ԵՒՐՈՊԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆՍ

Տարիներ առաջ էր եւ՝ կրկին ամառ: Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր: Մենք ալ՝ նոյնպէս: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ փախուստ մը սովորական եւ միօրինակ առօրեայէն: Այլ խօսքով նաեւ վերանորոգուելու արդար եւ միաժամանակ ծախսալից փորձ մը: Հաճելի ակնկալութիւն մը՝ կեանքիդ որոշ եւ ճշդուած օրերը տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով:

Նախաբանս չեմ ուզեր երկարել:

Այդ օրերուն Եւրոպա էինք էրիկ-կնիկ, եւ յատկապէս անոր ծայրագոյնը՝ Իրլանտա եւ Իրլանտական Հանրապետութիւն: Այս վերջինը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ Միացեալ Թագաւորութեան մէկ բաժինը:

Ու սկսելով Իրլանտայի Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, մեծ ու հանգստաւէտ փոխադրակառքով եւ ընկերակցութեամբ հմուտ կայտ-առաջնորդի մը, շուրջ յիսուն հոգիով եզերած էինք այս երկու երկիրներու մեծ ու փոքր քաղաքներն ու գիւղերը ու վերջապէս՝ հասնելով Պելֆասթ:

Եւրոպա ըսի, պէտք էր նաեւ աւելցնէի, թէ ան կարծես ամբողջ աշխարհի պատմութիւնն ալ էր: Պատմական հսկայ թանգարան մը: Ամէն օր մեր այդ կայտը քարեղէն հնութիւններու տակէն կորսուած կամ պահուըտած կեանքերու «շունչ» տալով՝ զանոնք դուրս կը բերէր ու կը փռէր մեր յիշողութեան առջեւ, գեղեցիկ կրկներգի նման: Այլ խօսքով՝ պատմութեան կանչերու հոսանք: Ու յուսահատ կողոպուտ մը կարծես կար մեր՝ զբօսաշրջիկներուս աչքերուն մէջ: Բոլորս ագահօրէն կը փորձէինք պատմական յուշեր հաւաքել: Տեսանելի էր, թէ հոս ալ որքա՛ն խոր էր պատմութիւնը:

Սակայն եւ այնպէս, պատմութեան կողքին եւ պատմութեան չափ ալ մեր բոլոր ընկերակիցները մեզ իբրեւ «արմենիանզ»՝ հայեր անունով կը ճանչնային: Ո՛չ մեր անունը սորվեցան եւ ո՛չ ալ ազգանունը: Իրենց համար մենք միայն այս նոր անունով կը ճանչցուէինք: Մեր հոգը չէր: Ներքնապէս ուրախ էինք: Հպարտ եւ երջանիկ: Գոնէ այս ձեւով այս օտարները տեղեակ եղած էին, որ մենք՝ այս նոր անուն ունեցողներս, հայրենիք մը ունէինք Արմենիա անունով, եւ որ մենք այս երկրագունդի վրայ իբրեւ հին ազգ կ՚ապրէինք: Դարաւոր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ էինք եւ ներկայիս ալ ազատ եւ անկախ երկիր մը ունէինք, որ իրենց գիտցած այս Արմենիան մենք՝ Հայաստան կը կոչէինք: Այսքան եւ դեռ ասկէ աւելին:

Ու առանց պարտադրանքի, ամէն օր ճաշի կամ ընթրիքի միջոցին, մեր պատմութենէն, մեր լեզուէն, մեր մշակոյթէն տող մը, դրուագ մը յիշեցուցինք, սորվեցուցինք: Սորվեցան, թէ ոչ, շատ ալ վստահ չէի: Բայց գլուխնին «արդուկելու» չափ խօսեցանք: Ո՛չ ոք բողոքեց: Չեմ գիտեր զբօսաշրջութեա՞ն եկած էին, թէ՞ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն մասնակցելու: Հետաքրքրական էր: Շեշտեցինք ամէն բան: Նմանութիւններ բերինք: Դէմքեր ու դէպքեր յիշեցինք: Մեծ եղեռն եւ քրիստոնեայ առաջին պետութիւն՝ իբրեւ մեծ վկայութիւն եւ հաստատ փաստ առաջ «քշեցինք»: Նաեւ պարզեցինք, որ մեզ ճանչնալու համար նախ պէտք էր ճանչնալ մեր երկիրը՝ Հայաստանը: Մեր դրախտավայրը:

