ՄԱՐԴ՝ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ ԷԱԿԸ

Յաճախ կը հանդիպինք «մարդ» բառին, եւ սակայն կ՚անտեսենք անոր իմաստը եւ արժէքը։ Արդարեւ, երբ կ՚ըսենք, թէ «մա՛րդ ենք». շատ անգամ չենք կրնար յստակ պատասխան մը տալ. «ո՞վ է մարդը» կամ «ի՞նչ է մարդը» եւ այս տեսակ հարցումներու։ Կարելի է առարկել, ըսելով թէ՝ այս տեսակ հարցումներ անիմաստ են եւ ժամանակի վատնում, եւ պէտք է գործնականին հետեւիլ, քանի որ կեանքը ա՛յդ կը պահանջէ։ Եւ այսպէս մտածողներ աւելորդ կը նկատեն պատասխանել նման հարցումներու, խորհելով թէ անոնք որեւէ գործնական արդիւնք մը չունի՛ն…։

Բայց «ի՞նչ է մարդը» հարցումը միշտ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը եւ կը շարունակէ զբաղեցնել։

Տքթ. Ալեքսիս Գառէլ, 1900 թուականին հրատարակած իր «Մարդը սա անծանօթը» ուսումնասիրութեանը մէջ մարդ «անծանօթ»ը կ՚ուսումնասիրէ իր զանազան երեսակներով՝ բնախօսական, հոգեբանական տեսակէտներէ եւ ի վերջոյ կը յանգի այն եզրակացութեան թէ՝ «մարդը՝ մարդուն անծանօթ էակ» մըն է։

Ուրեմն ի՞նչ է մարդը, այն անլուծելի, անծանօթ էակը, եւ ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք, երբ կ՚ըսենք. «մա՛րդ ենք»։

Մարդուն բոլոր մակդիրները, հանգամանքները, որակումները, ամէն վիճակ եւ դիրք, ժամանակի ընթացքին կրնան փոխ-ւիլ, նոյնիսկ անոր արտաքին երեւոյթը կրնայ փոխուիլ, բայց կա՛յ անայլայլելի, մշտնջենաւոր արժէք մը՝ «Մարդ»ը։ Ուրեմն այդ «անփոփոխ» եւ «մշտնջենական» արժէքը պէտք է ունենայ իմա՛ստ մը։

Կեանքի ընդհանուր գնացքը, զբաղումներ, մարդուս կը մոռցնեն իրե՛ն մասին խորհիլ, ապրած կեանքին արժէքին եւ իմաստին մասին հետաքրքրուիլ։ Այս պատճառով՝ մարդը, ինքն իրեն անտարբեր էակ մը կարելի է անուանել։ Սա անուրանալի է, որ մարդ բանականութեամբ օժտուած էակ մըն է նաեւ, ապա ուրեմն ան «հաղորդական էակ» մըն է։ Մարդ, որքան ալ անտարբեր ըլլայ ինքն իրեն նկատմամբ, կը փնտռէ իր «Ես»ը եւ յետոյ կը հետաքրքրուի իր շրջապատով՝ «Ուրիշ»ի հետ։

Իրականութեան մէջ, «Ես»ը «Ուրիշ»ին, «Ուրիշ»ին հայելի՛ն է, «Ես»ին հետ ծանօթանալ, «Ես»ը ճանչնալ կը նշանակէ «Ուրիշ»ին հետ ծանօթանալ, «Ուրիշ»ը ճանչնալ, եւ փոխադարձաբար։ Կարճ խօսքով՝ մարդը մարդուն հայելի՛ն է։ Եւ այս պատճառով ըսուած է՝ «այն բանը որ կ՚ուզես ընեն քեզի ուրիշներ, դո՛ւն ալ այնպէս ըրէ ուրիշներուն»։ Կարելի է մտածել, թէ սիրոյ եւ բարեկամութեան իմաստը եւ արժէքը կը կայանայ այս «ոսկի սկզբունք»ին մէջ։

Ըսինք, որ մարդ իր կեանքի տեւողութեան, զանազան զբաղումներու տարուելով՝ կը մոռնայ զինք եւ կ՚անտեսէ իր շուրջինները, ըսենք, կը նայի բայց չի՛ տեսներ շատ անգամ, եւ կամ կը նայի, կը տեսնէ բայց չի՛ ճանչնար, բայց եւ այնպէս, ան կը փնտռէ իր «Ես»ը եւ իր «Ես»ը փնտռած ատեն կը հանդիպի «Ուրիշ»ին։

Մարդ սիրելով՝ հետզհետէ դուրս կ՚ելլէ ինքն իրմէ, կը նուիրուի ուրիշի կամ ուրիշներու, եւ անոնց համար յանձն կ՚առնէ զոհողութիւններ։ Այս ուղղութեամբ «զոհողութիւն»ը կը միացնէ, կը նոյնացնէ «Ես»ը եւ «Ուրիշ»ը։ Մարդ այսպէս կ՚անդրադառնայ իր «մարդկութեան»՝ մարդ հանգամանքին, եւ կը զգայ նաեւ, թէ մինակ չէ՛ ինք, այլ կա՛յ նաեւ ուրիշը՝ իր նմանը, իր «միւս Ես»ը։ Ուրեմն իւրաքանչիւր մարդ, իր միւսին մէկ երեսն է, նոյնը եւ նմա՛նը «ուրիշ»ին…։

