Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Դ.)
- Ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստութիւն։
- Պատրաստութիւնը պատարագիչ անձին պատրաստութիւնն է, որ տեղի կ՚ունենայ յատուկ աղօթքներով եւ յատուկ զգեստաւորումով, աւանդատան մէջ, առհասարակ ժողովուրդին աչքէն հեռու: Զգեստի իւրաքանչիւր բաժին ունի իրեն յատուկ կարճ աղօթք մը, զոր զգեստաւորուող քահանան կ՚արտասանէ: Այս աղօթքները Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի Պատարագէն առնուած են: Զգեստաւորումը անցեալին կ՚ըլլար Պատարագի խորհուրդէն առաջ, մեկուսի, ինչպէս նշեցինք: Ներկայիս զգեստաւորումը դարձեալ մեկուսի կը կատարուի, բայց գրեթէ Պատարագին մաս դարձած է, որովհետեւ 13-րդ դարուն այս զգեստաւորման համար գրուած է նոր երգ մը, որ անկէ ի վեր անբաժանելի մասն է Հայկական Պատարագին: Ատիկա «Խոր-հուրդ խորին» երգն է, որ ունի իր հետաքրքրական պատմութիւնը.
ԺԳ. դարուն սկիզբը, երբ Զաքարէ սպասալար իր զինուորական յաջողութիւններէն ետք նախաձեռնեց նաեւ հայոց Պատարագի բարեկարգութեան, Լոռի քաղաքին մէջ եկեղեցական ժողով մը գումարել տուաւ, 1208 թուականին, ժողովի հրաւիրեալներուն մէջ էին նաեւ Հայաստանի ժամանակակից կարեւոր կեդրոններու առաջնորդները՝ Հաղբատի, Անիի, Բջնիի, Դուինի եւ Կարսի եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշ վանքերու առաջնորդ վարդապետներ: Այս յատուկ առիթով, Կիլիկիայէն, օրուան կաթողիկոսէն ղրկուած եկեղեցաձեւ վրանի մը տակ մատուցանել տուաւ հանդիսաւոր Պատարագ մը: Եւ ահա, այս Պատարագին սկիզբը, Հաղարծին վանքի վանահայր՝ Խաչատուր Տարօնեցի Վարդապետը, որ «հռչակուած էր իբրեւ սուրբ եւ առաքինի, եւ իր գիտութեամբ, մանաւանդ երաժշտական արուեստով», ելաւ եւ անակնկալ կերպով երգեց իր նոր գրած տաղը կամ շարականը՝ «Խորհուրդ խորին» երգը, որ իր խորիմաստ բառերով եւ գեղարուեստականօրէն մեծարժէք ու սքանչելի եղանակով, մէկ անգամէն տպաւորեց ու նուաճեց բոլոր ունկնդիր ներկաները եւ այնուհետեւ մնաց Պատարագէն անբաժան:
- Ս. Պատարագի ընթացքին ի՞նչ է ժողովուրդին պարտականութիւնը։
- Ժողովուրդին պարտականութիւնն է՝ ուշադրութեամբ հետեւիլ արարողութեան, մեղմօրէն ձայնակցիլ դպիրներու երգեցողութեան, աղօթել Աստուծոյ, խնդրել Անոր ողորմութիւնը եւ Ս. Հաղորդութեան մօտենալ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ։
- Ի՞նչպէս տեղի կ՚ունենայ Ս. Պատարագի պատրաստութիւնը։
- Պատարագիչ քահանան եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ սաղմոսասացութեամբ (Սղ 132.1-18) եւ աղօթքներով կը զգեստաւորուի եւ քահանայական թագը գլխուն՝ խնկարկու սարկաւագին առաջնորդութեամբ կը մտնէ եկեղեցի, մինչ դպիրները կ՚երգեն «Խորհուրդ խորին» շարականը։ Ապա ցած ձայնով կ՚արտասանէ «Լուացից սրբութեամբ զձեռս իմ» սաղմոսը (26.1-12) եւ կը լուայ ձեռքերը։ Բարձրաձայն կ՚աղօթէ ու կը հայցէ Տիրոջ ողորմութիւնը։ Հրապարակաւ կը խոստովանի իր մեղքերը Աստուծոյ, Ս. Աստուածածինին, սուրբերուն ու ներկայ հաւատացեալներուն առջեւ։ Կը խնդրէ ժողովուրդէն, որ աղօթեն իրեն համար։ Եկեղեցոյ քահանաներուն երիցագոյնը «Ողորմեցի» թողութեան աղօթքը կ՚արտասանէ եւ կ՚արձակէ զայն իր մեղքերէն։
