ՀՈՎԻՒԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ
«Հովիւ»ի օրինակը Քրիստոսի համար սիրելի պատկեր մըն է։ Ինչպէս յայտնի է, Քրիստոս յաճախ ինքզինք կը ներկայացնէ կամ կը նոյնացնէ «հովիւ» տիպարին հետ։ Մանաւանդ երբ կ՚ըսէ. «Ես եմ քաջ հովիւը» (ՀՈՎՀ. Ժ 11)։ Ուստի, Ան երբ ինքզինք կը նոյնացնէ հովիւի հետ, այդ կը նշանակէ, թէ միայն տէրը չէ հօտին, այլ զայն խնամողը, անոր ծառայողը եւ մինչեւ իսկ ի գին իր սիրոյն հօտին նկատմամբ՝ կեանքը զոհելու պատրաստ անձը։
Արդարեւ, «հովիւ»ի տիպարը մեզի մտաբերել կու տայ Աստուծոյ բնութիւնը՝ թէ Ան թէ՛ Տէր է, թէ՛ Արարիչ եւ թէ Նախախնամ։ Ուստի հովիւն ալ հօտին տէրն է, կերպով մը անոնց գոյութեան պատճառը, քանի որ եթէ հովիւ չըլլայ, հօտ ալ գոյութիւն չ՚ունենար, ոչխարներ ի մի չեն հաւաքուիր։ Բայց հովիւը նաեւ խնամողն է հօտին, եւ կերպով մը անոնց ծառան, քանի որ ան իր կեանքը կը յատկացնէ իր հօտին, անոնց պահպանման եւ խնամքին։ Եւ երբ հօտէն ոչխար մը պակսի կամ վտանգի ենթարկուի, իրական հովիւը պատրա՛ստ է իր կեանքը զոհելու այդ մէկ ոչխարին համար, որպէսզի հօտին ամբողջականութիւնը չի վնասուի։
Ուստի Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, հարիւր ոչխարներէն կորսուած մէկուն համար ցոյց տրուած հոգածութիւնը ցոլացումն է «հոգեւոր հովիւ»ի կերպարին. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 12-14)։ Այս իմաստով, հովիւին հովուական առաքելութեան կեդրոնը սէ՛րն է՝ անկեղծ սէրը եւ անկէ ճառագայթող հոգածութեան, խնամատարութեան նուիրական ծառայութիւնը։ Մէկ խօսքով, «հովիւ»ի եւ «հօտ»ի պատկերը Յիսուսի կեանքին եւ վարդապետութեան ամենէն հարազատ պատկերներէն մէկն է, Իր ծննդեան առաջին պահէն մինչեւ Գեթսեմանիի իր անձկութեան վայրկեանները։
Արդարեւ, Յիսուսի ծննդեան պահուն. «Այնտեղ, դաշտերուն մէջ հովիւներ կային, որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ՚ընէին» (ՂՈՒԿ. Բ 8-9)։ Իսկ Իր նեղութեան պահերուն. «Այս գիշեր դուք բոլորդ ալ պիտի լքէք զիս, որովհետեւ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Պիտի սպաննեմ հովիւը, եւ հօտին ոչխարները պիտի ցրուին» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 31)։
Եւ մինչեւ իսկ, յարութենէն ետք Յիսուսի երեւման ընթացքին իր աշակերտներուն, երբ իր վերջին պատգամները կու տար անոնց, խօսքը ուղղելով Պետրոսին, եւ անոր միջոցով բոլոր Առաքեալներուն, իր առաքելութիւնը անոնց վստահելու յանձնարարութեանը մէջ «հովի՛ւի պատկեր»ով եւ երեք անգամ կրկնելով կ՚ըսէր. «Արածէ՛ ոչխարներս…»։ Եւ անոնց սիրոյն ապացո՛յցը եւ պսակումը կը տեսնէր արածելու առաքելութեան մէջ. «Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսի. - Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս անոնցմէ աւելի։ - Այո՛, Տէր, պատասխանեց ան. - դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ - Արածէ՛ իմ գառնուկներս, ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ դարձեալ հարցուց. - Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։ - Այո՛, Տէ՛ր, պատասխանեց ան. - դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ - Արածէ՛ իմ ոչխարներս, ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ երրորդ անգամ հարցուց. - Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։ Պետրոս տրտմեցաւ որ երեք անգամ հարցուց իրեն. - կը սիրե՞ս զիս, եւ ըսաւ անոր. - Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։ Յիսուս ըսաւ անոր. - Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (ՅՈՎՀ. ԻԱ 15-18)։
