ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ

Հայաստանեան լրատուադաշտին ամենէն վստահելի ու ծանօթ կայքէջերէն մին՝ Tert.am-ը, կը նշէ իր հիմնադրութեան 10-ամեակը: Այդ առիթով վաղը  «Կրանտ օթէլ Երեւան» պանդոկին մէջ խմբագրութիւնը կազմակերպած է յոբելենական հանդիսութիւն մը, որուն հրաւիրուած են գործընկերներ, անցնող տասը տարիներու ընթացքին կայքէջին հետ որեւէ կերպով գործակցած մարդիկ, քաղաքական գործիչներ, զանազան ոլորտներէ կայքէջի բարեկամներ: Tert.am-ը բարեկամութիւն մը հաստատած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ, կապ կը պահէ թերթիս հետ՝ ստանալու պոլսահայ համայնքէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին տեղեկատուութիւն, ինչպէս նաեւ պարզաբանումներ՝ թրքական կեանքին վերաբերեալ:

Tert.am-ի 10-ամեակին առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿը այցելեց խմբագրութիւն, ուր կայքէջի ղեկավար Արամ Անտինեան սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն:

*

-Հայաստանեանի բազմաթիւ կայքէջերուն մէջ Tert.am-ին տեղը ո՞ւր է, ո՞ւր կը տեղադրէք այդ Tert.am-ը բազմութեան մէջ:

-Առաջին բառը եւ զուգորդումը, որ Tert.am ըսելով կը յառաջանայ, այդ մէկը, կը կարծեմ, վստահելիութիւնն է: Այսինքն, Tert.am-ը կը փորձէ հարկաւ մրցիլ զանազան կայքէջերու հետ իր արդիւնագործութեամբ, արագութեամբ, բայց երբ Tert.am ըսես, նախ կը հասկնաս վստահելիութիւն: Աւանդոյթ մը կայ, որ զանազան մարդիկ, որեւէ տեղ լուր մը կարդալէ ետք զայն կը ստուգեն Tert.am-ին մէջ, եթէ Tert.am-ը տայ նոյն լուրը, ուրեմն ճիշդ է: Մեր նշանաբանը հաւաստիութիւնն է եւ մենք լուրջ քայլերու կը դիմենք նաեւ արդիւնագործութեան, գործնականութեան առումով: Այս պահուն Tert.am-ը Հայաստանի ամենէն մէջբերելի աղբիւրներէն մէկն է, մեզմէ քաղուածքներ կը կատարեն ձայնասփիւռէն, հեռատեսիլէն, ուրիշ կայքեր՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ այլ գաղթօճախներու մէջ: Այս հանգամանքը առաջին հերթին կը խօսի Tert.am-ի որակին եւ վստահելիութեան մասին, որ շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն է, որ ունինք եւ անով շատ կը հպարտանանք:

-Սփիւռքեան նիւթերը միշտ կայքէջին ուշադրութեան կեդրոնին են: Որքա՞ն կարեւորութիւն կու տաք սփիւռքի հետ կապին եւ սփիւռքեան լուրերու հրապարակումին:

-Սփիւռքի հետ կապը ամենէն կարեւորներէն է մեզի համար, մենք կը փորձենք Tert.am-ը բազմակողմանի լրատուամիջոցի ձեւին մէջ պահել, այսինքն, որ հասարակութեան բոլոր շերտերը երեւին անոր մէջ եւ Tert.am-ը նկատեն իրենց լրատուամիջոցը: Սփիւռքի հետ կապը շատ սերտ է, մենք ունինք միջազգային նիւթերու ուղղութեամբ աշխատող քանի մը լրագրող, որոնք կը գործակցին սփիւռքի զանազան համայնքներուն հետ, եւ այդ կապը թէ՛ դուրսը տպագրուող թերթերուն, թէ՛ դուրսը ապրող հայ գործիչներուն հետ շատ սերտ է: Անընդհատ կը լուսաբանենք, իրենք ալ կը ղրկեն եւ մենք ալ նախաձեռնութիւնը հանդէս կը բերենք, կարեւորութիւն կու տամ, քանի որ սփիւռքը մեզի համար իրաւ, շատ նշանակալի տեղ ունի, բնականաբար՝ այնտեղ կատարուող իրադարձութիւններն ալ մեր լուսաբանման հիմնական նիւթերէն կը դառնան:

Արդէն ունինք զանազան գործընկերներ սփիւռքի մէջ, մենք նախօրօք տեղեակ կ՚ըլլանք, որ իրենք պիտի վերահրապարակեն մեր նիւթերը, բայց կան նաեւ լրատուամիջոցներ, որոնք նոյնպէս կը հրապարակեն, բայց մենք տեղեակ չենք ըլլար, ոչ մէկ հարց կայ, համերաշխ ենք այդ երեւոյթին հետ, եթէ աղբիւրը կը նշուի: Մենք ունինք հեղինակային իրաւունքներու պահպանութեան կանոնագիրք մը, որ հրապարակուած է մեր կայքէջին մէջ եւ հաճելի է, որ այդ կանոնագիրքին պահանջքներէն ելլելով կը հրապարակեն մեր նիւթերը՝ պատշաճ յղումներով:

-Tert.am-ը հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ առաջինն էր, որ արեւմտահայերէնով լուրերու բաժին ունէր, այսօր փակուած է, ինչո՞ւ:

-Շուկայական տնտեսութեան պայմաններուն մէջ ամէն ինչ առաջարկ-պահանջարկ երեւոյթին վրայ կը հիմնուի, եւ երբ որեւէ արտադրանք շուկային մէջ այն պահանջարկը չի վայելեր, որքան որ կը փափաքէինք, ստիպուած կ՚ըլլանք որոշակի փոփոխութիւններու երթալ: Tert.am-ի արեւմտահայերէն բաժինն ալ այդ փոփոխութիւններու հետեւանքով է, որ լոյս չի տեսներ: Այսօր Tert.am-ը երեք լեզուներով լրատուութիւն կը հրապարակէ՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Ապագային թերեւս երբ փոփոխութիւններ կատարենք, ներգրաւենք նաեւ արեւմտահայերէնը, կապուած Tert.am-ի զարգացման եւ աճին հետ, բայց այս փուլին արեւմտահայերէնը չկայ մեր ծրագիրներուն մէջ:

-Ի՞նչ փոփոխութիւններ կը սպասուին յառաջիկային:

-Մենք բաւական աշխուժութիւն ունինք տեսանիւթերու բաժինին մէջ: Մեր խումբը բաւական աճած-մեծցած է, զանազան արտադրանք կ՚առաքէ շուկայ եւ պիտի փորձենք տեսանիւթերու բաժինը ա՛լ աւելի զարգացնել, քանի որ աշխարհը կ՚երթայ մուլթի-մետիայի ուղղութեամբ, ուստի վերջին երկու տարիներուն ստեղծեցինք եւ գործօն ուղիի վրայ դրինք մեր տեսանիւթերուն բաժինը, որ այսօր բաւական յաջող գործունէութիւն ունի: Շուտով ուղիղ եթերներու տարբերակը բանուկ կը դարձնենք: Փոփոխութիւններ նախատեսած ենք նաեւ ձեւաւորման ուղղութեամբ, ներկայիս տեսքը արդէն տասը հինցած է, եւ մենք կը պատրաստուինք նոր տեսքով ներկայանալ մեր ընթերցողին: Պէտք է այնպէս ընել, որ թէ՛ մնանք մեր կայքէջի տրամաբանութեան մէջ եւ թէ՛ ձեւաւորման ժամանակակից միտումները նկատի առնենք:

-Վերը խօսեցաք կանոնագիրքի մասին. լրատուամիջոցի մը կողմէ կանոնագիրք հաստատելը բաւական նոր երեւոյթ մըն է մեր լրատուադաշտին մէջ, եւ կարգ մը լրատուամիջոցներ ունին սեփական կանոնագիրքեր: Tert.am-ի կանոնագիրքին մէջ ի՞նչ ուշագրաւ կէտեր կան:

