ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՆ ՍԽԱԼՆԵՐԸ…
ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ… ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ…
Զարմանալի ժամանակներ կ՚ապրինք, յատկապէս Հայաստանի մէջ։ Նոր իշխանութիւնները, որոնք յեղափոխութիւն իրականացնելու տենդով փողոց իջան եւ բազմաթիւ հասկնալի պատճառներով յաջողեցան ժողովուրդի կարեւոր մէկ տոկոսը հրապարակ հանել, այսօր յայտնուած են ոչ-նախանձելի դրութեան մը մէջ։
Ամէն անգամ, երբ Հայաստանի դէպքերուն մասին կ՚ուզեմ գրել, կը փորձեմ ըլլալ չափէն աւելի նրբանակատ։
Նրբանակատ, ոչ թէ երէկ իշխող Սերժ Սարգսեանի կամ այսօր երկիրը կառավարող Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմին նկատմամբ, այլեւ նրբանկատ՝ որպէսզի խօսքս հասնի ճիշդ թիրախին ու առաւելաբար սփիւռքի զանազան վայրերու մէջ ապրող իմ հայրենակիցները ճիշդ եւ ընկալելի տեսակէտ ստանան։
Ձեզմէ հաւանաբար քիչերն են, որ գիտեն, թէ յետ յեղափոխութեան ամենէն բարդ գործը սպասուած փոփոխութիւնները իրականացնելն է։ Որեւէ երկրի մէջ յեղափոխութեան «կարմիր գորգ»ով իշխանութիւնը ձեռք առած կողմը կ՚ունենայ այս դժուարութիւնները. իսկ անցեալ գարնան Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն, աւելին՝ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» կատարած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կողմնակիցները առաւել բարդ պարտաւորութեան դէմ յանդիման են, որովհետեւ անոնք յայտնուած են երկու կարեւոր «խոտսում»ներու առջեւ։ Այլ խօսքով՝ անոնք ոչ միայն մէկ, այլեւ երկու «հանդիսաւոր» առիթներով խոստումներ տուած են Հայաստանի ժողովուրդին։
Առաջին խոստումը՝ «լռելեայն» էր. որովհետեւ անոնք մինչ այդ որպէս «լուռ» ներկայացուած խոստումներն ու զանոնք իրականացնելու համար իշխանութեան հասան. իսկ երկրորդ խոստումը տրուեցաւ «հրապարակային» կերպով՝ անցեալ դեկտեմբերին կայացուած ընտրութեանց ատեն։
Այս բաւական բարդ բեռն իրենց ուսերուն ունենալով հանդերձ, անոնք առնուազն կ՚ուզեն հաւատալ, թէ Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած «վստահութեան քուէ»ն անաւարտ քուէ մըն է։ Իրականութեան մէջ սակայն այդպէս չէ։
Որեւէ իշխանութիւն շատ լաւ կը գիտակցի, թէ երկրի քաղաքական դաշտը իր ձեռքերուն մէջ առնելէ անմիջապէս ետք ընթացք կ՚առնէ ետդարձի ժամացոյցը։
Անշուշտ այս խնդիրը քիչ մը կը տարբերի Հայաստանի պարագային, որովհետեւ անցեալ իշխանութիւններուն թոյլ տուած սխալները, այդ իշխանութիւններուն մօտեցումները եւ առհասարակ «շահած» ոչ-բարի վարկն ու անունը դարձած են մեծ տարողութեամբ վարկանիշներ, որոնք տիւ եւ գիշեր կը շարունակեն ջուր լեցնել ներկայ դրուածքին, որուն համար ալ քաղաքացիներուն մեծ տոկոսը մտածելով այսօրուան իշխանութիւններուն գործած սխալներուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Ինչ ալ ըլլայ, ասոնք հին իշխանութիւններէն լաւ են»։
Շիտակը չեմ գիտեր, որ ներկայ իշխանութիւնները ի՛նչ տոկոսներով իրենց գրաւները դրած են այս մօտեցումներուն վրայ։ Ժողովուրդին ցուցաբերած մօտեցումները, առնուազն եթէ չեն դատարկեր իրենց տրուած վստահութեան քուէասնտուկի պարունակութիւնը, սակայն կը հանդիսանան իրենց վարկանիշին դէմ եղած կրակոցներ, նաեւ իրենց օրինականութեան կամ «յեղափոխական կերպար»ին դէմ հրաձգութիւններ։
Ժողովուրդը առաջուան համբերութիւնը պիտի չունենայ։ Այս մասին բազմաթիւներ կ՚արտայայտուին։ Կը խօսին նաեւ, որ այսօր այս իշխանութիւններուն դէմ արտայայտուելու գործառոյթները՝ կապ պիտի չունենան անցեալ իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակ հանուած որոշ ուժականութիւններու կամ քաղաքական ծրագիրներու հետ։