Ապա շրջապտոյտի ընթացքին վերադառնալով տեղւոյն երկրի պատմութեան, իրենց հետ համեստօրէն ընկերացանք անոր դարերու շարքին: Տեսանելի էր, թէ որքան խոր էր պատմութիւնը: Անկասկած: Ուստի աչքերուս մէջ ամփոփեցի մեծ ընդարձակութիւնը՝ այդ երկրի կանաչութեան հետ միասին:

Պէտք է ճանչնալ երկիրը եւ անոր մտայնութիւնը: Գիտէի այդ մէկը: Ուստի քալեցինք: Բոլորս միասին քալեցինք, երկար, յաճախ շնչասպառ, որովհետեւ այդպէս էր դասաւորուած: Քալեցինք տեսնելու՝ երկրի արշալոյսի գոյներով զարդարուած անցեալը: Իւրաքանչիւր կառոյցի պատի վրայ դարերը կը խօսէին երկարօրէն: Ու մենք որոշ չափով մօտեցած էինք այդ անցեալին:

Սակայն Արեւելքը այսպէս չէր, կ՚ըսէի մտովի: Արեւելքը ուրիշ է: Հիմա այդ Արեւելքը կորսնցուցած է իր վերանորոգուելու աւիշն ու հմայքը: Հոս տարբեր էր: Իսկ հոն… Հոս ամէն բանի մէջ Աստուած կար: Գոյն, լոյս, գիծ, ե՛ւ խորհուրդ, ե՛ւ հաւատք: Կեանքի յաւիտենականութեան հոլովոյթը կար մարդոց երակներու մէջ: Թէեւ պատմութիւնը հոս ալ գրուած էր կրակով ու թուրով, ատելութեամբ եւ յաղթանակով, սակայն ամէն «բան» հպարտութեամբ կը յայտնաբերուէր: Իսկ եկեղեցին արդէն ամուր նստած էր իւրաքանչիւր դէմքի, պատահարի ու փլատակի սրտին վրայ:

Ամէն քաղաք կամ աւան, կամ՝ մթին քարեր ու քանդակներ, մեր դիմաց կը բանային նոր դռներ, նոր թուականներ, նոր պատկերներ՝ տաք ու խանդավառ շունչով: Նկատելի էր, որ քրիստոնեայ աղօթքը երկար ատենէ ի վեր պառկած էր այդ հնամաշ փլատակներուն տակ: Ու, ի՛նչ մեղքս պահեմ, պատմութիւնը իսկապէս խածած էր սիրտս, ուղեղս, ժամերս եւ վայրկեաններս լեցուցած՝ նորութիւններով: Այլեւս օրերս սկսած էին պատմութիւն խօսիլ, անոր հետքին հետեւիլ: Ու նոր իմաստ մը տալու համար ժամերուս՝ մօտէն հետեւեցայ հրամցուած թուականներուն, մեծ ու փոքր անուններուն, դէպքերուն, դէմքերուն, հերոսներուն եւ անոնց արձաններուն ու մշակոյթին եւ անոր թելադրանքին ու այդ ձեւով ալ աւելի մօտեցայ երկրի անցեալին: Տեսակաւոր եկեղեցիներ ու դղեակներ, պալատներ ու ամրոցներ, թանգարաններ եւ յուշարձաններ, կարծր ու փափուկ սրտերու մէջ հաւատք բուրող մէկական կոթողներ էին: Միւս կողմէ՝ տեսանելի էր, թէ ինչպէ՛ս խմիչքը, ոգելից ըմպելին մարդոց դէմքերուն վրայ կարմիր բոցեր նետած էր: Իսկապէս՝ կախարդական աշխարհ:

Ասկէ մեկնած՝ մտովի կ՚ըսէի. «Իրլանտա, դո՛ւն այն երկիրն ես, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու երեսին կարողացած ես հպարտութեան լռութեամբ պոռալ»:

Եւ յանկարծ ինքնածին նախանձ մը ծնունդ կ՚առնէր մէջս:

Բայց ամենէն հետաքրքրականն ու շատերու համար զարմանալին այն էր, որ Անգլիոյ կողմէ նախկին ոճրագործ նկատուածները ներկայիս այս երկրին մէջ իբրեւ ազատամարտիկներ ճանչցուած էին ու՝ մէկական քաղաքական գործիչներ դարձած: Ուրեմն մէկուն ոճրագործը միւսին ազատամարտի՞կն էր: Ահա՛ քեզի՝ կեանք եւ պատմութիւն:

Այս բոլորը հարազատ եւ համարձակ կը լսէի մեր այդ առաջնորդին բերնէն՝ թափանցիկ հոգիով, լուսաւոր երաժշտութեամբ, որ յաճախ կը կրծէր նաեւ ամբողջ էութիւնս:

Կարծես ներքին ձգտում մը բառերս կը յուշէր եւ մտածումներս կ՚առաջնորդէր: Իրականութիւնն էր, որ կ՚ապրէր: Նոր մարդու թափ, որուն մէջ ներկայ էր մարդուն, իր ազգին հանդէպ որդեգրած կամ ունեցած բոլոր գլխաւոր ձգտումները: Այսպէս, տեղ տեղ ապրումներս կիսեցի եւ սակայն զգացի, որ այս անծանօթ հեռաւորութիւնը իրեն հետ մտքիս ամայութիւն մըն ալ բերած էր, մօտիկ անցեալիս թելադրանքով հիւսուած՝ զգացումով միատեղ:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կսկիծը նետած էր զիս իր անդունդը: Մտածումս խանգարուած էր հաստատապէս: Կը խօսուէր թագաւորութեան, հերոսութեան, ազատութեան եւ հին աստուածներու մասին: Թէեւ զարմանքն ու հիացմունքը թակած էին միտքս, սակայն յանկարծ կը զգայի, որ կրկին անգամ լեզուիս վրայ հին երգ մը սկսած էր անձայն քալել: Է՛հ, մենք ալ փառաւոր անցեալ մը ունեցած էինք: Թագաւորներ, իշխաններ, յաղթանակներ, ազատամարտիկներ, ֆետայիներ, աստուածներ եւ Աստուած մը: Է՛հ, իրապէս, որ մեր աստուածները տարբեր էին: Մեր հերոսները՝ նոյնպէս: Հապա՞ մեր երկիրը եւ հապա՞ մե՛նք: Հայրենիքս եւ հայութիւնը: Հաստատապէս՝ Հայաստանը, որ մնացած էր ենթագիտակցութեանս մէջ վիպային կերպարով, հիմա սկսած էր արթննալ: Իր կարօտը խանգարած էր զիս: Յստակ էր, որ ինք այս երկրին մէջ ալ հետս էր: Մօտս: Մտածումներուս մէջ: Մէկ խօսքով, ինքն ալ ներկայ էր:

Դարձեալ, բառերու փոխարէն, այս անգամ դարաւոր պատմութիւնս, հերոսներուս յաղթանակներն ու նոյնիսկ պարտութիւնները լռութեամբ կը խօսէին, ու այդ մէկը տենդով մը կը զգայի: Ահա թէ ինչո՛ւ աշխարհի տարածքին մեր կեանքը ներքնապէս կը հիւծէ մեր մարմինը:

Պատմութեան հետն էի, եւ մեր Հայաստանն ալ պատմական է:

Գացէ՛ք, տեսէ՛ք: Վայելեցէ՛ք: Այցելեցէք մեր երկիրը: Հոն ալ պատմութիւն կը հոսի իր եզերքներէն: Հաւատացէ՛ք՝ պատմութիւնն է ամենէն վստահելին: Յաճախ կը պոռայի:

Կը զգայի, որ հոգիս պաշարուած էր երկիւղով: Կսկիծը կը հոսէր սրտէս: Անոր համար անկէ ետք այլեւս չհաշտուեցայ սովորական առաւօտին հետ:

Ես այդ օտար երկրի, իր օտար հողին վրայ, քալած էի հայրենիքիս անցեալէն, անոր ներկայի եւ անմիջական վաղուան յոյսով եւ հաւատքով:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018