Ուստի մարդ իր հոգիի կարողութեամբ որոշ չափով կը հեռանայ նիւթի կապերէն եւ կապանքներէն, եւ կ՚անդրադառնայ իր հոգեւոր էութեան՝ իր ներաշխարհին եւ իր «Ես»ին։ Եւ երբ մարդ ազատի նիւթական կապանքներէն՝ ամբողջ կատարելութեան կը հասնի եւ կը սկսի ապրիլ «հոգեւոր կեանք»ով, եւ այն ատեն ահաւասիկ, իր առաջին քայլը կը նետէ «կատարեալ մարդ» ըլլալու՝ որուն կոչուած է իր արարչութեամբ։

Մարդ միայն «նիւթական մարմին» չէ, այլ ունի «կամք», «միտք» եւ անոնց հետեւանք՝ «ազատութի՛ւն»։

Իսկ ազատութիւնը կը ծառայէ կա՛մ փըր-կութեան, կա՛մ կորստեան։ Ազատ կամքով է, որ մարդ կ՚ընտրէ բարին՝ օգտակարը եւ չարը՝ վնասակարը։

Արդարեւ, «մարդ»ը իր միտքով եւ հոգիով «Անձ» է, այսինքն «էակ» մը՝ որ գիտակցութիւնը ունի իր էութեան, իր «Ես»ին, զգացումը ունի հոգածութեան, խնամելու, օգնելու, նպաստելու ուրիշին, այսինքն գիտակցութիւնը ողորմութեան եւ զոհողութեան։ Մարդ «Անձ» է նաեւ իր «ապագայ»ի գիտակցութեամբ։ Եւ մա՛րդն է, որ միայն ունի ապագայի հասկացողութիւն, ինչ որ զինք կը վերածէ «Անձ»ի։ Չէ՞ որ իր Արարիչն ալ «Անձ» մըն է՝ Գերագոյն Անձ, որ կը մտածէ իմաստութեամբ եւ կը զգայ անհո՜ւն սիրով եւ ողորմածութեամբ։

Մարդ՝ որպէս «Անձ» գիտակից է իր մասին, ազատ եւ պատասխանատո՛ւ իր արարքներուն, նաեւ հաղորդ իր շրջապատին՝ արտաքին աշխարհին։

Սուրբ Գիրքի մէջ «Մարդ»ը կը ներկայացուի, որպէս «ստեղծագործութեան թագ»ը, քանի որ ստեղծուած է իր Արարչին նմանութեամբ եւ Անոր պատկերով եւ կոչուած է ի վերջոյ հասնելու իր Արարիչին հետ միանալու, քանի որ կը կրէ Անոր շունչը՝ Անոր Հոգին։ Եւ ահաւասիկ մարդ «Անձ» է, երբ կ՚անդրադառնայ իր այս հանգամանքին։

Թէ ի՞նչ է կեանքի հայեացքը մարդուն։

Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր մարդ, որպէս ազատ կամքի տէր «Անձ», տարբեր պատասխան մը ունի այս խորհրդաւոր հարցումին։ Պատասխանը կը փոխուի նաեւ մարդոց զանազան տրամադրութիւններուն համեմատ, զոր օրինակ, յոռետես մարդու մը եւ լաւատեսի մը պատասխանը նոյնը չ՚ըլլար այս հարցումին։ Ուստի նիւաթապաշտ աշխարհի մը մէջ, մարդուն կեանքի նպատակն է աշխատիլ, գործել, շահիլ, աւելի՛ն շահիլ, ուտել, քնանալ, հաճոյք վայելել, եւ երբեմն նոյնիսկ ոտնակոխ ընելով բարոյական ամէն օրէնք եւ կանոն, մտածելով միայն ի՛ր «Ես»ը եւ ապրիլ ինքնակեդրոն կեանք մը։ Բայց մարդ որքան ալ եսամոլ եւ ինքնակեդրոն ըլլայ, որքան ալ մերժէ այն՝ ի՛նչ որ նիւաթական չէ, ի վերջոյ կ՚ապրի յոյսերով, ակնկալութիւններով եւ անվերջ փափաքներով, պահանջքներով…։

Մարդ միշտ իր առջեւ ունի «հեռանկար» մը՝ հորիզոն մը՝ որուն կ՚ուզէ հասնիլ, եւ երբ ինքզինք հասած նկատէ, կը շարունակէ փնտռել նոր հորիզոններ՝ անվերջ եւ անհասանելի հորիզոններ…։

Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ հորիզոնին հասնիլ անկարելի՛ է, քանի որքան մօտենայ մարդ անոր, ան այնքան կը հեռանայ իրմէ, հորիզոնը միշտ հեռո՛ւ է եւ անհասանելի։

Եւ ահաւասիկ մարդ միշտ ապերջանիկ է, միշտ դժբախտ, քանի որ չի հասնիր իր հասնիլ մտադրած «հորիզոն»ին։ Մինչդեռ եթէ գիտնայ եւ հասկնայ, թէ անկարելի է «հորիզոն»ին հասնիլ՝ այն ատեն հասածովը կը գոհանայ եւ ինքզինք երջանիկ կը զգայ։ Մարդ պէտք է գիտնայ, որ միակ կատարեալը իր Արարի՛չն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018