Հայաստանի ժողովուրդը, որ կարողացաւ տասն տարուան քաղաքական կուռ ներկայութիւն ապահոված երկրի գլխաւոր առաջնորդ համարուած Սերժ Սարգսեանը խաղէն դուրս բերել, վստահաբար պիտի կարողանայ նոյն ճակատագրին մատնել այսօրուան քաղաքական վերնախաւը։
Ուրեմն այս դրուածքը նկատի առնելէ ետք շատ տեղին ու հասկնալի է, որ Փաշինեանի եւ անոր գաղափարակիրներուն փրկութեան գլխաւոր լաստը գործն է։ Աշխատանք, որ բառացուցական պիտի չըլլայ եւ առնուազն պիտի լուծէ երկրին ու քաղաքացիին առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական խնդիրները, որոնց համար էր նաեւ, որ հայրենի ժողովուրդը մասնակից դարձաւ Փաշինեանի «երազի իրականացման» գործընթացին։
ԱՆՑԵԱԼԷՆ «ԿԱԽԵԱԼ» ԸԼԼԱԼՈՒ ԹԱԿԱՐԴԸ
Հայաստանի իրադարձութիւններուն հետեւողներուն համար աւելի քան երեւելի է, որ անցնող ինն-տասն ամիսներուն ակներեւ կերպով՝ անցեալին որպէս արմատական ընդդիմութիւն ներկայացող եւ այսօր երկրին ղեկը ստանձնած Նիկոլ Փաշինեանին համար ամենաէական հարցը «1 մարտ»ի ողբերգութիւնն էր։
Այս հարցին վերաբերեալ անոր ունեցած տեսակէտները, ինչպէս նաեւ իր քաղաքական խօսակցութիւններուն ընդմէջէն յստակ դարձած միտքերը ցոյց տուին, որ վարչապետը վճռական է այս հարցին կապակցութեամբ եւ պիտի փորձէ ամէն գնով բացայայտել եւ «ջուրի երես» հանել «1 մարտ»ի յանցագործութիւնը։
Դատաիրաւական մարմիններ, մամուլ, հասարակական կարծիք. այս երեք ուղղութիւնները «1 մարտ»ի խնդրին ուղղութեամբ ուղղորդելով՝ վարչապետը կը յաջողէր դէպի բանտ առաջնորդել երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։
Յաջողութիւն համարուած այս քայլը սակայն, շատերու համար կը համարուէր մեղմ ըսած՝ ոչ-բարեյաջող քայլ։
Անկախ բոլոր հանգամանքներէն յստակ է նաեւ, որ Փաշինեանի մօտեցումները եւ յատկապէս անցեալէն «կախեալ» ըլլալու հանգամանքները ամէն իմաստով կը հերքեն, նախ եւ առաջ, իր կողմէ հրապարակ հանուած մօտեցումը այն մասին, թէ «մենք վենտեթա (Խմբ. վրէժ) պիտի չանենք»։ Իսկ ամենատխուրն այն է, որ այս ռազմավարութիւնը ամէն գնով կը վնասէ երկրի ներքին անդորրին, նաեւ իշխանութիւններու գործելաոճին առընթեր կը ստեղծէ մեծ հարցականներ։
Հայաստանի մէջ վաղ թէ ուշ պիտի ստեղծուի քաղաքական նոր ճակատ. նոր մօտեցումներ, նոր դէմքեր, նոր ռազմավարութիւն ու մտահոգիչն այն է, որ Փաշինեանի անցեալին կառչած մնալու ռազմավարութիւնը կրնայ զանազան իմաստներով խորը բաժանումի տանիլ Հայաստանի հասարակութիւնը։ Բան մը՝ որ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն ալ վնասարար է։
Այսօրուան իշխանութիւններուն համար ամենէն էական հարցը երկրին մէջ սպասուած եւ ակնկալուած դրական փոփոխութիւնները իրականացնելն է։ Ապա կարելի պիտի ըլլայ ըսել եւ վարկանիշ տալ, թէ այս իշխանութիւնները յաջողութեան հասան։
Նախ հասարակ, սովորական քաղաքացիին ստամոքսին խնդիրը, օրապահիկին հարցը, կեանքի պայմաններու բարելաւումը, անկէ ետք միայն «1 մարտ»ի քաղաքական վրէժ կամ անցեալի սպիտակ բիծերու վերացում։ Փաշինեան այս բոլորը լաւապէս կը հասկնայ, սակայն կրնայ պատահիլ, որ այս փուլին համար անոր եւ իր գաղափարակիցներուն համար շատ աւելի հեշտ է գործել անցեալի հին տետրակները բանալու մօտեցումը։ Բայց եւ այնպէս, միշտ չէ, որ հին տետրակները թերթող անձը յաջողութեամբ կ՚աւարտէ իրեն վստահուած միւս կարեւոր առաքելութիւնը, որուն խորագիրն է՝ Հայաստան երկրի ու պետականութեան հզօրացումը։
ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ «ՔԱՈՍ»
Եթէ երկու բառով փորձեմ ներկայացնել Փաշինեանի իշխանութիւններուն որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութիւնը, ապա պիտի գրեմ՝ «առաջնահերթութիւններու քաոս»։ Հասկնալի է, որ այս իշխանութիւնները իրենց ուսերուն դրուած ունին մեծ բեռ մը եւ շատ հաւանաբար այդ մէկն է, որ զանոնք դրած է հարցերը կարգի բերելու իրական եւ ուղեցուցային ճիշդ ճանապարհները ընտրելու մեծ դժուարութեան առջեւ։
Շատ հաւանական է, որ իրենք դեռ չեն կողմնորոշուած ուրկէ՞ սկսիլ, ինչպէ՞ս սկսիլ եւ ի՞նչ ընել՝ հասնելու համար լաւագոյն լուծումներու։
Շատեր կը խօսին, որ իրենք անփորձ են։ Կը հասկնամ։ Շատեր կ՚առարկեն, որ շարքերու «պատրաստ» համակարգ մը չունին, այդ պատճառով է, որ կը կաղան ու չունին ընելիքներու յստակ առաջնահերթութեան ցուցակ։
Այս բոլորը կան ու աւելի քան յստակ է, որ այս հանգամանքները կրնան որեւէ ձեւով քար դնել այս կառավարութեան անիւներուն առջեւ։
Սակայն յատկապէս տարեմուտէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները, նաեւ այս «թարմ» համակարգի ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները եւ որոշ ծրագիրներու կամ առաջարկներու մասին եղած խօսակցութիւնները՝ որեւէ տեղ, որեւէ կերպով ցոյց կու տան, թէ այս նոր համակարգին մէջ կան, մեղմ ասած, խոցելի երեսակներ։
Այս առումով ալ ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ սոսկ երկու օրինակներ, որոնք կը հիմնաւորեն վերոնշեալ իմ միտքերը։
Մէկը՝ Նոր տարիին յաջորդած օրերուն հայկական մամուլին մէջ «ռումբի պէս պայթած» լուրը, որուն համաձայն մեծ թիւով պաշտօնեաներ (օրէնքի ուժով) ստացած են պետական պարգեւավճարներ։
Ճիշդ է, որ այդ պարգեւավճարները սահմանուած են օրէնքի ուժով, սակայն նոր, թարմ եւ յեղափոխական ոգիով իշխանութեան հասած իշխանաւորներուն համար արդեօք որքանո՞վ ճիշդ է պարգեւներ ստանալ, մանաւանդ այն պարագային, որ այս մարդիկ ցարդ մեծ եւ երեւելի իրագործումներ չեն կատարած։ Այլ հարց, որ տակաւին նոր են ու ճիշդ չէ անոնց ու անոնց վստահուած գործին մասին «խիստ» գնահատականներ տալը։ Բայց եւ այնպէս, երեւոյթը քննադատելի է։ Քննադատելի է բոլոր ձեւաչափերով, բոլոր երեսակներով եւ ինչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները։
Երկրորդ հարցը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի՝ ազգային քայլերգի խնդիրն է, որ դարձեալ յուզումներու մեծ ալիքի պատճառ կը դառնար, յատկապէս սփիւռքի մէջ։
Մեծ թիւով սփիւռքահայ գործիչներ առաջարկը կը համարէին անօգուտ եւ նոյնիսկ վնասակար։ Անոնք նաեւ կ՚ըսէին, թէ անկախ քայլերգին լաւ կամ վատ ըլլալէն, այդ դարձած է մեր ազգային ժառանգութեան կարեւոր ու անքակտելի մէկ մասնիկը։ Բաց աստի, շատեր նաեւ կ՚առարկէին - որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը -, որ ներկայիս անհեթեթ է քայլերգի հարցը դնել սեղանին, ոչ միայն անոր համար, որ օրհներգը արդէն ընդելուզուած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ, այլեւ Հայաստանը ունի հազարումէկ խնդիր։
Ամէն պարագայի, վերոյիշեալ երկու օրինակները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները պարտաւոր են, այո՛, պարտաւոր են բաց աչքերով եւ տրամաբանական մօտեցումներով ծրագրել իրենց յառաջիկայի քայլերը ու նաեւ դասեր քաղել վերջին շրջանին իրենց գործած «աչք ծակող» սխալներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան