ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ՀԱՐՑԵՐԸ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Համայնքային շրջանակներէն ներս ներկայիս դարձեալ օրակարգի վրայ կը գտնուին Մուրատ Սիւմէի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի ծաւալած գործունէութեան վերաբերեալ մտահոգիչ պնդումներ։ Այդ լսումները կը վերաբերին եկեղեցապատկան կալուածներուն, անոնց համար թաղային խորհուրդի կողմէ տրուած լայն լիազօրութիւններով փոխանորդագրերու եւ այս հիման վրայ բնականաբար վաճառքներու։ Այս բոլորը արձագանգ գտած են նաեւ մամուլի մէջ։ Նման իրավիճակի մը մէջ Մուրատ Սիւմէ հրաւիրուած է Պատրիարքարան։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութիւնը հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ բերած է համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած մտահոգիչ լուրերը, որոնք Մուրատ Սիւմէի կողմէ որակուած են անհիմն ու կողմնակալ։ Ան փորձած է արդարանալ տեսակցութեան ընթացքին։
Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պիւյիւքտէրէի վերաբերեալ առկայ հարցերը յառաջիկայ օրերուն Կրօնական ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գան։ Աւելի վերջ ալ հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի՝ կացութիւնը տեղւոյն վրայ քննարկելու համար։