ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԻՒ
«Դատողութիւն» եւ «պատիւ». ահաւասիկ երկու արժէքներ, որոնք բանաւոր էակին՝ մարդուն էական յատկանիշներն են։ Դատողութիւնը, դատելու կարողութիւնը մարդուն յատուկ է, իսկ պատիւը, դարձեալ մարդուն բարոյական էութիւնը, արժանաւորութիւնը վեր պահող եւ ազնիւ հոգիի մը անհրաժեշտ տարրը, որ ընդհանրապէս կը յիշուի «մարդկային արժանապատուութի՛ւն»։
Արդարեւ դատողութիւնը եւ պատիւը զիրար կը լրացնեն, զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ «մարդ»ը կը կազմեն։
Դատողութիւնը եւ պատիւը, ըստ էութեան մարդ էակը կազմող երեք արժէքներէն երկուքին՝ միտքին եւ հոգիին արտայայտութիւններն են։ Կ՚արժէ հոս անգամ մը եւս յիշել, թէ մարդ կազմուած է՝ մարմինէ, միտքէ եւ հոգիէ, որոնք անբաժան տարրերն են մարդ էութեան։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ ընդհանրապէս, դատողութիւնը եւ պատիւը սովորութիւն է եղած նմանցնելու ժամացոյցներու եւ կամ ուրիշ մեքենաներու, որոնք օգտակար առարկաներ ըլլալու համար կը կարօտին տեւական խնամքի։
Որեւէ մեքենայ կրնայ շատ յարգի ըլլալ, բայց եթէ հոգ չտարուի անոր, չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնը, այլապէս կ՚ըլլայ թերեւս «զարդ» մը՝ անշարժ, անաշխատ եւ անօգո՛ւտ։
Չէ՞ որ ամենէն օգտակար, ամենէն ընտիր մեքենան իսկ կրնայ որեւէ պատճառով խանգարուիլ եւ չկատարել իր գործը, եւ երբեմն ալ գործելէ դադրիլ։
Ուստի խանգարուած մեքենան պէ՛տք է շտկել, նորոգել եւ ուղիղ աշխատութեան վերակոչել։
Բարոյական մարդկային արարքներ ալ, ահաւասիկ, այդ մեքենային կը նմանին. անոնք շիտակ, ուղիղ եւ նպատակայարմար կերպով կեանքի կոչելու եւ կարենալ օգտագործելու համար, մարդ կը դիմէ «դատողութեան» եւ «պատիւ»ի, առանց տարակուսելու գործադրելու համար իր բնատուր «ազատ կամք»ը։ Ասիկա, մարդկային կեանքի մէջ սովորական է դարձած. սխալ չգործածելու համար ազատութիւնը, մարդ կը դիմէ իր բանականութեան կամ դատողութեան, զոր կ՚անցընէ խղճի մաղէն։ Ուրիշ խօսքով «պատիւ»ի պահպանութեան պահանջը՝ կը հակակշռէ դատողութեան վճիռները, որպէսզի անոնք չշեղին ուղղութենէ՝ ճշգրիտ կերպով կատարեն իրենց պարտականութիւնը։ Այս պատճառով՝ դատողութիւն եւ պատիւ, զիրար հակակշռող, զիրար ամբողջացնող արժէքներ են մարդուս համար։
Մարդ չի շարժիր բնազդով, այլ՝ բանականութեամբ եւ խիղճով, որոնց միջոցով կը պահպանուի դատողութեան եւ պատիւի արժէքները։
Երբ «բարոյական մարդ»ը կերպով մը եւ կամ որեւէ պատճառով կորսնցնէ իր բանականութիւնը-դատողութիւնը եւ խիղճը-պատիւը, եւ կամ իր կեանքի ուղիղ ընթացքին նկատմամբ տարակուսանքի մատնուի, կ՚ուզէ ուղղել զայն՝ վստահ ըլլալու համար, թէ իր ճամբան, իր ընթացքը ճի՞շդ է, թէ սխա՛լ։
Ահաւասիկ, ասիկա կարելի կ՚ըլլայ դատողութիւնը եւ պատիւը ներդաշնակելով եւ մէկը միւսին որպէս հակակշիռ առնելով։ Արդարեւ, բանականութիւնը երբ կը հակակշռուի խիղճով, անկարելի է, որ արարք մը շեղի իր նպատակէն։ Բարի նպատակի մը հասնելու միակ ճամբան՝ հակակշռուած բանականութիւնն է խղճին կողմէ։
Ուստի այն մարդը, որ կը վստահի միա՛յն իր դատողութեան, որոնք կրնան սխալ տուեալներու եւ տեղեկութիւններու, գիտելիքներու վրայ հաստատուած ըլլալ, կրնայ ամբողջական ծանօթութիւններէ զուրկ ըլլալ, եւ այդ պատճառով տարբեր ուղղութիւն մը ցոյց տալ, շեղիլ բուն նպատակէն։ Եւ պատիւին՝ որ մարդուն զգացումներուն, հաւատալիքներուն, գաղափարականներուն եւ ըմբռնումներուն իւրակերտ ձեռագործն է՝ մութ անկիւնադարձերու պատճառով, լոյսի եւ աւելի՛ լոյսի պահանջին առջեւ թերեւս ուղիղ ճամբէն շեղումներ պիտի ըլլան։
