Յովհաննէս Թումանեան. Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ «Հանճարեղ Լոռեցիին» Աւանդը

Փետրուար 19-ին, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923), որ իր բարձրարուեստ ու անմահ ստեղծագործութեամբ՝ արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի կոչումին։

Մեծն Եղիշէ Չարենց իրաւամբ թարգմանը հանդիսացաւ հանուր հայութեան, երբ հայ գրականութեան «Հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։

Իրա՛ւ բանաստեղծի անկեղծութեամբ ու ինքնահաւատարմութեամբ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց Թումանեան, որ իր երգերը վերցուց հայ ժողովուրդի սրտէն ու հայոց հոգեմտաւոր անսահման եւ անհուն ժառանգութենէն։

Եւ սրտի խօսք ու ոգեղէն ճշմարտութիւն երկնող բանաստեղծի վաւերականութեամբ՝ Թումանեան հայոց սերունդներուն շարունակ պատգամեց՝ «Անցեալի պատմութիւնը մի լուսատու լապտեր է, որ ամէն մի ժողովուրդ ձեռքին պէտք է ունենայ՝ իր ճամբէն անմոլոր գնալու համար»։

Իմաստութեան միեւնոյն աղբիւրէն կենարար ջուր հասցնելով հայոց սերունդներուն՝ Թումանեան սորվեցուց.-
«Ժողովուրդները շատ բան կարող են մոռանալ, բայց իրենց պատմութիւնը, իրենց կուլտուրան չեն կարող մոռանալ»…։

Լոռեցի Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը ծնած էր 19 Փետրուար 1869-ին, Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կըր-թութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, ան յաճախեց Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883-ին անցաւ Թիֆլիզ, «Ներսիսեան» ճեմարանի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887-ին ակամայ լքեց դպրոցը եւ նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիզի հայոց Դատաստանական խորհուրդի, ապա՝ Հայ հրատարակչական միութեան գրասենեակներուն մէջ։

Ուրուագծային այս տեղեկանքի պաստառին վրայ իրենց տեղն ու նշանակութիւնը կը գտնեն Յովհաննէս Թումանեան մարդուն, հայուն, գրողին եւ ազգային-հասարակական գործիչին տիրական յատկանիշները.

- Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ՝ անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդը եղաւ Թումանեան։

- Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սըրտ-ցաւօրէն քննդատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող ու պայքարող հաստատակամ հայը եղաւ Թումանեան։

- Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողը եղաւ Թումանեան, որ իր հանճարին ճառագայթումով՝ զուլալ ու առինքնող երգ տուաւ Հայաստանին ու հայութեան։

- Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր յառաջապահ մը եղաւ Թումանեան՝ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ, հաւատաւոր ջատագովը դառնալով ինչպէս հայ ժողովուրդի անբուժելի ռուսասիրութեան, նոյնպէս եւ վրացի ու թաթար հարեւաններուն հետ անկեղծ բարեկամութեան։

Այս բոլորին ինքնատիպ եւ ճառագայթող համադրումը մարմնաւորեց Թումանեան։

Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով՝ ան արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին։ Եւ պատահական չէ, որ իր դիւցազներգութեամբ, վիպերգներով, հէքեաթներով եւ առակներով՝ Թումանեան դարձաւ ամենէն շատ սիրուած ու կարդացուած գրողներէն մէկը հայ իրականութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացնողի, վերանորոգողի եւ ջերմեռանդ պահապանի իր գրական ստեղծագործութեամբ, նաեւ ու մանաւա՛նդ իր վերնայարկ բնակարանին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ լաւագոյն մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներով»՝ Թումանեան 1900-ականներուն իրագործեց հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։

Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու հետեւանքով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգութեանց՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներու թատերաբեմ դարձաւ 1905-ին, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։

Կուսակցականի խառնուածք չունէր Թումանեան եւ միայն կարճ ժամանակի համար անդամակցեցաւ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը մնաց մինչեւ վերջ։ Այդ պատճառով ալ, մտքի եւ գրչի իր ընկերներուն հետ, իբրեւ դաշնակցական՝ 1909-ին բանտ նետուեցաւ ցարիզմին կողմէ, որ ձեռնամուխ եղած էր Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափո խութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական պայքարը սանձելու քաղաքականութեամբ։ Անոր ազգային գործիչի կերպարը իր հնչեղութիւնը ստացաւ Ա. աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ։

Յատկանշականօրէն, Ամենայն հայոց բանաստեղծին մղած վերջին պայքարը ուղղուեցաւ այսպէս կոչուած «Աբեղեանական ուղղագրութիւն»ը Հայաստանին պարտադրելու պոլշեւիկեան մոլորանքին դէմ։ Ի տես նորահաստատ խորհդային իշխանութեանց կողմէ փութկոտ հրահանգով հայոց Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը արգիլելու եւ Մանուկ Աբեղեանի մշակած խնդրայարոյց «ուղղագրութիւն»ը պետական պարտադիր օրէնքի վերածելու քայլին։

Իր ապաժամ մահէն 10 ամիս առաջ՝ 1922-ի Մայիսի 17-ին հրապարակուած Թումանեանի կտակը պարզապէս անտեսուեցաւ օրուան իշխանութեանց կողմէ՝ մինչեւ մեր օրերը նաեւ հայերէնի ուղղագրութեան մարզէն ներս երկփեղկելով հայոց սերունդները…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2018