ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

«Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին» (ՏԻՏ. Բ 11)։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին երկու Աստուածայայտնութեան տօները՝ Քրիստոսի Ծնունդը եւ Մկրտութիւնը կը տօնէ միասին։ Մկրտութեան օրը յայտնուեցաւ նաեւ Սուրբ Երրորդութիւնը որպէս խորհուրդ, Հօր ձայնով, Որդիին մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիի աղաւնակերպ իջմամբ։

Արդարեւ, Աստուածորդւոյն ծնունդը՝ համեստութեան, խոնարհութեան եւ խաղաղութեան կո՛չ մըն է համայն մարդկութեան։

Աշխարհ որքա՜ն հաճելի կրնար ըլլալ, եթէ մարդիկ կարենային համեստութիւն եւ խոնարհութիւն ցուցաբերել, քանի որ անոնց պտուղն է խաղաղութիւնը՝ որուն ո՜րչափ կարօտ է մարդկութիւնը։ Քրիստոսի ծննդեան պայմանները եթէ նկատի առնուին, եւ բաղդատուին մարդկութեան փառամոլութեան, մեծամտութեան զգացումներուն հետ, կը տեսնուի, թէ մարդիկ՝ որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն որքան պահանջկոտ են։

Մինչդեռ երբ մարդիկ նուազ պահանջկոտ ըլլային եւ ընտանիքի անդամներ նուազ կռուարար, ընկերութիւններ նուազ մրցակցական եւ պատերազմող ոգի ունենային…։ Այն ամէն բարութիւն՝ որ կարելի է խտացնել մէկ վիճակի մէջ՝ խաղաղութեան, հաշտութեան մէջ։

Անշուշտ, հոն՝ ուր կայ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն, հոն կա՛յ նաեւ արդարութիւն, հաւասարութիւն՝ որոնց ո՛րքան կարօտ է մարդկութիւնը։

Պետրոս առաքեալ իր երկրորդ ընդհանրական նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Բայց մենք՝ Աստուծոյ խոստումին համաձայն՝ կը սպասենք նոր երկինքի մը եւ նոր երկրի մը՝ ուր արդարութիւնը պիտի իշխէ» (Բ ՊԵՏՐ. Գ 13)։

Արդարեւ, արդարութիւնը հաստատելու համար պէտք է մշակել եւ զարգացնել համեստութեան, խոնարհութեան ոգին եւ ազնուացնել հոգին։ Եւ ահաւասիկ Յիսուս իր ծնունդովը տիպա՛ր եղաւ համեստութեան, խոնարհութեան եւ որոնց արդիւնքով՝ արդարութեա՛ն։

Արդար ըլլալու համար պէտք է հաւասար նկատել մարդիկ, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը՝ արդա՛ր ըլլալու համար. «Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք» (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։

Ուստի արդարութիւնը կ՚իրականանայ միա՛յն խաղաղութեան մէջ, խաղաղ միջավայրի մը մէջ՝ ինչպէս Յիսուս ծնաւ խաղաղութեան մէջ եւ խաղաղութիւն բերաւ մարդկութեան։ Իսկ այդ խաղաղութիւնը յայտնուեցաւ համեստ եւ խոնարհ հոգիներու մէջ։

Արդարեւ, համեստութիւնը զանազան իմաստներ ունի. սնափառութեան, ինքնահաւանութեան, հպարտութեան, պարծենկոտութեան պակաս, եւ ինքն իր ուժերուն, կարողութիւններուն, իրագործումներուն եւ ստացուածքներուն վրայ պարծենալու, հպարտանալու դժկամութիւն։

Համեստութիւն կը նշանակէ նաեւ՝ չափաւորութիւն, պարզութիւն՝ չափը, կշիռը եւ սահմանը գիտնալ։ Ուստի «համեստ» բնաւորութեան տէր մէկը գիտէ բարեկիրթ վարուելակերպի սահմաններուն մէջ մնալ։ Ան գիտէ եւ գիտակցութիւնը ունի նաեւ իր ընելիք եւ ընելու կարողութիւն ունեցած բաներու մէջ չափ մը կայ։ Եւ համեստ մարդը իր առաքինութեամբ վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջին իր կեցուածքով իսկ։ Եւ իրապէ՛ս, իրական, անկեղծ համեստութենէն աւելի հաճելի բան չկայ, ինչպէս կ՚ըսէ անգլիացի բանաստեղծ Ժօզէֆ Էտիսըն։