Հրապարակային խոստովանութենէն ետք, պատարագիչը սարկաւագին հետ փոխն ի փոխ «Դատ արա ինձ Աստուած» սաղմոսը (43.1-5) արտասանելով խորան կը բարձրանայ եւ «Ի յարկի սրբութեան» աղօթքը կարդալով կը խոնարհի Աստուծոյ առջեւ ու կը համբուրէ Ս. Սեղանը։ Այս աղօթքէն ետք, Խորանը վարագոյրով կը գոցուի ու դպրիրները կը սկսին մեղեդի երգել։
- Ի՞նչ բանի խորհրդանիշ է պատարագիչին ձեռքերու լուացումը։
- Մեղքերէ հրաժարելու եւ սրբութեամբ Աստուծոյ առջեւ ներկայանալու խորհրդանիշ է։ Ս. Պատարագի խորհուրդէն առաջ ձեռքերու լուացումը՝ առաջին անգամ յիշատակուած է 346-ին եւ կատարուած՝ Երուսաղէմի մէջ։ Իսկ լուացումի երկրորդ մասը՝ խոստովանութիւնն ու արձակումը հայկական Պատարագին մէջ ներմուծուած են 13-րդ դարուն եւ որդեգրուած՝ հռոմէական եկեղեցւոյ արարողակարգէն։
- Ի՞նչ կը խորհրդանշէ քահանային խորան բարձրացումը։
- Պատարագիչին խորան բարձրացումը կը նշանակէ, թէ մեղքին պատճառով Աստուծոյ ներկայութենէն զրկուած մարդ արարածը շնորհք ու ողորմութիւն ստացած է իր Արարիչէն՝ վերստին խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ դրախտ մտնելու համար։
- Ի՞նչ բանի նշանակ է խորանին վարագոյրով գոցուիլը։
- Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին նշանակ է, որ կատարուեցաւ Ս. Աստուածածինի գոց արգանդին մէջ։ Անարատ Կոյսը խորան եղաւ Ս. Հոգիին եւ ընծայաբերեց աշխարհի Փրկիչը։ Նոյն օրինակով եկեղեցւոյ փակեալ խորանը կ՚ընդունի Ս. Հոգիին էջքը եւ Աստուծոյ զօրութեան հովանաւորութիւնը ընծայաբերելու համար Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը։
Եթէ եպիսկոպոսական պատարագի մը ներկայ եղած ենք արարողութեան սկիզբէն, տեսած պէտք է ըլլանք, որ հազիւ բեմ բարձրացած՝ եպիսկոպոսը խոյրը գլուխէն կը հանէ, ծունկի կու գայ եւ բազկատարած աղօթք կ՚արտասանէ, մինչ դպիրներ կ՚երգեն «Ընտրեալդ յԱստուծոյ» տաղը: Եպիսկոպոսը զոյգ աղօթքներ կը կարդայ, երկուքն ալ գրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին կողմէ (Բան ԼԳ. դ. եւ ե.): Բայց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ինք չէր այդ աղօթքները Պատարագին մէջ փոխադրողը: Հաւանաբար մեծ սուրբին վախճանումէն կարճ ժամանակ մը ետք, անիկա ներառնուեցաւ Պատարագի խորհուրդին մէջ, կարծէք յատուկ կերպով գրուած ըլլար նոյնինքն Պատարագին համար: Զանոնք արդէն կը գտնենք ԺԲ. դարու պատարագամատոյցին մէջ, եւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի Եպիսկոպոս անոնց համառօտ մեկնութիւնը կու տայ 1177 թուականին գրած իր «Խորհրդածութիւն Սրբազան Պատարագի» գործին մէջ: Գալով «Ընտրեալդ» երգին, անիկա դեռ չի յիշուիր Լամբրոնացիի քով, ոչ ալ Արճիշեցիի քով, եւ հաւանաբար աւելի ուշ գրուած է: Ե՞րբ, եւ որո՞ւ կողմէ: Հաւանաբար 14-15-րդ դարերուն:
- Ս. Խորանի վարագոյրը փակուելէն ետք Ս. Սեղանին վրայ ի՞նչ կը կատարուի։