Յիսուսի այս խօսքէն կը հետեւի՝ թէ իւրաքանչիւր հոգեւորական «հովի՛ւ» է եւ կոչուած՝ հաւատարիմ մնալու իր հովուապետին. «Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 3-4)։
Արդարեւ, հովիւի այս պատկերին մէջ տիրապետող գաղափարը այն է, որ եկեղեցւոյ պաշտօնեան կոչուած է առաջնորդելու, խնամելու, հոգալու, սնուցանելու եկեղեցւոյ հաւատացեալները՝ իրեն յանձնուած ժողովուրդը՝ հօ՛տը։ Ուստի, հոգեւորականը պէ՛տք է «աներկիւղ» ըլլայ «իբրեւ անմահ», ինչպէս կ՚ըսէ Եղիշէ պատմիչ, երբ կը պատմէ Ղեւոնդեանց դիւցազնութիւնը…։
Այնպէս ինչպէս սովորական իմաստով հովիւին պաշտօնը կը կայանայ հօտին անվտանգ առաջնորդութեանը մէջ դէպի դալար արօտավայրերը եւ անոր պաշտպանութեանը եւ պահպանութեանը մէջ առողջ եւ սննդատու վիճակին մէջ։ «Հոգեւոր հովիւը», հետեւաբար, կոչուած է խնամելու, հոգալու իր «բանաւոր հօտ»ը, իր ժողովուրդի հոգեկան կեանքը պահելով առողջ, այսինքն զերծ այն բոլոր կեղտերէն եւ ախտերէն՝ որոնք հոգին կը խափանեն եւ կեանքը կը խռովեն։ Մարդկային էակը ամբողջութիւն մըն է նիւթական-մարմնեղէն եւ բանական-հոգեղէն վիճակներու։ Ան կոչուած է ըլլալու «ներդաշնակութիւն» մը բնութեամբ այլազան բայց կեանքի իրողութեան մէջ իրարու անբաժանելիօրէն առընչակից տարրերու։
Որքան որ անհրաժեշտ է նիւթեղէն սնունդը մարմնեղէն գոյութեան պահպանումին եւ առողջ խնամումին՝ տեւականացման համար, նո՛յնքան էական է հոգեկան սնունդը կեանքի ամբողջականութեան եւ մարդկային հարազատութեան եւ բարձրութեան լա՛ւ պահպանումին համար։
Եկեղեցւոյ պաշտօնեային գործը կը կայանայ մարդոց ծառայելուն մէջ, որպէսզի անոնք կարենան անեղծ պահել իրենց հոգեկան նմանութիւնը Աստուծոյ հետ, անաղարտ պահել իրենց մէջ իրենց սկզբնատիպ «պատկերն Աստուծոյ» եւ զայն ընել աղբիւր իրենց ապրումներուն եւ արարքներուն։ Եւ այսպիսի «գործ» մը ինքնին շատ փափուկ է, բարդ եւ փշոտ, քանի որ ան կապ ունի մարդու ամենէն մտերիմ եւ ամենէն դժուարաւ հասկնալի կեանքի երեսին հետ, որ մարդու ներքին հոգեկան աշխարհն է։ Այդ ներաշխարհին մէջ ժառանգական ստացութիւններու, դաստիարակչական որոշ ընթացքի մը, միջավայրի մը ազդեցութիւններու յաճախ զոհ կ՚երթայ մարդը ինք անգիտակցօրէն։ Հոգեւոր պաշտօնեային համար այնքան հեշտ չէ զբաղիլ մարդոց հոգեկան աշխարհով։
Հետեւաբար, անհրաժեշտ է նուիրական ոգիով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ծառայել եւ այդ մասին առաջին պայմանն է լա՛ւ ճանչնալ ժողովուրդը եւ լա՛ւ ճանչցուիլ ժողովուրդէն…։
- Օգտուեցանք. Գարեգին Ա Կաթողիկոսի «Ձեռնարկ Հովուական Աստուածաբանութեան, 1995» գիրքէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 15, 2019, Իսթանպուլ