ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք յաջողութեան կարեւորութեան մարդկային կեանքի մէջ՝ որ ամէն մարդու նպատակն է, տարբեր ձեւերով եւ տարբեր աստիճաններով, բայց անպայմա՛ն, մարդ կ՚ուզէ յաջողիլ, այնքան ատեն որ կ՚ապրի կեանք մը այս աշխարհի վրայ։
Տարբեր ձեւեր, տարբեր աստիճաններ, բայց ի վերջոյ յաջողութի՛ւն. զոր օրինակ՝ կեանքը գոյապահպանել, կեանքին գոյատեւումը ապահովել, այս նպատակներուն հասնիլն իսկ իր ամենալայն առումով «յաջողութիւն» մըն է, քանի որ ամէն անհատ՝ որ կ՚ապրի, կ՚ուզէ իր կեանքը ապահովել՝ պահպանել եւ շարունակել անոր ընթացքը, եթէ նոյնիսկ գոհ չէ իր կեանքէն, դժբախտ է, ապերջանիկ է, սակայն օր մը երջանիկ ըլլալու յոյսով կ՚ուզէ իր կեանքը պահպանել եւ ապրիլ…։
Արդարեւ, յաջողելու համար անհրաժեշտ է՝ աշխատիլ, կեանքի մասին նուազագոյն գիտութիւն ունենալ, բայց այս երկուքը ամբողջացնող կարեւոր եզր մըն ալ անոնց ընկերակցութիւնը միշտ նկատի ունենալով, որ է «կարգապահութի՛ւն»ը։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հոն ուր կը պակսի կարգապահութեան եզրը (discipline), հոն ո՛չ աշխատութիւնը եւ ո՛չ իսկ գիտութիւնը արժէք կը ստանան, քանի որ առանց անոր կարգ եւ կանոն, չափ եւ սահման, կշիռ եւ իմաստ չե՛ն ունենար։ Մինչդեռ կարգապահութեամբ չափաւորուած աշխատութիւն մը եւ դարձեալ, կարգապահութեամբ գործադրուած գիտութիւն մը մարդս աւելի դիւրին կը տանի իր նպատակին, որ ընդհանուր առմամբ՝ «յաջողութի՛ւն» է։
Մարդկային կեանքին մէջ երբ կը տիրէ անտարբերութեան ախտը՝ դիւրին կատակաբանութիւններու արգահատելի սնանկութիւնը, այդ նշան մըն է սովորութիւններու, ապրելակերպի տխուր մէկ վիճակին։ Այսպիսի վիճակի մը վրայ որ կը տիրէ, դժբախտաբար, բարքերու փոփոխութիւններն ալ որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար գործել՝ հակառակ նորագոյն գաղափարներու ծաւալմանը եւ անոնց աւելի կամ նուազ կիրառումին ընկերային կեանքի սովորական դրութեանը մէջ։
Արդարեւ, առողջ որոշումի մը կարենալ յանգելու համար պէտք է առարկայական դիտաւորութիւն ունենալ եւ ո՛չ թէ՝ ենթակայական։ Ուստի մարդուս գործը սկզբունքի հետ ըլլալու է եւ ո՛չ միջադէպին կամ այս կամ այն անձին, եւ պէտք չէ՛ համակրիլ այն ձեւին՝ որուն նկատումները եւ համոզումները առընչութիւն ունին գործէն աւելի անձին հետ, որ դէպք մը, երեւոյթ մը դատելու համար միշտ «ենթակայ» մը փնտռելու պէտք ունի, տրամաբանական լուծումի վարժուած ուսանողի մը պէս, եւ «ենթակայ» մը գտնելէն վերջն ալ կը փութայ «ստորոգելի»ները որոշել…։
Եւ ահաւասիկ, ա՛յս կէտին է որ ամենէն աւելի գնահատանքի կ՚արժանանայ կարգապահութիւնը՝ «discipline»ը, որ ամէն հաւաքականութեան, մարդկային ամէն միութեան եւ անհատական ամէն գործունէութեան հոգի՛ն է, շարժառի՛թն է։
Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր բանականութիւնը եւ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «կործանարար» ազդեցութիւն մը կը գործէ կարգապահութեան պակասը՝ մարդկային կեանքին մէջ, ըլլա՛յ հասարակական, ըլլա՛յ անհատական։
Ուստի, թէեւ «աթոռ»ը վրան բազմելու համար յարմար առարկայ մըն է եւ «գաւազան»ը՝ վրան կռթնելու միջոց մը, բայց ան կը հասնի իր նպատակին, երբ գործածուի «կարգապահութեա՛մբ»։
Արդար նպատակի մը ծառայելու միա՛կ միջոցն է՝ կարգ եւ կանոնով շարժիլ, այսինքն կարգապահութեամբ գործել եւ գործածել ամէն իրաւասութիւն եւ ամէն պաշտօնավարութիւն։
Երբ հարցը սովորական պաշտօնի մը սահմանը կ՚անցնի, եւ երբ մէկը կը ստանձնէ՝ յանձն կ՚առնէ արտակարգ վիճակի մը հոգը եւ դարման տանելու պարտականութիւնը կ՚առնէ իր վրայ, ապա ուրեմն անիկա իրաւունք ունի եւ ազա՛տ է իր գաղափարները, իր ծրագիրը, իր նախընտրած եւ նախատեսած դարմանի միջոցները յայտնելու եւ ըսելու. «Ես ա՛յս ձեւով եւ այս պայմաններուն մէջ կրնամ կատարել այս գործը…»։ Եւ երբ այդ «ձեւ»ը եւ «պայման»ները չեն վերաբերիր իր անձին, այլ՝ գործին, երբ ուղղութեան եւ համոզումի վրայ կը դառնայ խնդիրը, ո՛չ ոք իրաւունք ունի այպանելու այդ պաշտօնը ստանձնողը, որ ըստ էութեան զոհողութիւն մըն է ըրած, եւ քննադատելու ծրագիր մը եւ անկեղծ համոզումներ ունենալուն համար։ Ահաւասիկ հո՛ս մեծ դեր կը խաղայ կարգապահութիւնը՝ որ ցոյց կու տայ շիտա՛կը։
Ուստի եթէ կը փափաքինք որ կարգապահութիւնը յարգուի ամէն մարզի մէջ՝ ամէն մէկ անհատի կողմէ, այդ փափաքը չ՚երթար մինչեւ բաղձալու, որ համոզումի եւ նկարագրի ջնջումը նշանակէ անիկա. համոզումէ, ուղղամտութենէ, ողջախոհութենէ, ձեռներէցութենէ զուրկ ոեւէ պաշտօնատարէ մը, մանաւանդ, երբ արտակարգ վիճակի մը հանդէպ կը գտնուի, եւ զոհողութեամբ ստանձնած է այդ պատասխանատուութիւնը, շատ ալ արդար չէ մեծ ծառայութիւններու սպասել իրմէ, եւ շիտակը՝ մտքին, այսինքն խորհելու եւ դատելու կարողութիւնը, ջնջումը նշանակող «կարգապահութիւն» մը կրնայ գոնէ նուազագոյն չափով կացութիւնը փրկել, ինչ որ արդէն նոյն ինքն «յաջողութիւն» մը պէտք է նկատուի։ Ուստի կարգապահութիւնը յաջողութեան, եթէ ո՛չ միակ, այլ՝ կարեւորագոյն եւ անհրաժեշտ ազդա՛կն է ամէնքին համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 16, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024