ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ…
Մերժուելու զգացումը մարդկային փոխյարաբերութիւններու ամենէն վատ, ամենէն տհաճ վիճակներէն մին է։ Մարդ ցաւ կը զգայ, կը վշտանայ երբ իր արժէքը անտեսուի, անարգուի. այսինքն՝ մերժուի։ Ամէն մարդ կրնայ մերժուիլ, ինչպէս Յիսուս իր ամբողջ կեանքի ընթացքին շատ անգամներ մերժուեցաւ, մինչեւ իսկ լքուեցաւ իր ամենէն մերձաւորներուն կողմէ, իսկական «բարեկամ» անուանածներու, «բարեկամ» ընդունածներու կողմէ. «Ձեզ բարեկամ կոչեցի…», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 15)։ Եւ երբեմն ալ մարդ իր քաղաքացիներուն կողմէ անընդունելի կ՚ըլլայ, կը մերժուի, ինչպէս Յիսուս մերժուեցաւ. «Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի», (ՂՈՒԿ. Դ 24)։
Արդարեւ, ինչպէս ըսինք, ամէն մարդ կրնայ մերժուիլ, կրնայ անտեսուիլ կեանքի մէջ, ինչ որ անարդարութի՛ւն է, անիրաւութի՛ւն է եւ մեծ ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ ենթակային։ Ուստի մարդկային տկարութիւն մը՝ թերութիւն մըն է արժէք չգնահատելը, ճշմարտութիւնը մերժելը կամ ուրանալը։
Արժէքը մերժելու, ճշմարտութիւնները ուրանալու պատճառները կրնան զանազան շարժառիթներ ըլլալ, որոնց գլխաւորն է նախանձը։ Նախանձի վատ զգացումը արգելք կը հանդիսանայ ուրիշի մը արժէքը, յաջողութիւնը ընդունելու եւ որուն հետեւանքով, նախանձոտը կը դիմէ ճշմարտութիւնը ուրանալու, իրականութիւնը մերժելու, արժէքը վարկաբեկելու։ Արդարեւ նախանձը արգելք է առողջ եւ բարեբեր յարաբերութիւններ մշակելու՝ բարեկամութիւններ ստեղծելու եւ զանոնք պահպանելու եւ տեւականացնելու։ Նախանձի զգացումը մարդս ինքնակեդրոն կը դարձնէ, ինքնամոլ եւ եսասէր, այլամերժ եւ ինքնահաւան, որոնք մեծ մասամբ կը վնասեն, վտանգի կ՚ենթարկեն բարեկամական փոխյարաբերութիւնները։ Եւ երբ կը վնասուին բարեկամական յարաբերութիւնները, կը վիրաւորուին արժանապատուութիւններ եւ հետզհետէ կը վնասուի ամբողջ ընկերութիւնը, քանի որ ընկերութիւնը ի վերջոյ կազմուած է անհատներէ եւ ենթակայ է անոնց վիճակին եւ կացութեան։
Այս իսկ պատճառով, եթէ կ՚ուզենք առողջ ընկերութիւն մը ստեղծել եւ տեւականացնել, պարտաւոր ենք առողջ, բարձր եւ հաստատ նկարագրի տէր անհատներ հասցնել եւ ապահովել։
Արժէք մը մերժելու, իրողութիւն մը ուրանալու կամ ընդունելու մէջ դժուարանալու ուրիշ մէկ պատճառն ալ կրնայ ըլլալ այդ արժէքին կամ իրողութեան անցեալը, կամ ըսենք, նախկին վիճակը գիտնալ եւ կարծել թէ անիկա միշտ այդ նախկին վիճակի մէջ կը գտնուի։ Այս հոգեվիճակին ամենէն յայտնի արտայայտութիւնն է մօր մը զգացումները իր զաւկին հանդէպ։ Մօր մը զաւակը որքան ալ հասուն տարիքի հասնի, ինքնաբաւ ըլլայ, իրեն համար անիկա միշտ իր մանուկն է՝ խնամքի, հոգածութեան կարօտ։ Արդարեւ, մայր մը երբեք չ՚ընդունիր, թէ իր զաւակը այլեւս ինքնաբաւ է, եւ կը շարունակէ իր հոգածութիւնը, քանի որ ան իր զաւակը կը տեսնէ միշտ մանուկ։ Նոյնն է պարագան անոնց համար, որոնք մէկը ճանչցած են իր մանուկ հասակէն, եւ զայն կը տեսնեն, կ՚ընդունին միշտ մանուկ, ուստի իրենց համար անիկա չի կրնար դիրքերու, աստիճաններու տիրացած ըլլալ եւ զօրութիւն ունենալ եւ մանաւանդ զիրենք առաջնորդել, ուղեցոյց ըլլալ։ Եւ ահաւասիկ այս հոգեվիճակին մէկ օրինակն է Յիսուսի հանդէպ ցուցաբերուած վարմունքը իր ծննդավայրին մէջ. «Ասիկա ուրկէ՞ այսչափ բան գիտէ։ Այս ի՞նչ իմաստութիւն է որ տրուած է իրեն։ Ինչպէ՞ս այսպիսի հրաշքներ կը կատարէ։ Ասիկա ատաղձագործին եւ Մարիամի զաւակը չէ՞…», (ՄԱՐԿ. Զ 3)։
Ուրեմն եթէ մէկու մը արժէքը մերժելու պատճառը նախանձը չէ, այն պարզ հոգեվիճակն է՝ որ իր շուրջիններուն աչքին անիկա միշտ նախկին տղան է կամ երիտասարդը՝ միշտ նոյն վիճակին մէջ։
Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Եսայի Քհնյ. Արթենեան իր «Երբ մարգարէութիւնն իրականութիւն է դառնում» քարոզ-յօդուածին մէջ այս մասին.
