Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ֆուլլեր տնաշինական կեդրոն» բարեգործական կազմակերպութեան միջազգային կամաւորները։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հիւրերու աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, որու շնորհիւ օգտակարութիւն կը ցուցաբերուի կարիքաւոր բազում ընտանիքներուն։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ զանազան ընկերային եւ մարդասիրական ծրագրերուն, որոնց շնորհիւ բազում կարիքաւոր անձեր եւ ընտանիքներ կը ստանան պատշաճ աջակցութիւն։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը։
Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018