Եւ համեստ անձը խաղաղութիւն կը տարածէ իր շուրջը։ Եւ համեստութիւնը, ինչպէս ոմանք կը կարծեն, տկար եւ անկատար, անկարող մարդու բնաւորութեան մէկ արտայայտութիւնը չէ՛. ան կատարելութեան, զօրութեան, ինքնավստահութեան եւ կարողութեան մարմնացո՛ւմն է։

Ուստի մարդ պէ՛տք է ջանք թափէ զարգացնելու համար այս առաքինութիւնը իր մէջ։

Յիսուս համեստութեան տիպար մըն է. Ան մարդոցմէ երբեք պատիւ չփնտռեց, այլ ըսաւ. «Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն իմ դատաստանս արդար է, քանի որ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց» (ՅՈՎՀ. Ե 30), եւ. «Ես մարդոցմէ փառաբանութիւն ընդունելու պէտք չունիմ» (ՅՈՎՀ. Ե 41)։ Արդարեւ, Յիսուս իր ծննդեան պայմաններէն սկսեալ, իր ամբողջ երկրային կեանքը եղաւ համեստութեան յայտնութիւն մը՝ տիպա՛ր մը։

Ուստի մարդկային ամբողջ պատմութեան խռովեալ շրջաններուն, համեստութիւնը յատկութիւն մըն է՝ որ շատ արժէքաւոր ճշմարտութիւն մըն է քրիստոնեաներուն համար։ Անիկա կարելի կը դարձնէ, որ անհատ մը խաղաղութեան եւ հաշտութեան մէջ ըլլայ Աստուծոյ, իր նմաններուն եւ մանաւա՛նդ ինքն իր անձին հետ։

Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը կարելի է միա՛յն երբ իր դրած ճշմարիտ պաշտամունքի սահմաններուն մէջ մնանք։ Ուստի մեր նախածնողքը՝ Ադամ եւ Եւան, Աստուծոյ կողմէ դրուած սահմանը անցան եւ անհամեստութեան զոհ գացին իրենց անհնազանդութեամբ։ Եւ ամբողջ մարդկութեան փոխանցեցին իրենց անհամեստութիւնը որպէս մեղք։

Եւ ահաւասիկ, Յիսուս մարմնացաւ, մարդացաւ՝ ծնաւ՝ մարդկութիւնը փրկելու համար այս մեղքէն եւ Ի՛նք իսկ տիպար եղաւ համեստութեան, խոնարհութեան եւ խաղաղութեան։

Եւ այսպէս, խաղաղութիւնը եղաւ Սուրբ Ծննդեան խորհրդանիշը։ Ուստի, մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութի՛ւն կը պահանջեն։ Արդարեւ, խաղաղութիւնը միայն պատերազմին, հակառակութեան, թշնամութեան չգոյութիւնը չէ՛. ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Խաղաղութիւն կարելի չ՚ըլլար ձեռք ձգուիլ առանց անձերուն «ներքին խաղաղութիւն»ը ապահովելով։ Նաեւ առանց մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի, առանց եղբայրսիրութեան։

«Խաղաղութիւնը կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Եւ խաղաղութիւնը «Գործն է արդարութեան» (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ արդիւնքն է սիրո՛յ։ Երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերը եւ արգասիքն է Քրիստոսի խաղաղութեան. «Իշխան՝ մեսիական խաղաղութեան» (ԵՍ. Թ 5)։ Յիսուս իր տիպարով եւ առաքելութեամբ հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ եւ Իր Եկեղեցին մարդկային ցեղին միասնականութեան եւ Աստուծոյ հետ անոր միութեան սուրբ խորհուրդը։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ան մեր խաղաղութիւնն է» (ԵՓՍ. Բ 14), քանի որ Ան կը յայտարարէ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 9)։

Հասարակաց բարիքը կ՚ընդգրկէ վերջապէս խաղաղութիւնը, այսինքն տեւողութիւնը եւ ապահովութիւնը արդար կարգի մը։ Խաղաղութիւնը կ՚ապահովէ անվտանգութիւնը եւ ան կը հիմնաւորէ անհատական եւ հաւաքական օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան եւ գոյատեւման արդար իրաւունքը։

Խաղաղութեան մաղթանքներով՝ շնորհաւո՜ր Սուրբ Ծնունդ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019