ՀԱՄԱՏԵՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐ - Բ -
«Համատես», այսինքն «Synoptique» երեք Աւետարններուն երկրորդն է Մարկոսի Աւետարանը։ Այս Աւետարանին մէջ երեք առիթներով կը յիշատակուի դէպքեր՝ ուր Յիսուս չկրցաւ գործնականի վերածել այն՝ ի՛նչ որ նախապէս մտածած եւ մտադրած էր՝ ստիպուած ըլլալով տեղի տալ պարագաներուն կամ մարդոց անհնազանդութեան եւ անհաւատութեան հետեւանքով եւ կամ հեթանոսի մը հաւատքին պատճառով. (ՄԱՐԿ. Ա 15, Զ 5, Է 24)։ Արդարեւ, Մարկոս կ՚աւանդէ միա՛յն հինգ առակներ, եւ ընդհանրապէս շատ քիչ խօսքեր, ի բաց առեալ անոնք՝ որոնց նպատակն է, ինչպէս նպատակն է նաեւ այն երկու առարկներուն՝ որոնք ինքը միայն յիշած է. (ՄԱՐԿ. Դ 26-29, ԺԳ 34), պատրաստել ուրիշ ծառաներ, որոնք տիպար «Ծառա՛յ»ին հետքերուն պիտի հետեւին։
Հակառակ Յիսուսի խօսքերուն քիչ աւանդութեան, Մարկոս, Անոր գործերը եւ շարժումները, արարքները կը նկարագրէ մանրամասնաբար, եւ այս ա՛յնքան կենդանի գոյներով, որ ամէն վայրկեան «ականատես վկայ»ի մը ձայնը լսել կը կարծուի։ «Խօսքի փոխարէն գո՛րծ»ի սկզբունքով է, որ կը շարժի Մարկոս։ Յայտնի է, թէ հեղինակին դիտարկութիւնը եւ դիտաւորութիւնն է իր ընթերցողներուն վրայ ալ տպաւորել այն խորի՜ն հիացումը՝ զոր ինքը զգացած էր նկատելով այս Աստուածային անձնաւորութիւնը, որ «մարդկային» էր այնքան կատարելապէս։ Արդարեւ, իր աւանդած պատմութիւնը լեցուն էր նկարագեղ մանրամասնութիւններով՝ ապրուած իրական կեանքէ մը քաղուած, այլ միանգամայն կը պահէ վերջին աստիճան չափաւորութի՛ւն։
Մարկոս, կարծես ընթերցողներուն առջեւ կը պարզէ «վայրկենական լուսանկարներ», որոնք ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս «Աստուածային Ծառայ»ն կատարած էր իր ծառայութիւնը. միշտ յօժարամի՛տ, երբե՛ք փութկոտ, վերապահ եւ գահավէժ։
Մարկոսի Աւետարանին գլխաւոր խորհուրդը կարելի է ամփոփել սա համարին մէջ՝ ուր կ՚ըսէ.
«Որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներուն կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։ Կամ լաւ եւս Պետրոս Առաքեալի Կուռնելիոսի ըսած խօսքին մէջ, թէ՝ «Կ՚ակնարկեմ Յիսուսի, որ Նազարէթէն էր, Աստուած զայն Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ օծեց, եւ անիկա շրջեցաւ՝ բարիք գործելով եւ Սատանային կողմէ տանջուածները բժշկելով, քանի որ Աստուած իր հետն էր։ Մենք վկա՛յ ենք այն բոլորին, որ անիկա կատարեց Հրէաստան երկրին եւ Երուսաղէմի մէջ» (ԳՈՐԾ. Ժ 38-39)։
Եթէ Առաքեալը ինքն չէր հեղինակը այս թանկագին գրութեան, ի՛նքն էր գոնէ որ ներշնչեց զայն, եւ իր աշխատակցութեամբ է, որ այս գիրքը յաճախ կը պարտի իր կարկառուն եւ երփներանգ յատկանիշը, այն մանրակրկիտ մանրամասնութիւններուն գոյութիւնը՝ որոնք ականատես վկան մատնանիշ կ՚ընեն։ Արդարեւ, հաւանաբար, 64 թուականին Հռովմի մէջ կը գտնուէր՝ քիչ առաջ մեծ Առաքեալին մարտիրոսութենէն, որ իր «որդին», ինչպէս կը կոչէ զինք. (Ա ՊԵՏ. Ե 13), Յովհաննէս, անուանեալն Մարկոս, խմբագրեց Աստուծոյ Որդիին երկրաւոր պաշտօնէութեան, այսինքն «ծառայութեա՛ն» այս համառօտ նկարագրութիւնը։
Այնպէս կը կարծուի, թէ ի՛նքն էր այն «երիտասարդ»ը, որ Յիսուսի ձերբակալման միջոցին զինուորներուն մէջէն խուսափեցաւ իր հանդերձը անոնց ձգելով. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 51-52)։ Ան եղբօրորդին էր Ղեւտացի Բառնապասին եւ թերեւս քահանայական սերունդէ։ Աւանդութիւն մը կայ արդարեւ թէ իր ազգատոհմին պարտականութիւններէն խուսափելու համար իր մէկ մատը կտրած էր. (ՂԵՒՏ. ԻԱ 16-23)։
Հաւանաբար 66 թուականին Մարկոս կը գտնուի Եփեսոս, ուրկէ Պօղոսի խնդրանքով կը մեկնի Տիմոթէոսին ընկերանալու՝ Հռովմ. (Բ ՏԻՄ. Դ 11)։ Այնուհետեւ Առաքեալին մահէն վերջ, ըստ աւանդութեան, վերադարձաւ Աղեքսանդիա, ուր արդէն աշխատած էր երբեմն, եւ ո՛ւր, եթէ կարելի է հաւատ ընծայել աւանդութեան, մեռաւ խռովութեան մը միջոցին։
«Համատես Աւետարան»ներուն երրո՛րդն է՝ Ղուկասի Աւետարանը։ Եւ եթէ Համատես Աւետարաններուն երկրորդը՝ Մարկոսի Աւետարանը ամենէն համառօտն է, երրորդը՝ Ղուկասի Աւետարանը նախորդ երկուքէն ալ շատ աւելի երկար է եւ աւելի՛ ամբողջ։ Մինչ Մատթէոս ունի աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական յատկանիշ մը, եւ նկարագեղութեան դրոշմ կը կրէ Մարկոս, Ղուկաս, ի վեր քան ամէն բանէ, «պատմաբա՛ն» մըն է։ Ան չի բաւականանար հաղորդելով ի՛նչ որ իր ականջին հասած է, խուզարկութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ կատարած է, եւ իր ընթերցողներուն կ՚աւանդէ իր աշխատասիրութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը, եւ հոս հոն հաւանականաբար թարգմանութիւնը Արամերէն վաւերաթուղթերու՝ որոնք կարող է եղած ձեռք ձգել. (ՂՈՒԿ. Ա 5, Բ 39)։ Այսպէս բազմաթիւ կէտերու մէջ Ղուկաս բարեբախտաբար կ՚ամբողջացնէ իր ընկեր-Աւետարանիչներուն գրածները։
Ի՞նչ էր արդարեւ Ղուկասի նպատակը։
Հաւանաբար, հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաներու, եւ ի մաստաւորի Հռովմի քրիստոնեաներուն տալ բացորոշ եւ ճշգրիտ ծանօթութիւններ Աւետարանի ծագումին, Քրիստոսի անձին, Անոր առաքելութեան՝ գործունէութեան եւ խօսքերուն մասին, այնպէս որ կարող ըլլան ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ մերժուեցաւ բուն իսկ իր ցեղակիցներուն կողմէ, եւ ի՛նչ չափով կրնար իբր «տիեզերական Փրկիչ» ընդունուիլ։ Արդէն շատ մը առասպելներ կը յօրինուէին, եւ աւելի դժուարին կ՚ըլլար ճշմարիտը որոշել կեղծէն այդ աւանդութիւններուն մէջ, որոնք հետզհետէ կը բազմանային։ Անհրաժեշտ կը դառնար որ «ուսեալ» եւ «ուշիմ» քրիստոնեայ մէկը ձեռնարկէր հաւաքելու եւ զտելու նիւթերը ճշգրիտ կենսագրութեան Անոր, որ եկած էր զառամեալ աշխարհին «Նոր կեա՛նք» բերելու, եւ հաստատել ձրի փրկութեան սկզբունքը՝ փոխանակ ապականեալ եւ ապականարար հեթանոսութիւնը վերակենդանացնելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2018, Իսթանպուլ