշակութային, բարեսիրական գործունէութիւնը: Շարունակեց աշխատիլ ու դժուարութեամբ վաստակել իր ապրուստը:

«Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը տնազուրկ դարձաւ, ունեցաւ նահատակներ, զոհեր եւ վիրաւորներ: Հայ համայնքը եւս ապրեցաւ այս բոլոր դժուարութիւնները, ունեցաւ տնտեսական, մարդկային կորուստներ: Քանդուեցան հայ բնակիչներու աւելի քան 1000 բնակարաններ, ազգային, միութենական կառոյցներ: Անցնող հինգ տարուան ընթացքին համայնքը ունեցաւ 102 զոհ, 379 վիրաւոր, 32 նահատակ: Նման դժուարութիւններու լոյսին տակ ոմանք գաղթեցին, ուրիշներ տեղափոխուեցան Սուրիոյ այլ նահանգներ՝ գէթ իրենց կեանքը փրկելու:

«2016-ի Դեկտեմբեր 12-ը պատմական օր մը եղաւ Հալէպի բնակչութեան համար: Սուրիական բանակը ազատագրեց Հալէպ քաղաքի տարածքին 99 առ հարիւրը:

«12 Դեկտեմբերին յայտարարուած Հալէպի ազատագրումը թէեւ պատերազմին աւարտը չէր աւետեր, սակայն անկիւնադարձ մըն էր սուրիական պատերազմին մէջ, նկատի ունենալով որ Հալէպը Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է, տնտեսութեան մայրաքաղաքը»:

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ես յաջողեցայ Հալէպ կապուիլ ու ստանալ տեղւոյն ազգային գերեզմանատուն մուտք գործելու մասին տեղեկութիւնը:

Ականատեսը, որ յայտնի պատճառներով կը մերժէր անունը տալ՝ կ՚ըսէր. «Գերեզմանատուն առաջին մտնողները եղանք, շրջանին մէջ մարդ մարդասանկ չկար եւ դուռը հրեցինք ու ներս մտանք: Մի քանի գերեզմաններ կային, որ հրթիռներու բեկորներ ստացած էին, բայց ատոնք քիչ են: Մենք մատուռին մէջ աղօթեցինք, ուր երեւի հինգ տարիէ ի վեր ոչ մէկ աղօթք հնչած էր: Մեր ընտանեկան դամբարանն ալ այցելեցինք ու հոն ալ մոմ վառեցինք: Չէի պատկերացներ այս վիճակին մէջ տեսնել գերեզմանատունը մանաւանդ, որ անոր շուրջ ծանր բախումներ եղած էին: Բաւական դժուարութեամբ հասանք: Անցարգելներէն մէկուն վրայ բանակի զինուորներ արգիլեցին մեր երթը, անշուշտ ապահովական մտավախութիւններով, բայց ջանք թափելէ եւ մեր մօտ եղած մոմերը ցոյց տալէ ետք ըսինք, որ պիտի այցելենք մեր շիրիմները: Անշուշտ միշտ բաց եւ յայտնի ճամբաներէ կը քալէինք խուսափելու համար ականներէ»։

Ընկերոջ մը հետ բաւական դժուարին ճամբաներէ գերեզմանատուն հասնող հայորդին կը պատմէր նաեւ այն մասին, որ փորձած է գտնել շիրիմին վայրը: Ան այս առումով կ՚ըսէր՝ «Փորձեցի Յակոբ Օշականին շիրիմը գտնել, բայց անհնար էր: Ահաւոր գէշ զգացումներով հեռացանք գերեզմանէն: Ի՞նչ ըսեմ՝ տխուր էի՞ կամ ուրախ,   ես ալ չեմ գիտեր: Ունեցած զգացումներուս անուն չկրցայ տալ: Պարզապէս հայու ճակատագիր, անտէր գերեզմաններ, որոնց շատերուն տէրերը այսօր չկան, բայց յոյսով ենք որ կը վերադառնան»:  Մեր ականատես բարեկամը իրաւացի էր, որովհետեւ քաղաքին մէջ հաստատուած խաղաղ դրութեան հետեւանքով պատերազմական շրջանին մահացած հանգուցեալներու պարագաները կը յայտնուէին, ու անոնք բոլորն ալ հետամուտ կ՚ըլլային իրենց մեռելները ազգային գերեզմանատուն փոխադրելու:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԱԳ ԱԿՆԱՐԿ

Հալէպցի արաբ լրագրող Սահիպ Անժարինի, որ ամիսներ առաջ Հալէպի գերեզմանատուներու մասին ընդարձակ նիւթ մը հրապարակեց՝ կը գրէ, թէ այն շրջանը, ուր կը գտնուին Հալէպի քրիստոնեաներու գերեզմանատուները, կը կոչուի «Սուրբ Մարիամի լեռ»: Լրագրողը, որ նկատել կու տայ, թէ այսօր քաղաքի այդ հատուածը ճանչցուած է որպէս «Շէյխ Մագսուտ»ի շրջան՝ կ՚ըսէ, թէ յիսուն տարիքը բոլորած հալէպցիներու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ շրջանը այդ անունով կոչել: Հալէպի ազգային գերեզմանատան հարեւանութեամբ կը գտնուին ասորի, յոյն ուղղափառ եւ կաթողիկէ, մարոնի, քաղդէացի, լատին, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու պատկանող գերեզմանատուներ:

Հետաքրքրական է նաեւ, որ այդ նոյն շրջանին մէջ գործած է հրէից գերեզմանատուն մը, որ վերջին քառասուն տարիներուն յայտնուած է լքուած ու անտէր վիճակի մէջ:

Հալէպի շուրջ եղած պատերազմի ծանր պահերուն ընթացքին քիչ չեն եղած այն դէպքերը, երբ ահաբեկիչ զինեալներ փորձած են մուտք գործել այդ գերեզամանատուները եւ որոնումներ կատարել ոսկի գտնելու նպատակով: Հալէպցի լրագրողը այս մասին ականատեսի վկայութիւն մը բերելով խօսած է գերեզմանատուներէն մէկու պահակութիւն ընող Ապու Մունիր անունով անձի մը հետ, որ այդ մասին արտայայտուելով՝ ըսած է. «Շատ յաճախ գիշերները ձայներ կը լսէի, յետոյ պարզ կը դառնար, որ անոնք գերեզման մտած են ոսկի փնտռելու համար: Քանի մը անգամ ալ խօսեցայ իրենց հետ: Երբ կը հարցնէի, թէ ի՞նչ գործ ունիք, հոս կը պատասխանէին. «Գիտես քրիստոնեաները իրենց մեռելներուն հետ ոսկեայ իրեր ալ կը թաղեն», ու եկած են այդ նպատակով»: Ապու Մունիր, որ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան չէ հեռացած այդ շրջանէն՝ զինեալներու խօսքերը արտաբերելով կը քմծիծաղի ու կ՚ըսէ. «Ասոնց գլուխը մտած է, որ քրիստոնեաները մեռելներուն հետ ոսկի ալ կը թաղեն, ալ եկուր հասկցիր...»։ Արաբ քրիստոնեայ գերեզամատուներէն մէկուն մէջ կայ բաժին մը, ուր ընդունուած են «հիւր մեռելներ»: Խօսքը Առաջին աշխարհամարտի օրերուն (1914-1918) այդ շրջաններուն մէջ զոհուած թիւով 261 գերմանացի զինուորներու աճիւններու մասին է, որոնց համար ալ յատուկ բաժին մը յատկացուած է: Այդ շիրիմները յայտնաբերուած են վաղ 1990-ականներուն եւ Սուրիոյ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ գերման զինուորներու շիրիմները «կարգի բերուած են» եւ անոնց բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2005 թուականին:

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՔԹ. ՎԱԶԳԷՆ ՊԵՐՂՈՒՏԵԱՆԷՆ

«Այսօր գերզմատան վիճակը շատ լաւ է, մաքրած են եւ սկսած են վերանորոգել պատերազմի հետեւանքով վնասուած բոլոր դամբարանները: Ես այցելեցի Հալէպի հայկական գերեզմանատունը, որ կը գտնուի հայկական թաղամաս՝ Նոր Գիւղի մօտ»։ Այս խօսքերը կը պատկանին հալէպահայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Վազգէն Պերղուտեանին: Բժիշկը, որ վերջին շրջանին Հալէպ եղած էր, առիթն ունեցած էր նոյնպէս այցելութիւն տալ ազգային գերեզմանատուն: Պերղուտեան կը պատմէ. «Հալէպի հայկական գերեզմանատունը շատ հին է: Այն գոյութիւն ունի 1920-ական թուականներէն: Բոլորս գիտենք, որ Հալէպի պատերազմի ընթացքին, այդ շրջան հասնիլը անհնար էր, որովհետեւ կը գտնուէր հարուածի տակ: Այս իսկ պատճառով, վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, հալէպահայերը ննջեցեալները սկսան թաղել Հալէպի արեւմտեան մասը՝ Ալ Զահրա փողոցը գտնուող Քարմելիթ գերեզմանատան մէջ»:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան անմասն մէկ հատուածը կը կազմէ Հալէպ քաղաքի ընդհանուր պետութիւնը: Հոն է նաեւ, որ հայութիւնը իր առաջին շունչերը քաշելէ ետք զարկ տուած է մշակութային ուրոյն կեանքի մը, որ կը շարունակուի ցայսօր: Պատութիւնը ուսումանսիրողներուն համար, Հալէպի իւրաքանչիւր թաղ, փողոց, շէնք, կառոյց, տուն, եկեղեցի եւ ակումբ արժէքաւոր է: Ա՛լ ուր մնաց, երբ խօսքը կը վերաբերի ամբողջ հարիւր տարի մը եւ աւելի այդ քաղաքին մէջ ապրած, գործած, կերտած հայորդիներուն աճիւնները ընդունած գերեզմանատուները:

Անոնք նաեւ՝ գերեզմանատուները մեր հաւաքական յիշողութեան մաս կը կազմեն եւ արժանի են համապատասխան վերաբերմունքի եւ ուշադրութեան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017