-Մեր խմբագրութիւնը ունի գրուած եւ չգրուած կանոններ, որոնց ցուցակը շատ լայն է, բոլորը հնարաւոր չէ թուարկել, բայց յատկանշական կանոններէն է, օրինակ, տեղեկատուութիւնը քանի մը տեղէն ստուգելու պայմանը, այսինքն, մենք երբեք մէկ աղբիւրէ առնուած լուր չենք հրապարակեր: Ճիշդ այս պատճառով է, որ ձեռք բերած է Tert.am-ը իր վստահելիութիւնը, ան չի փորձեր երբեք ըլլալ առաջինը այն հարցերուն մէջ, որոնց մէջ այդքան ալ վստահ չէ: Մեր բոլոր լուրերը ստուգուած են զանազան կողմերէ, մենք ապատեղեկատուութիւն երբեք չենք տար: Ու երբ նշեցի, թէ վստահելիութիւնը մեր այցեքարտն է, այդ մէկը առաջին հերթին նաեւ այն պարտադրանքին արդիւնք է, որ մէկ նիւթը քանի մը տեղէն պէտք է ստուգել: Երկրորդ ամենէն կարեւորներէն է, որ Tert.am-ը ըլլայ բազմակողմանի եւ չըլլայ երբեք միտուած որեւէ հատուածի լուսաբանման: Մենք բոլոր կողմերուն խօսելու իրաւունք կու տանք եւ կը փորձենք, ինչպէս արդէն ըսած եմ, ըլլալ բոլորին լրատուամիջոցը:

-Ուրեմն, տասը տարուան ձեռքբերումը վստահելիութի՞ւնը կը նկատէք:

-Ժամանակակից լրատուադաշտը, մանաւանդ՝ թուային լրատուադաշտը, ձեռքբերումներ ըսելով սովորաբար նկատի կ՚ունենայ այցելութիւնները, իսկ Tert.am-ը այսօր Հայաստանի մէջ ամենէն շատ այցելուող լրատուամիջոցներէն է. այդ մէկը ամենէն կարեւոր ձեռքբերումներէն է, եթէ թուային, քանակական ցուցանիշը նկատի ունենանք: Իսկ որակական ցուցանիշը, անշուշտ, վստահելիութիւն, նիւթերու որակ, դասաւորուածութիւն եւ այլն:

Խօսելով այլ այցեքարտերու մասին, մեր այցեքարտներէն մէկը տպագիր մամուլի արտացոլանքն է կայքէջին մէջ: Ամէն առտու մենք մեր օրուան կը սկսինք տպագիր մամուլի ամենաուշագրաւ նիւթերէն քաղուածքներ մեր քով վերահրապարակելով եւ արդէն այդ մէկը աւանդոյթ դարձած է, որ մեր ընկերները, ընթերցողները, իրենց օրուան սկսին առցանց Թերթ-ին մէջ տպագիր թերթերուն կարեւոր նիւթերը կարդալով: Եւ մեր կայքէջի անունը այդ մասով կապուած է ուղղակի թերթ հասկացութեան հետ:

-Tert.am-ը մաս կը կազմէ «Փան Արմենիա մետիա հոլտինկ»ին: Մեծ կազմակերպութեան մը մաս կազմելը ի՞նչ կու տայ ձեզի: Անկախութիւնը, որ կարեւոր է լրատուամիջոցի մը համար, չի՞ սահմանափակուիր:

-Կայքէջը, երրորդ տարին ըլլալով, կը պատկանի «Փան Արմենիա մետիա հոլտինկ»ին, ես կը կարծեմ, որ Tert.am-ին հետեւողներուն անհրաժեշտութիւն չկայ բացատրելու, թէ կայքէջը որքանո՞վ անկախ է կամ անաչառ, կը կարծեմ, որ անաչառութիւնը ամէն վայրկեան կ՚երեւի, երբ ան կ՚անդրադառնայ թէ՛ ընդդիմադիր գործիչներուն, թէ՛ իշխանական գործիչներուն, թէ՛ անոնց զանազան գործողութիւններուն: Այսինքն, Tert.am-ը անաչառութեան որեւէ հարց չ՚ունենար՝ ըլլալով մետիա հոլտինկի մը անդամ: «Փան Արմենիա մետիա հոլտինկ»ը տարածքաշրջանի ամենամեծ մետիա հոլտինկն է եւ ըլլալ այդպիսի մեծ հոլտինկին մէկ մասը, ոչ մէկ կերպով կը վնասէ մեր գործունէութեան, ընդհակառակը՝ լաւ զգացողութիւն մը կը յառաջացնէ՝ տալով կապեր, շփումներ, վստահելի գործընկերներ, ճանաչելիութիւն կը ստեղծէ եւ այլն:

-Կայքէջը խմբագրականներ չի թողարկեր. չկա՞յ ատոր անհրաժեշտութիւնը՝ ձեռագիրը, դիմագիծը կամ դիրքորոշումը ձեւով մը ցոյց տալու համար:

-Tert.am-ը քիչ մը այլ տիրոյթի մէջ դերակատարութիւն ունեցող կայքէջ մըն է, այսինքն թերթային ձեւաչափէն, ուր պէտք է խմբագրականներ գրել, կը տարբերի: Մենք նորութիւններու կայքէջ ենք: Խմբագրի կարծիք չկայ, Tert.am-ը մասնագիտացած է տեղական եւ միջազգային նորութիւններու օգտաւէտ եւ վստահելի ներկայացմամբ, ինչպէս նաեւ՝ զանազան տեսակէտներու ներկայացման վրայ: Ես իրականութեան մէջ վստահ չեմ, թէ այդ տեսակէտերուն մէջ խմբագրութեան տեսակէտը պէտք է յայտնել: Ես չեմ ալ կարծեր, թէ մեր ընթերցողը կը սպասէ մեր դիրքորոշումին: Կայքէջը ուղղակի դաշտ մըն է, ուր կը տեսնես բոլոր նորութիւնները, տեսակէտ յայտնելու այժմէականութիւն չկայ հոս:

-Ձեզի մրցակից կայքէջեր կա՞ն:

-Մրցակիցներ, այո, կան, բնականաբար եւ անոնք բոլոր այն լրատուամիջոցներն են, որոնք տեղեկատուութիւն կը տրամադրեն: Տեղեկատուութեան այս քաոսային յորձանուտին մէջ մենք անընդհատ կը պայքարինք, որ մեր ընթերցողը վերադառնայ մեր քով, այդ մրցակցութիւնը անվերջ է: Նորութիւն մը եթէ դուն չտը-ւիր, քու ընթերցողդ կ՚երթայ ուրիշ կայքէջի մէջ կը կարդայ: Առցանց լրատուական տիրոյթին մէջ հաւատարմութիւնը ամենակարեւոր արժէքը չէ, եթէ տպագիր թերթի պարագային, օրինակ, քու բաժանորդդ կամ հաւատարիմ ընթերցողդ անընդհատ կը ստանայ կամ կը գնէ, ապա առցանցի պարագային եթէ դուն մէկ վայրկեան ուշացուցիր նորութիւնը, ան կը կարդայ այլ կայքէջի մէջ: Փոքր լրատուամիջոց ըլլայ, մեծ ըլլայ, միջին ըլլայ, դուն անընդհատ պիտի մրցիս բոլորին հետ: Կրկին ու կրկին այս մրցակցութեան մէջ չենք մոռնար մեր վստահելիութեան ցուցիչը, եւ նոյնիսկ եթէ վայրկեան մըն ալ ուշացումով տանք, բայց ճշդուած կու տանք լուրը, որպէսզի մեր ընթերցողը երբեք այլ կայքէջի մը մէջ չստուգէ մեր լուրը:

-Այդ ամէն ինչը իրականացնելու համար, բնականաբար, լաւ թիմ մը պէտք է: Ի՞նչ կ՚ըսէք Ձեր խումբին մասին:   

-Ես կայքէջի յաջողութեան հիմքին մէջ նախ կը տեսնեմ խմբագրակազմը եւ այն նրբանկատութինը, որով մենք կ՚ընտրենք Tert.am-ի աշխատակիցները: Եթէ ուրիշ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն հարցնէք, ապա անոնք կ՚ըսեն, որ Tert.am աշխատանքի ընդունուիլը բարդ է, որովհետեւ անոնք լուրջ ընտրողական, զատողական փուլ կ՚անցընեն եւ կը ջանանք հոս բերել ամենաորակով լրագրողները, անոնք, որոնք խօսք ունին, նիւթ ունին, հետաքրքրական յօդուածներ կը գրեն: Ես անձամբ կը կատարեմ մեր աշխատակիցներուն ընտրութիւնը, իւրաքանչիւրին հետ երկարօրէն կը զրուցեմ, կը քննարկեմ նիւթերը եւ վստահ պէտք է գիտնալ, որ հոս իսկապէս լաւագոյնները կ՚աշխատին:

-Քանի՞ աշխատող ունիք:

-Յիսուն աշխատող ունինք, որոնցմէ 12-ը լրագրողներ են, կայ խմբագիրներու խումբ մը, ունինք էջադրողներու խումբ, որ կ՚էջադրէ նիւթերը, կ՚ընտրէ որակով լուսանկարներ, որովհետեւ Tert.am-ը նաեւ որակեալ ձեւաւորումին մեծ տեղ կու տայ: Ունինք թարգմանիչներու մեծ խումբ, եւ երբ կը խօսինք դուրսի լուրերուն մեծ տեղ տալուն, անոնց մէջ կը մտնեն նաեւ միջազգային լուրերը եւ շատ կարեւոր է թարգմանութիւնները՝ ուրիշ լեզուներէ, այս պահուս մօտաւորապէս տասը լեզուներէ թարգմանութիւններ ի վիճակի ենք կատարելու եւ բոլոր տարած-ւած լեզուներէն կը թարգմանենք:

-Տեղեա՞կ էք, թէ պաշտօնեաներուն վերաբերմունքը ինչպէ՛ս է կայքէջին հանդէպ:

-Մենք չենք կեդրոնանար պաշտօնեաներուն վրայ, բայց անոնք ալ կը կարդան, եւ անոնց վերաբերմունքը կարելի է տեսնել իւրաքանչիւրին ֆէյսպուքեան էջին մէջ, յաճախ իրենց էջերուն մէջ մեր նիւթերը կը տեղադրեն, կը տարածեն: Մեր նիւթերը բոլոր խաւերէն կը կարդան՝ թէ՛ պարզ քաղաքացիներ, թէ՛ մշակութային գործիչներ: Մենք օրական մինչեւ 200 հազարի հասնող լսարան ունինք: Ատոր մէջ վստահաբար պաշտօնեաներ ալ կան, հասարակութեան բոլոր խաւերն ալ կան:

-Ընթերցողներուն հետ կապը ինչպէ՞ս կը պահէք կամ իրենք ինչպէ՞ս կ՚արձագանգեն նիւթերուն, ինչպէ՞ս կապ կը հաստատեն, կա՞յ յետադարձ կապ: Եւ ո՞վքեր են Ձեր ընթերցողները:

-Աւելի լայն պատասխանեմ. երբ ինծի կը հարցնեն մեր ռազմավարութեան, աշխատանքի իւրայատկութիւններուն մասին, այն մասին, թէ ինչպիսի՞ լրատուամիջոց է Tert.am-ը, ես կը պատասխանեմ, որ մենք լրատուամիջոց մըն ենք, որ երկարաժամկէտ ծրագիրներ կը կառուցէ իր ընթերցողին հետ: Իսկ Tert.am-ի ընթերցողները անոնք են, որոնք կարեւորութիւն կու տան որակեալ տեղեկատուութեան, անաչառութեան եւ մեր միւս յատկանիշներուն: Tert.am-ի հիմնական այցելուները 25-34 տարեկան են, 60 տոկոսով մեզ կ՚ընթերցէ արական հատուածը եւ անոնք կայքէջին մէջ, միջին հաշուով, չորս րոպէ կ՚անցընեն: Ասոնք Google analytics-ի տուեալներն են, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տան ճանչնալու մեր ընթերցողը, հասկնալու, բայց այդ բոլոր ընթերցողներուն, անշուշտ որոշ ընդհանուր բաներ կը միաւորեն: Ընթերցողին հետ, ի հարկէ, կապ կայ, մեր նիւթերուն զգալի մասը նաեւ ընթերցողները անհանգստացնող հարցերն են, որոնք իրենք անմիջականօրէն կ՚առաջարկեն մեզի, կը կապուին, կը խնդրեն որ լուսաբանենք, եւ Tert.am-ին ընթերցողը միշտ գիտէ, որ ի դէմս մեզի կարեւոր եւ ուժեղ աջակից մը ունի: Այն անարդարութեան կամ խնդիրին, որ ինք հանդիպած է, միշտ կրնայ մեր միջոցաւ ընթացք տալ, մեր հեռաձայնի թիւը հասանելի է, միշտ այդ հեռաձայնին քով մարդ կայ, որպէսզի պատասխանէ: Մեր կապը երկկողմանի է, եւ եթէ այս կապը կորսնցնենք, թերեւս տեղափոխուինք այլ իրականութիւն:

-Ո՞ւր կ՚երթայ մետիան այս քայլերով, ինչպէ՞ս կը տեսնէք թուային այս խելայեղ ընթացքը:

-Իմ կարծիքով, ամենամեծ ներուժ ունեցողը այսօր առցանց մետիան է, մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս առցանց մետիան հեռուստատեսիլէն դիտորդներ կը խլէ, կը խլէ տպագիր թերթերու ընթերցողներ եւ առցանց լրատուամիջոցները այս պահուս ամենահեռանկարայինն են: Ան կ՚երթայ դէպի հաւաստի տեղեկատուութիւն ստեղծելու եւ տարածելու դաշտ, դէպի հեղինակային որակեալ բովանդակութիւն, այսինքն համացանցի մէջ գերակայ կը դառնան որակեալ նիւթերն ու արտադրանքը, որ մետիան կը ստեղծէ: Կը ստեղծուի իրավիճակ մը եւ ապագային այդ մէկը աւելի պիտի սրի, որ տեղեկատուութիւն տալը այլեւս ամենէն կարեւոր բանը պիտի չըլլայ: Ամենէն կարեւոր արժէքը որակեալ լրագրողները պիտի ըլլան, որոնք որակեալ նիւթ կը գրեն, եւ Tert.am-ը այս պահուն կ՚երթայ այդ գաղափարին սատարելու ուղղութեամբ: Ապագային մեր կայքէջին մէջ աւելի այդպիսի նիւթերու պիտի հանդիպիք, աւելի հետաքննական նիւթերու ուղղութեամբ կ՚երթանք: Ես կը տեսնեմ, որ ընկերային ցանցերը եւ ընդհանուր համացանցային տիրոյթը այդ մէկը լաւ կ՚ընկալէ: Սքանտալները, կեղծ տեղեկատուութիւնը, թիթեռնիկի կեանք ունեցող տեղեկութիւնները երթալէն կ՚արժեզրկուին: Եթէ հինգ տարի առաջ հարցնէիք, ես կ՚ըսէի, որ սուր, ցցուն լուրերը, սուտ տեղեկատուութիւնը առկայ էր, վիրաւորանքները, քննադատութիւնները գերակայ էին, հիմա համացանցը կ՚երթայ որակեալ տեղեկատուութեան ուղղութեամբ եւ այս պահուն, եթէ Մաքսմոնիթոր համակարգին նայիք, Tert.am-ը Ֆէյսպուքի մէջ ամենէն շատ տարածուող լրատուամիջոցն է, անմրցակցելի է այդ առումով:

-Ինչպէ՞ս պիտի տօնէք տասնամեակը:

-Տասնամեակի հանդիսութիւնը վաղը պիտի ըլլայ: Ոչ միայն շնորհաւորանքներ ընդունելու, այլ շնորհակալութիւն յայտնելու օր պիտի ըլլայ: Մենք շնորհակալութիւն պիտի յայտնենք այն մարդոց, որոնք իրենց օրուան կը սկսին Tert.am-ին հետ, ամէն օր կամ շաբաթը քանի մը անգամ հարցազրոյց կու տան, կը վստահին եւ մեզի հետ ընկերութիւն կ՚ընեն: Յուսանք, որ մեր առաջին տասնամեակի հանդիսութիւնը լաւ կ՚անցնի եւ կ՚արձանագրէ մեր ձեռքբերումները եւ մեր հաստատած բարեկամութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018