- Ս. Խորանի վարագոյրը գոցուելէն ետք, երբ դպիրները յաւուր պատշաճի մեղեդի կ՚երգեն, սարկաւագը սկուտեղի վրայ նշխար եւ անապակ գինի կը մատուցէ պատարագիչին, որ նշխարը առնելով կ՚աղօթէ, կ՚օրհնէ ու կը զետեղէ մաղզմային (Նշխարը կրող փոքր ափսէ, որ սկիհին վրայ կը դրուի) վրայ, իսկ գինին ալ կը լեցնէ սկիհին մէջ։ Պատարագիչ քահանան ընծաները պատրաստելէ ետք, կ՚օրհնէ նշխարն ու գինին` երեք անգամ արտասանելով Գաբրիէլ հրեշտակին կողմէ Ս. Կոյս Մարիամին յայտնուած հետեւեալ աւետումը. «Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի» (Ղկ 1.35)։ Պատարագիչը կ՚աղօթէ եւ կը խնդրէ նաեւ Ս. Հոգիէն, որ Իր շնորհքներով ու պարգեւներով զարդարէ բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք մասնակից պիտի դառնան Ս. Պատարագին։ Ապա, կը ծածկէ Ս. Սկիհը եւ երեք անգամ խնկարկելէ ետք կը յանձնէ սպասարկող սարկաւագին, որ զայն տեղաւորէ Ս. Սեղանին հիւսիսային կողմի խորհրդանոցին (խԽորանի պատին մէջ փորուած կամարաձեւ խորշ մը, ուր կը պահուի սկիհը) մէջ։
- Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին, հաւատացեալներ ինչպէ՞ս իրենց ներդրումը կ՚ունենային եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
- Նախնական Եկեղեցւոյ սովորութեանց համաձայն, հաւատացեալներ իրե՛նք էին, որ Ս. Պատարագի նշխարն ու գինին կը նուիրէին, իսկ ոմանք ալ՝ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան վերաբերեալ սպասներ եւ այլ օժանդակութիւններ։ Քահանան իր կարգին աղօթք կը մատուցէր Եկեղեցւոյ բարերարներուն ու այն հաւատացեալներուն համար, որոնք ոգի ի բռին կ՚աշխատէին քրիստոսահիմն ու քրիստոսահաստատ Եկեղեցւոյ բարօրութեան, բարգաւաճման ու պայծառացման։ Ապա, Ս. Պատարագի խորհուրդին համար պէտք եղած հացն ու գինին մէկ կողմ դրուելէ ետք, միւս նուէրները կը պահուէին յօգուտ Եկեղեցւոյ կարիքներուն եւ չքաւորներուն։
- Ինչո՞ւ համար Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այլ եկեղեցիներու նման Ս. Պատարագի ընթացքին՝ նշխարին մէջ թթխմոր եւ գինիին մէջ ջուր չի խառներ։
- Պատմութեան ընթացքին շատեր փորձեցին հայ ժողովուրդը շեղել առաքելահիմն եւ լուսաւորչահաստատ ուղիէն։ Շատեր փորձեցին եղծել լուսաւորչադրոշմ դիմագիծը հայուն։ Սակայն Հայ Եկեղեցին հաւատարիմ ու կառչած մնաց Քրիստոսի կտակին ու մեր սրբազան հայրապետներուն աւանդին։ Հինգերորդ դարէն սկսեալ մինչեւ այսօր, Հայ Եկեղեցին Ս. Պատարագի ընթացքին անխմոր նշխար ու խաղողի հիւթէն պատրաստուած անապակ գինի կը գործածէ՝ հիմնուելով Վերջին ընթրիքի ընթացքին Քրիստոսի հաստատած Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին վրայ (Մտ 26.20-30, Մր 14.17-25, Ղկ 22.14-23, Յհ 13.21-30, Ա. Կր 11.23-25)։
Այլ յարանուանութիւններ ու եկեղեցիներ եւս սկզբնական շրջանին անխմոր հաց ու անապակ գինի կը գործածէին։ Օրինակ՝ ասորի եկեղեցին անխմոր հաց գործածելու նոյն սովորութիւնը ունէր մինչեւ Է. դար։ Այս դարուն էր որ ծագեցաւ «եղծանելի» դաւանանքի հասկացողութիւնը, որ կ՚ընդունէր, թէ Քրիստոսի ֆիզիքական մարմինը եղծանելի է։ Ասորիք այս դաւանանքը ընդունելէն ետք, սկսան գործածել թթխմորով շաղախուած նշխար։ Իսկ Կաթոլիկ եկեղեցին Թ. դարէն սկսեալ գործածած է խմորուած հաց, որուն դրդապատճառները որոշադրիչ չեն, իսկ գինիի մէջ ջուր խառնելու իրենց սովորոյթը - համաձայն իրենց վարդապետութեան - եկած է խաչելութեան ընթացքին հռոմէացի զինուորին գեղարդով Քրիստոսի մարմինը խոցումի իրողութենէն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