«Ղուկասի Աւետարանի Դ գլխուն 16-30 համարներով ներկայացուած հաստուածը կը պատմէ այն մասին, թէ ինչպէս Յիսուսը մերժեցին իր հարազատ քաղաքին մէջ, ուր անցած էր իր մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը։ Նազարէթի բնակիչները մերժեցին Յիսուսը այն պատճառով, քանի որ հաւատացած էին՝ Քրիստոս ոչ թէ Աստուծոյ, այլ Յովսէփի Որդին էր։
«Այն մարգարէութիւնը (ԵՍ. ԿԱ 1-2), որ Քրիստոս կարդաց ժողովարանին մէջ, Եսայիի մարգարէութեան ամենակարեւոր մեսիական հատուածներէն մէկն է։ Հարիւրաւոր տարիներ Եսայիի մարգարէութեան այս հատուածը կը կարդացուէր հրէական ժողովարաններու մէջ եւ տաճարներու մէջ եւ ունկնդիրները ուշադրութեամբ կը հետեւէին եւ անոնց սիրտը կը լեցուէր մխիթարութեամբ եւ ուրախութեամբ։
«Բոլոր փորձութիւնները եւ դժբախտութիւնները, դժուարութիւնները եւ արհաւիրքները յաղթահարելու աշխատեցան հրեաները յոյսով՝ որ կա՛յ մէկը, որ կը բժշկէ եւ կ՚ազատագրէ զիրենք, որ փրկութիւն կը բերէ եւ աստուածային շնորհներ կը բաշխէ։
«Եւ ահա այս Մէկը, որ ոչ միայն բժշկութիւն եւ հրաշքներ կը գործէր, այլ կը քարոզէր՝ ըսելով, որ Երկնքի Արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք։ Եսայիի մարգարէութիւնը այդ պահուն կը կարդար Մէկը՝ որ լիարժէք իրաւունք ունէր այդ մարգարէութիւնը կարդալու առաջին դէմքով, քանի որ խօսքը ուղղակի՛ Իր՝ Քրիստոսի մասին էր։ Աւետարանը կը վկայէ, որ երբ Յիսուս վերջացուց ընթերցումը, Ան նստաւ։ Բոլորը Անոր կը նայէին սպասելով, թէ ինչ պիտի ըսէ։
«Այս մարգարէութիւնը ահա իրականացաւ, յայտարարեց Քրիստոս։
«Արդարեւ, Քրիստոսով լրացան մարդկային բոլոր սպասելիքները, ակնկալութիւնները, լիարժէք դարձան մեր յոյսերը եւ սպասումները, մեր կեանքը եւ ուրախութիւնը, սակայն Ղուկասի Աւետարանի այս հատուածի իր շարունակութեանը մէջ մենք լիովին այլ պատկեր մը կը տեսնենք։ Այնպէս կը թուի, թէ մարդիկ աւելի ուրախ պիտի ըլլային, որ վերջապէս գտան Փրկիչը, եւ Եսայիի մարգարէութեան այս հատուածը ի վերջոյ իրականութիւն դարձաւ։ Աւելին, անոնք պէտք է ուրախ ըլլային, որ իրենք մասնակիցը եւ ականատեսը դարձան այդ մարգարէութեան իրականացմանը, սակայն իրավիճակը ուրիշ էր։
«Հրեաներու վերաբերմունքը փոխուեցաւ Քրիստոսի հետեւեալ յայտարարութենէն յետոյ.- Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ պատիւ չունի։ Օրինակներով ձեզի ըսեմ. Եղիայի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրի կիներ կային, բայց երբ երեքուկէս տարի երկինքէն անձրեւ չտեղաց, եւ սաստիկ սով տիրեց ամբողջ երկրի մէջ, Եղիան անոնցմէ ոչ մէկուն մօտ ուղարկուեցաւ, այլ ուղարկուեցաւ միայն Սիդոնին մօտիկ Սարեփթա գիւղի մէջ բնակող այրի կնոջ մը մօտ։ Նոյնպէս, եւ Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ոչ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէիման անունով ասորի մը», (ՂՈՒԿ. Դ 24-27)։ Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովուրդին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան։ Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ գահավէժ ընելու նպատակով Անիկա տարին այն լերան կատարը՝ որուն վրայ կառուցուած էր իրենց քաղաքը։ Բայց Յիսուս անցաւ-գնաց անոնց մէջէն. (ՂՈՒԿ. Դ 28-30)։
