ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԼՈՅՍԸ

«Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն», (ՂՈՒԿ. ԺԱ 23)։ Աւետարանի այս խօսքերէն կը հասկցուի, թէ հաւատքը պէտք է բացայա՛յտ ըլլայ, որպէսզի ամէն անոնք որ ճանչնալ կ՚ուզեն անձ մը, գիտնան նաեւ անոր ներաշխարհը՝ ամբողջութեա՛մբ։ Արդարեւ անկեղծութիւնը այն կը պահանջէ՝ թէ մէկու մը արտաքին երեւոյթը համապատասխան ըլլայ ներքինին, այսինքն անոր ներաշխարհին, հոգեւոր կեանքին, մտքին եւ հաւատալիքներուն։ Այլապէս անկեղծութիւնը կը պակսի, ինչ որ կը նշանակէ՝ սխալ եւ կամ պակաս ճանչնալ անձը, ինչ որ զանազան հարցերու առիթ կու տայ։

Անկեղծութիւնը մարդկային արժանապատուութեան հետ սերտօրէն կապուած յատկութիւն մը, առաքինութիւն մըն է. կեղծ ամէն ինչ կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ անհամաձայնութիւններ կը ստեղծէ մարդոց միջեւ։ Ամուր նկարագրի տէր եւ արժանապատուութիւն յարգող անձերու մէջ անհամաձայնութիւններու հաւանականութիւնը նուազագոյն է, քան իրարու հանդէպ «դիմակաւոր» արտայայտուողներու, ներաշխարհը գաղտնող եւ կամ տարբեր ներկայացնողներու։ Այս վերջինները յուսախաբութիւններու պատճառ կ՚ըլլան եւ նաեւ եթէ յայտնուի իրենց վարմունքը, անվստահութիւն կը ստեղծեն եւ այդ իսկ պատճառով, բարեկամութիւններ, լաւ յարաբերութիւններ կը վնասուին եւ մինչեւ իսկ վերջ կը գտնեն։ Արդարեւ, յուսախաբութիւնը եւ անվստահութիւնը ցաւ կը պատճառէ ենթակային, այնքան որ ընդհանուր վստահութիւնը մարդոց նկատմամբ կը վտանգուի, հետզհետէ կը պակսի։

Եւ երբ այս խորհրդածութիւնները կ՚ընենք, կ՚ուզենք տեսնել՝ թէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ, ի՛նչ կ՚ըսէ այս մասին։

Սակայն, նախ տեսնենք՝ թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի մարդուս «ներաշխարհ»ը, որ ընդհանրապէս ծածուկ կը մնայ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ։

Մարդուս ներաշխարհը սի՛րտն է, ուրկէ կը բխի ամէն զգացում, երբեմն կեղծ՝ փոխուած, երբեմն ալ անկեղծութեամբ՝ առանց փոփոխութեան ենթարկուելու։

Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «սիրտ» բառը ընդհանրապէս իր սովորական իմաստով չէ որ կը գործածուի, այլ՝ փոխաբերաբար, երկու նշանակութեամբ.

ա) Ընդհանրապէս «միտք»ը, այսինքն՝ խորհողութեան, մտածողութեան, դատողութեան եւ կամեցողութեան կեդրոնը. զոր օրինակ՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 34), (ՄԱՐԿ. Բ 6), (ՂՈՒԿ. Գ 15), (ՀՌՈՄ. Ժ 1), (Ա ԿՈՐՆ. Դ 5), (Բ ԿՈՐՆ. Թ 7), (ԵՓԵՍ. Ա 18), եւ այլն հատուածներու մէջ կ՚ակնարկուի միտքը որպէս դատողութիւն եւ կամեցողութիւն։

բ) Հազուադէպ կերպով, սիրտը գործածուած է որպէս զգացումներու կեդրոնը. զոր օրինակ՝ (ՅՈՎՀ. ԺԶ 7 եւ 22), եւ այլն հատուածներու մէջ։

Ուրեմն, «սիրտ»ը՝ թէ՛ որպէս դատողութիւն եւ կամեցողութիւն եւ թէ որպէս զգացումներու կեդրոն, մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդ միայն մարմնական-ֆիզիքական՝ արտաքին աշխարհ մը չունի, այլ եւ նաեւ՝ հոգեկան-բարոյական աշխարհ մը, այսինքն ներաշխա՛րհ մը։

Եւ մարդը իր «արտաքին-տեսանելի» աշխարհով եւ «ներքին-անտեսանելի» աշխարհով ամբո՛ղջ մըն է եւ զայն պէտք է ճանչնալ իր ամբողջութեանը մէջ, թէ ոչ զայն լիապէս եւ կատարեալ հասկնալ կարելի չ՚ըլլար։

Ուրեմն, տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, Աւետարանի այս հատուածին նկատմամբ։

