ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ԽԱՂԱԼԻՔ ՎԱՃԱՌՈՂԻՆ ՄՕՏ

-Հիմա, դուն այսինքն անակնկալի՞ պիտի գաս, Կաղանդի գիշերը շա՞տ պիտի ուրախանաս, երբ տեսնես նուէրի թուղթով փաթթուած այս տուփը,- կ՚ըսէ խաղալիք վաճառողը մանուկի մը, որ եկած է ծնողքին հետ, գտած է իր նախասիրած ու փափաքած խաղալիքը ու ահա նուէրի տեսքով շալկած դուրս պիտի ելլէ խաղալիք վաճառողին խանութէն:

-Այո՛, հապա, հահահա, շատ պիտի ուրախանամ ու այս տուփը ե՛ս պիտի տեղաւորեմ տօնածառին տակ, որպէսզի Կաղանդի գիշերը բանամ ու խաղամ անոր պարունակութեան հետ, քանի՜ ամիսներու փափաքս է, գիտէ՞ք,- հրճուանքով կը պատասխանէ ճարպիկ մանուկը:

-Է, լաւ է, ուրեմն Կաղանդ պապուկի տարազն ալ հագիր ու դուն քեզի նուէրդ տո՛ւր,- ծիծաղելով կը շարունակէ վաճառողը:

-Ի՞նչ Կաղանդ պապուկ, դեռ կա՞ն մարդիկ, որ կը հաւատան անոր գոյութեան, սուտ-սուտ բաներ...,- կ՚աւելցնէ համարձակ մանչուկը ու ուրախութեամբ դուրս կ՚ելլէ խանութէն:

SECRET SANTA

Մի քանի գործընկերուհիներ իրարու հետ կը զրուցեն յաջորդ օրուան տեղի ունենալիքին մասին.

-Շատ խանդավառուած եմ, վաղը Secret Santa պիտի խաղանք, իւֆ, քիչ մը հանգիստ կ՚ընենք, գործի մթնոլորտէն կը հեռանանք, միօրինակ, միապաղաղ է այլեւս, քիչ մը փոփոխութիւն պէտք է, խանդավառութիւն:

-Այո՛, անշուշտ, վերջին մի քանի տարիներուն շատ լաւ եղաւ այս նոր ձեւը, ամէնքս նուէր կը ստանանք, ամէն տարի ալ նորութեամբ մը կը համեմենք մեր խաղը:

-Շա՜տ լաւ եղաւ, շա՜տ, մանաւանդ երբ Secret Santa-դ աղուոր հնարքներ կը ստեղծագործէ ու անակնկալներով կը շրջապատէ իր նուիրառուն եւ ամիջապէս չի բացայայտեր իր ինքնութիւնը, մտածել կու տայ, հետաքրքրական ու դիւանագէտ միտքեր կը յղանայ ու կը շփոթեցնէ:

-Հահա, ճիշդ ես:

-Երէկ աղջկաս հետ շուկան էի, խանութ խանութ փնտռեցինք ու գտանք իր ուզած խաղալիքը, այս տարուան նուէրը ինք որոշեց: Շատ աղուոր տեսականի իջած է այս տարի, ի՞նչ որ ուզես, կը գտնես, մանուկներուն ճաշակին յարմարող ամէն տեսակ խաղալիք կայ:

-Իրա՞ւ, ես վերջին մի քանի տարին այդպէս կ՚ընեմ, ճիշդ է որ շատ մեծ չէ մանչուկս, բայց մանուկ ալ չէ, որ ալ հաւատայ Կաղանդ պապուկներուն: Սերունդը փոխուած է, մեր սերունդին չի նմանիր: Մենք շատ միամիտ էինք ու կը հաւատայինք, կը սոսկայինք ալ, ուր պահուելնիս չէինք գիտնար, բայց եւ այնպէս հաճոյքով իր գալուն կը ըս-պասէինք: Այսօր իջնենք տղուս հետ ու նուէրը առնենք, լաւ է որ յիշեցուցիր:

-Ինչե՜ր յիշեցուցիր, որքան խանդավառութեամբ ու հրճուանքով կը սպասէինք Կաղանդ պապուկին եւ կը գոհանայինք որեւէ նուէրով, հիմակուան պզտիկները զրկուած են այդ հաճոյքէն:

-Մենք չենք զրկուած դեռ, մեր Secret Santa-ները ամէն տարի կը փոխուին, նոր նուէրներ կը բերեն: Ճիշդը կ՚ուզէ՞ք, ես դեռ մանուկի պէս կ՚ուրախանամ Secret Santa-ով: 

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018