«Արդարեւ, այնպէս կը հասկցուի, որ հրեաները լսելով, թէ փրկութիւնը միայն իրենց համար չէ, այլ նաեւ՝ հեթանոսներու եւ միւս ազգերու, չհաշտուեցան այդ Ճըշ-մարտութեան հետ եւ Քրիստոսը համարեցին իրենց ազգի թշնամի։
«Այս պատմութիւնը կը վկայէ, որ մարդ կրնայ հրաժարիլ Աստուծոյ ողորմութենէն, երբ այդ ողորմութիւնը կը գերազանցէ մարդու սրտի չափը։
«Այս պատճառով, ահաւասիկ, կարեւոր է մտապահել աւետարանական հետեւեալ պատգամը, թէ պիտի սիրես դիմացինդ եւ պիտի ներես անոր։ Այս կերպով է, որ կը բացուին մեր սրտի դռները եւ կը մեծնայ եւ կը ծաւալի ողորմութեան չափը։
«Մեր կեանքին մէջ ալ պակաս չեն այն դէպքերը, երբ կը մերժենք Յիսուսը, ինչպէս նոյնը ըրին Նազարէթի մէջ։ Սակայն մերժումը արդէն կը վկայէ այն մասին, որ Ինքը՝ Քրիստոս այցելած է մեզի։ Հակառակ պարագային, եթէ Քրիստոս մեզի չայցելէր՝ ինչպէ՞ս մերժել զԱյն կամ ո՞վ մերժել։ Ուստի ներկա՛յ մէկը կը մերժուի, թէ ոչ՝ մերժելու նիւթ մը արդէն գոյութիւն չ՚ունենար։ Եւ սա, առաջին հերթին կը վկայէ եւ կը փաստէ այն՝ որ Յիսուս այցելած է մեզի եւ ներկա՛յ է։ Հակառակ պարագային, եթէ Քրիստոս մեզի չէ այցելած՝ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի մերժենք կամ ուրանանք։ Ուրեմն, նկատի պիտի ունենանք, որ Տէրը ամէն անգամ կ՚այցելէ մեզի, եւ այն մեր վաստակը չէ. Աստուած Ի՛նքն է որ կ՚որոշէ, թէ որո՞ւ պիտի այցելէ։ Չկա՛յ օրէնք մը, որու համաձայն մենք կարող ենք հասկնալ՝ թէ որո՞ւ եւ ինչո՞ւ կ՚այցելէ Աստուած։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր պաշտելի Աստուածը կենդանի Աստուած է, եւ Ան որեւէ օրէնքի ենթարկութեան տակ չէ։ Աստուծոյ ողորմութիւնը, ներումը եւ ազատագրումը ո՛չ թէ օրէնքի հետեւանք են, այլ՝ աստուածային անհո՜ւն սիրոյ։ Մեր պարագային ալ, եթէ նկատի ունենանք, մեր պարագային է որ օրէնքը քարացած բան մըն է դարձած, որու վրայ յաճախ կը յենուի մեր միտքը եւ տրամաբանութիւնը՝ մեզի վստահութիւն ներշնչելով։ Սակայն այդ վստահութիւնը շատ յաճախ մեզ յուսախաբ կ՚ընէ, ինչպէս Նազարէթցիները ըրաւ այդ դէպքով։ Անոնք վստա՛հ էին, որ Քրիստոս Յովսէփի որդին է, եւ այս վստահութիւնը խանգարեց զանոնք տեսնել Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին։
«Անոնք վստա՛հ էին, որ Քրիստոս Յովսէփի որդին է, եւ այս վստահութիւնը արգելք եղաւ որ անոնք տեսնեն Ճշմարտութիւնը։ Վստահութեան հարց մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի, բայց այդ վստահութիւնը պէտք չէ՛ պայմանաւորուած ըլլայ ինչ-որ օրէնքներով կամ տրամաբանութեամբ, այլ Աստուծոյ նկատմամբ սիրով։
«Իր երկրաւոր տարիներու գործունէութեան մասին խօսած ատեն Քրիստոս պատահաբար չընտրեց -աւետարանել- բառը. ուստի հին աշխարհի մէջ այս բառը կը նշանակէր բարի լուր բերել թշնամիի նկատմամբ տարուած յաղթանակի մասին։ Քրիստոս Աւետարանով հռչակեց Իր յաղթանակի մասին։ Ան սորվեցուց, որ դիմացինին հանդէպ սէրը՝ ընկերը սիրելը եւ ընդունիլը արդէն յաղթանա՛կ է չարի նկատմամբ։
«Այս յաղթանակը մեզմէ իւրաքանչիւրին կու տայ վստահութիւն՝ մեր աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած՝ ակնկալելով Անոր կողմէ սէր եւ ողորմութիւն»։
Ինչպէս կ՚ըսէ Եսայի Քհնյ. Արթենեան, հոն ուր կայ սէր եւ ողորմութիւն, հոն կա՛յ նաեւ վստահութիւն եւ ճշմարտութեան ճանաչում…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3, 2018, Իսթանպուլ