«Մարդուն գանձը իր սիրտն է, կը շարունակէ Յիսուս, բարի սիրտ ունեցողը բրաիք կը հանէ այն գանձէն, չար սիրտ ունեցողը չարիք կը հանէ նոյն գանձէն, հանած բարիքն ու չարիքն ալ բարի ու չար խօսքերն են, սիրտէն բղխած է որ մարդուն բերնէն կ՚ելլէ երբ կը խօսի։ Խօսքն ալ թեթեւ բանի տեղ մի առնէք. ամէն խօսք դատաստանի օրը պիտի քննուի ու կշռուի, եւ նոյն իսկ թեթեւ ու դատարկ խօսքի մը համար պարտաւոր պիտի ըլլաք դատաստանի առջեւ պատասխան տալ, եւ խօսքերնուդ համեմատ վճիռ պիտի ստանաք։ Խօսքերնիդ կրնան ձեզ արդարացնել՝ եթէ բարի են, կրնան ձեզ դատապարտել՝ եթէ չար են։

«Հարկաւ Յիսուս չ՚ուզեր ըսել, որ միայն խօսքն է մարդուն արդարացման կամ դատապարտութեան պատճառը, եւ ոչ ալ կ՚ուզէ գործոց արժէքը հերքել եւ անոնց նշանակութիւնը թեթեւցնել, այլ միայն կ՚ըսէ թէ մարդուն խօսքն ալ, որ իր արտաքին գործունէութեան կարեւոր մի մասն է, իրեն արդարացման կամ իրեն դատապարտութեան պատճառ կ՚ըլլայ։

«Ներկայ պարագային մէջ ալ, յորում Յիսուս կը խօսի, Փարիսեցւոց օտարոտի խօսքերը՝ իրենց չարութեան արտայայտութիւնն էին։

«Նոյն դիտողութեան հիմամբ, այս տեղ կը կցենք այն խօսքերն ալ, զորս Ղուկաս ի մի հետ կը գրէ. (ՂՈՒԿ. ԺԱ 24-26). իսկ Մատթէոս պզտիկ ընդհատութեամբ քիչ մը անդին կը թողու (ՄԱՏԹ. ԺԲ 43-45)։ Յիսուսի այս խօսքերը առակաւոր են, եւ այն ալ ժողովրդական նախապաշարումներէ քաղուած, որովհետեւ հնար չէ բառական ճշդութեամբ իմանալ այս խօսքերը.- Երբոր դեւը, կ՚ըսէ Յիսուս, մարդէ մը կ՚ելլէ, անապատ եւ անջուր տեղեր կը պտըտի, բայց այն տեղ իրեն մտնելու եւ հանգիստ ընելու մարդ կամ տեղ չի գիտեր, միտքը կը դնէ եղած տեղը դառնալ, բայց երբոր կու գայ կը տեսնէ որ այն մաքրուած եւ սրբագործուած է, ու իրեն ընդունելութիւն չ՚ըներ, զի սատանան պիղծ տեղեր միայն կրնայ բնակիլ։ Որպէսզի յաջողի մտնել եւ հաստատուիլ, իրմէ զօրաւոր ուրիշ եօթը դեւեր օգնութեան կը բերէ, եւ անոնց օգնութեամբ մարդը կը մոլորեցնէ, որով կրնայ նորէն ներս մտնել եւ հաստատուիլ, եւ խեղճ մարդը առաջինէն աւելի նեղել ու լլկել եւ չարաչար դիւահար դարձնել»։

Եզրակացնելով, մարդ իր ներաշխարհին մէջ ապրածները՝ զգացումները եւ մտածումները արտաքին աշխարհ կը փոխադրէ իր արտայայտութիւններով, որոնց գլխաւորն է խօսքը եւ անշուշտ խօսքին յաջորդող եւ կամ ընկերակցող գործը։ Եւ մարդ այնքան վստահելի է՝ ո՛րքան անկեղծ է իր արտայայտութիւններուն մէջ եւ անկեղծ՝ մտածումները եւ զգացումները դիմացինին եւ շուրջիններուն փոխանցելու միջոցին։ Մտածումներու եւ զգացումներու նոյնութեամբ՝ առանց այլայլելու փոխանցելը՝ այսինքն արտայայտութիւնը անկեղծութիւն կ՚ենթադրէ, ինչ որ ամուր հաւատքի արդիւնք է։ Արդարեւ, այն որ հաստատ հաւատք ունի, չի փոխեր իր մտածումները եւ փոփոխութեան չ՚ենթարկեր իր զգացումները, քանի որ զանոնք փոխելու պէտքը եւ պահանջքը չի զգար։

Ամուր հաւատքի եւ հաստատ համոզումի վրայ հիմնուած սկզբունքներ, վարդապետութիւններ եւ ուսուցումներ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր կը մնան, քանի որ անոնք միա՛յն ճշմարտութիւնը կը ներկայացնեն եւ ճշմարտութեան թարգման կ՚ըլլան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 2, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018