ՀՊԱՐՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ

Ուրախ համերգներով ողողուած է հայրենիքը: Ամէն տեղ ժպիտ, խինդ ու խանդավառութիւն կը վխտայ: Ուրախութիւնը արգելքներ չի ճանչնար, նոյնիսկ երբ երկինքէն տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, բացօթեայ համերգները կը շարունակեն իրենց ելոյթները, իսկ ժողովուրդը, բազմութիւնը, հանդիսատեսը անձրեւուն կաթիլներով կը զովացնէ ինքզինք:

Համերգներ: Մեծ հաճոյքով մտիկ կ՚ընես համերգները բացման առաջին նախադասութենէն սկսեալ, որ անպայման կ՚ամբողջանայ «հպարտ քաղաքացիներ»ով: Այս արտայայտութիւնը լոզունգ դարձած ըլլայ կարծես, թաւշեայ յեղափոխութենէն մնացած անջնջելի հետք մը թերեւս, որ լսողը իսկոյն կը փոխադրուի այդ օրերը ու ան ներկան ալ կը փափաքի այդ նոյն խանդավառութեամբ օժտել: Կարօտ ալ կայ նաեւ այդ օրերուն հանդէպ: Կը նշմարես անիկա, մանաւանդ երբ վարչապետը կը ներկայանայ համերգին ու մի առ մի ժպիտներ կը գծէ զինք դիտող դէմքերուն վրայ:

Համերգներ: Կը նկատեմ նոյնիսկ անոնց ընթացքին փոփոխութիւնը, անոնք ալ երիտասարդացած են կարծես՝ նոր դէմքերով, երիտասարդ երգիչներով լի են դահլիճները, հրապարակները. նոյնիսկ անոնց ոճին մէջ նկատելի է դրական փոփոխութիւն:

Կը յիշեմ բարեկամի մը խօսքը, թէ՝ «Երբ Հայաստանի մասին որեւէ տեսանիւթ կամ ծանուցում տեսնեմ, առաջին պատկերը կ՚ըլլայ տուտուկը, որ կը նուագէ յուզառատ «Տլէ եաման»ը. միթէ կարելի չէ՞ փոխել այս յուզումը եւ ուրիշ ուրախ խորհրդանիշ մը տալ մեր հայրենիքին»: Պահ մը մտածելէ ետք կը համաձայնիս այս խօսքին: Ինչո՞ւ օտարները ուրախ երեւոյթներով, ոճերով ու տեսանիւթերով կը ներկայացնեն իրենց հայրենիքը, օրինակ՝ Հոլանտան իր կովերով ու գեղեցիկ ծաղիկներով, Սպանիան իր ուրախ երգ ու պարով, մէկը՝ ցուլարշաւով, միւսը՝ շոգոլայով, սակայն մենք մեր մշակոյթով կը յուզենք արար աշխարհը, այնպիսի երեւոյթներ կ՚արձանագրենք, որ, այո՛, հայուն յատուկ են ու հայուն դրոշմը կը կրեն, բայց ժպիտ չեն գծագրեր անոնք ոեւէ դիտողի կամ լսողի դէմքին:

Սակայն ահա համերգներուն մէջ կը հնչեն նոր երգեր, ուրախ, ժպիտ բուրող, սփռող երգեր, յաղթանակ բուրող ու ոգեւորող երգեր, որոնց կ՚ընկերակցի քաջալերանքը, մղումը քաջութեամբ զինուելու ու հայրենիքը պաշտպանելու՝ «Քաջին քնել չի սազում»: Նոյնիսկ «Տլէ եաման»ին կը ժպտիս, երբ համերգը սկսի ուրախ տրամադրութեամբ:

Հպարտ քաղաքացիներ: Որքա՜ն իմաստուն խօսք: Բայց միթէ հայը չունէ՞ր հպարտութիւն, չունի՞: Հարց տուէք զբօսաշրջիկներուն, որոնք բազմաթիւ են այս օրերուն, տեսէք, թէ ինչ պատասխաններ կը ստանաք:

ԹԱՔՍԻԻՆ ՄԷՋ

Թաքսի կը նստին զբօսաշրջիկներ, որոնք ընթրիքի էին ճաշարանի մը մէջ: Իւրաքանչիւրը պիտի ուղղուի իր բնակած վայրը: Անոնցմէ մէկը կը հասնի իր բնակարանին մօտ, դուռը կը բանայ ինքնաշարժին, սակայն մէկ կողմէն կը խօսի տակաւին ընկերոջ հետ, որ թաքսիին մէջն է: Վարորդը՝

-Փակէք դուռը, էլի՛, հիմի կը նկարուեմ:

Կը պոռայ յաճախորդին երեսին: Զբօսաշրջիկը այս վարուելակերպէն անակնկալի եկած իսկոյն կը գոցէ թաքսիին դուռը:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՊՈՂՈՏԱՅԻՆ ՎՐԱՅ

Զբօսաշրջիկները Հանրապետութեան հրապարակի անկախութեան հարիւրամեակի տօնակատարութենէն ետք կը ճեմեն Հիւսիսային պողոտային վրայ: Բազմաթիւ մարդիկ, անցորդներ հաճոյքով կ՚երթեւեկեն: Նկատելի է անոնց ոգեւորութիւնը. բոլորը կը շրջին ուրախ ու ժպտուն: Պայթուցիկներուն ձայնն ու տեսքը, համերգի երգիչները տեսած ըլլալնուն հաճոյքը նշմար առ նշմար նկատելի է զբօսնողներուն դէմքին վրայ: Այս լայն պողոտային գետինը սակայն արեւածաղիկի սերմերու կեղեւներ, դատարկ շիշեր ու գաւաթներ կը վխտան: Զբօսնողներուն մեծամասնութիւնը օտարներ են, որոնք իսկոյն կը նկատեն այս երեւոյթը: Կը շարունակեն քալել, սակայն խօսքի տարուած մէկ պահուն, չեն նկատեր դէմէն եկող խումբ մը քաղաքացիները, որոնք ամենայն կոշտութեամբ՝ «Չէ՞ք տեսնում, էլի՛, մի քիչ դէմներդ նայելով քայլէք», կ՚ըսեն օտարներուն ու հրմշտելով կը շարունակեն իրենց ճամբան:

Հպարտութիւնը ա՞յս է միթէ, մենք ա՞յս ձեւով պիտի ներկայացնենք մեր երկիրը օտարին: Օտարը միթէ այսպէ՞ս պիտի տպաւորուի, եւ իր մտքին մէջ ըսէ՝ «Դեռ դուք շա՜տ կ՚ուզէք այս երկիրը երկրի վերածելու»: Արդեօք բեմերէն հնչող հպարտութեան կողքին ազնուութիւնն ալ պէտք չէ՞ որ շեշտուի, բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018