«Խիղճ»ը, այդ արդար դատաւորը, անշեղ ուղեցոյցը, սահմանուած է այդ մութ, անորոշ եւ դժուարին անցքերը լուսաւորող լուսարձակի կամ արեւին դերը կատարելու։ Պատիւի եւ խղճի կողմէ հակակշռուած դատողութիւնը արդար եւ ճիշդ դատողութիւն է։ Եւ եթէ նպատակը բարութեան, գեղեցկութեան եւ ճշմարտութեան բարձրագոյն կէտերուն հասնիլ է, ահաւասիկ անոր միակ ճամբան է խիղճով հակակշռուած բանականութիւնը եւ պատիւի զգացումով զօրացած դատողութի՛ւնը։
Բայց այն խիղճը՝ որ լաւ գործող մեքենայի նման կ՚ուղղուի դէպի նպատակ, կարելի է որ փորձուի ուղիղի եւ սխալի, բարի եւ չարի փորձութիւններու ընթացքին։ Եւ այն խիղճը, որ կեանքի կարեւոր քայլափոխներու ատեն անոր ամենէն մեղմ փսփսուքներուն ալ անսալու սովորութիւնը եւ անոր մատնանշած ուղղութենէն քալելու իմաստութիւնը եւ ճարտարութիւնը ունի, եւ ո՛չ թէ այն խիղճը, որ ենթակային ապօրինի եւ սխալ ընթացքներուն հետեւանքով տարակոյսի մշուշին մէջ կը կորսուի եւ անօգուտ կը դառնայ՝ փնտռուած ուղղութիւնը ցոյց տալու համար։ Արեւը լաւ օրինակ մըն է այս մասին՝ որուն պայծառ շողերը երբեմն կրնան մթագնիլ սեւ ամպերու անթափանցելի քօղին ներքիւ։
Կեանքի մէջ՝ ուր բարոյական շինարար սկզբունքներու մասին ամէն տեղ հանրային առողջ կարծիք մը անհրաժեշտ է եւ պէտք է հաստատ մնայ, այս «լուսարձակ»ը անփոխարինելի միջոց մը կը դառնայ, քանի որ երկնային լոյսով լուսաւորուած խիղճը, ակնկալուած խաղաղութեան եւ երջանկութեան մեծագոյն ազդա՛կն է։
Ուստի, դատողութեան, պատիւի եւ խղճի ցուցմունքներուն համեմատ պէտք է շարժի մարդ իր կեանքին մէջ. քանի որ անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ այս երեք արժէքները միայն կը մատնանշեն ամենէն բանաւոր, ամենէն ուղիղ, ամենէն օգտակար եւ ամենէն ապահով ուղղութիւնը։ Ուստի նպատակէ շեղումներ կրնայ ըլլալ կեանքի մէջ, բայց անդրադառնալ անոնց եւ ուղղել ընթացքը՝ դատողութեամբ, պատիւով եւ խիղճով շարժող մարդուն ամենէն կարեւոր պարտականութի՛ւնն է։
Մարդ թէեւ կարող է դատել, թէ որեւէ արարք կամ ընթացք սխալ է, սակայն պէտք է վերջնական դատաստանը յանձնել Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեան։ Արդարեւ, արդարութիւնը եւ ողորմութիւնը ներդաշնակել դժուար է եւ երբեմն մարդկային կարողութենէն վեր, ուստի Աստուծոյ միջամտութիւնը անհրաժեշտ է այս մասին։
Մարդ, որքան անկատար եւ թերի արդարադատութեան մասին, նոյնքան պատասխանատու է ծառայելու ճշմարտութեան եւ մանաւանդ բծախնդիր՝ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման եւ առանց վիրաւորանքներ պատճառելու իրագործման։ Եղբայրսիրութիւնը գոյապահպանել եւ գոյատեւումը ապահովել ամէն մարդու առաջնակարգ պարտականութի՛ւնն է։ Մարդ, հաւասար մտահոգութիւն պէ՛տք է ցոյց տայ եւ ջանք թափէ ճշմարտութեան յայտնութեան, յարգելու մարդկային արժանապատուութիւնը, եւ մանաւանդ բծախնդիր՝ իրաւունքի եւ ազատութեան։
Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ մանաւանդ «բարոյական խղճմտանքին ուղղամտութիւն»ը։ Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ բարոյականութեան սկզբունքներուն գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պարագաներու մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք եւ կամ արդէն կատարուած շօշափելի արարքներու մասին։ Բարոյական բարիին շուրջ ճշմարտութիւն, գործնականապէս եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին «խոհեմ դատողութեա՛մբ»։ Խոհեմ է այն՝ որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ՝ խղճին հակակշռութեան համաձայն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 9, 2018, Իսթանպուլ