ՎԱՐԴԱՆԸ ԵՒ…

-Օ­րիո՛րդ, ե՛ս Վար­դա­նը ըլ­լամ:
-Չէ՛, ես, օ­րիո՛րդ, հա­ճի՛ք:
-Չէ՛, ես...
-Չէ՛, ես...

Այսպէս կը դիմէին աշակերտներս, երբ ամէն տարի, Փետրուար ամսուն, կը կարդայինք «Վարդանանք»ի դասը եւ աւարտին կը բեմականացնէինք զայն:

...Ու կարգով կը ստանձնէին բոլոր դերերը՝ Վարդանը, Վասակը, Յազկերտը, Մուշկան Նիւսալաւուրտը, Ղեւոնդ Երէցը, Խորէն Խորխորունին, Տաճատ Գնդունին, Արտակ Մոկացը... կը շրջէին դասարանին մէջ, սակայն բոլորը ցնծութեամբ կը կատարէին սպարապետին դերը, նոյնիսկ, օր մը առաջ, գոց կը սորվէին անոր խօսքերը: Աղջիկները կ՚ըլլային՝ «Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի», քաջութեամբ կը զինուէին, քանի իրենք ալ մաս պիտի կազմէին ճակատամարտին ու թիկունք պիտի կանգնէինք հայոց զօրքին:

Խմբային տօնակատարութիւններով եւս կը մեծարուէր Վարդանը, ասմունքներով ու երգերով կը թնդային բեմերը: Մանկապարտէզի մանուկները տարազներով կը բեմականացնէին ճակատամարտը ու իրենց համար շատ սիրելի տնային կռիւները այս անգամ բեմէն կը մատուցէին մամաներուն:

Տարիներ ետք՝ հիմա, երբ հեռու եմ ասպարէզէն, կը խորհիմ, թէ արդեօք ճի՞շդ էր մեր ըրածը: Արդեօք աթոռապաշտութիւն չէ՞ր մեր սերմանածը՝ աշակերտը նմանցնել Վարդանին՝ սպարապետին, նմանցնել Ղեւոնդ Երէցին՝ հոգեւոր հովիւին: Արդեօք Վարդանը առանց շինականներու, առանց ժողովուրդի, պիտի կարենա՞ր հասնիլ իր սրբազան նպատակին, հասա՞ւ, ամբողջ ազգը խելայեղ կորուստի մատնելով, թութի պէս զանոնք թափելով մարտի դաշտին վրայ:

Իսկ շինականները, հողագործները՝ պատերազմին անվարժ մարդիկ, առանց իրենց հայրենի հողին, արտին տածած սիրոյն պիտի ընդունէի՞ն մահուան գնով կռուիլ ու նահատակուիլ: Հակառակորդին բազմահազար զինեալներէ բաղկացեալ կանոնաւոր բանակին ահ ու սարսափ պատճառեց այդ երեւոյթը, երբ անոնց մատեան գունդը հեռուէն ապշահար կը հետեւէր անցուդարձերուն, կը շշմէր ժողովուրդին կամքին, որ դրդուած էր հողի ուժով, որ գիտէր, թէ պիտի չվերադառնայ, գիտէր, որ իր մարմնին արիւնը պիտի ցամքի այդտեղ, գիտէր, որ հզօր է թշնամին իրմէ բիւր անգամ աւելի:

Ի սէր հայրենիին մղուեցան անոնք, իւրաքանչիւրը աղօթք մը բարձրաձայնելով, շշնջալով, երբեմն ալ ներսէն աղաղակելով, բայց բոլորը նոյնն է, որ կը խնդրէին Բարձրեալէն՝ իրենց արտերուն, հողին հոգ տանող ձեռքի մը գոյութեան շարունակութիւնը, իրենց պապերէն մնացած արտերուն, նախահայրերէն մնացած գետնին հոգատար շառաւիղի մը գոյութեան շարունակութիւնը, քանի գիտէին կրօնափոխութեան հարկադրանքին հետեւանքները:

Առանց անոնց կարելի չէր ըլլար, մանաւանդ երբ կը վխտային մեր մէջ դաւաճանները, հայը հայուն ե՞րբ սիրեր է որ: Բանահիւսութենէն ալ կարելի է բերել վկայութիւն մը այս առթիւ, երբ Արտաւազդ իր հօր դագաղին վրայ նահատակուող մարդիկը տեսաւ.

«Մինչ դու գնացեր,

Եւ զերկիրս ամենայն ընդ քեզ տարար,

Ես աւերակացս ո՞ւմ թագաւորեմ։»

Ըսաւ ան: Հոս երկիրը մարդն է, ռամիկը, շինականը, ժողովուրդը հայոց: Առանց անոնց ի՞նչ կ՚արժէ հողը, հայրենիքը եւ... հակառակը: Ժողովուրդն է, որ պիտի տիրէ հողին, տէր կանգնի անոր, ժողովուրդէն է, որ պիտի կերտուին ազգը, հայրենիքն ու հողը սիրող առաջնորդներ, ոչ աթոռապաշտներ ու նիւթապաշտներ:

Երիտասարդներով համախմբուած կը զրուցէինք, երբ անոնք գոհ էին, որ գոնէ լաւ աշխատավարձով աշխատանքներ ճարած են, սակայն անոնց աշխատավարձին մօտաւորապէս մէկ երրորդը կը գանձուի պետութեան կողմէ, եւ մանաւանդ այդ գումարը աճած է վերջերս: Միթէ այս մէկը ազգասիրութի՞ւն է, ժողովրդասիրութի՞ւն, թէ՝ նիւթապաշտութիւն: Հապա ի՛նչ ընէ երիտասարդը, եթէ ոչ դուրսի ճամբան բռնէ ու հոն իր մասնագիտութեամբ աւելի լաւ գումար վաստկի: Դէպի ո՞ւր...:

Մամիկոնեաններու «Մեծ տիկինը» Դերենիկ Տեմիրճեանի «Վարդանանք»ին մէջ նայուածքը սեւեռելով Մասիսին, ճակատամարտէն առաջ, աղօթեց «հայրենի»ի փրկութեան համար:

Ամէն առաւօտ կոպերուս թարթումին հետ կը տեսնեմ արշալոյսի ճեղքերէն փայլող ձիւնածածկ գագաթը եւ անզգալաբար, սրբապատկերի մը դէմ կանգնածի պէս, կը խնդրեմ հայրենիքիս բարօրութիւն, ծննդավայրիս խաղաղութիւն եւ անորոշութեան ջուրերուն մէջ գալարողներուն՝ յստակ փարոսներ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018