ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ժամակարգութիւնը՝ որ Դ եւ Ե դարերուն կազմակերպուեցաւ, յաջորդ դարերուն եւս շարունակուեցաւ նոյն բաժանմունքներով, միայն թէ բովանդակութեան կողմէ փոփոխութիւններ կրեց յաւելումներով եւ յապաւումներով։ Պատմաբանական տեսակէտէ կարելի չէ ճշդել եւ որոշել այդ փոփոխութիւններու ժամանակը, եւ թէ որոնց ձեռքով կատարուած ըլլալը։ Այս ուղղութեամբ, ժամակարգութեան ամենէն հին նկարագիրը կու տայ Յովհան Իմաստասէրը (Ը դար) եւ Խոսրով Անձեւացին (Ժ դար)։
Յովհան Իմաստասէրի եւ Խոսրով Անձեւացիի նկարագիրը ըստ էականին, նոյնն է այսօրուան պաշտաման կարգի հետ. բայց այսօր մասեր կան, որ ԺԲ դարուն Շնորհալիի օրով եւ աւելի յետոյ մուտք գտած են Հայ Եկեղեցւոյ ժամակարգութեան մէջ։
Այսպէս՝ հին ժամանակներուն «Մեծացուսցէ» շարականները միմիայն կիրակի օրերը կ՚երգուէին, բայց անշուշտ ԺԲ դարերէն սովորութիւն եղաւ ամէն առաւօտեան պաշտամունքի ժամանակ երգելու։ Արեւագալի կարգը հաստատեց Եզրաս Կաթողիկոսը, իսկ Արեւագալի յորդորակները եւ երգերը ԺԶ դարուն միայն երեւան եկած եւ գործադրուած են։ Օրհնութեան ժամանակ սովորութիւն է քաղուածքներ ընել, բայց այս սովորութիւնը մինչեւ ԺԲ եւ աւելի ուշ մինչեւ ԺԵ դար գոյութիւն չունէր։ Երեկոյեան ժամերգութեան արդի «Խոնարհեցո՛ եւ Ապրեցո՛» փոխերը հաստատուեցան Ներսէս Շինողի ձեռքով Է դարուն։ Շաբաթ երեկոյեան «Ճրագներու Օրհնութիւն», Լոյս Զուարթը շատ հին երգ է եւ յունարէնէն թարգմանուած փոփոխութեամբ։
Հին ժամանակներուն շաբաթ գիշերները հսկում կը կատարուէր սաղմոսներու եւ մարգարէութիւններու ընթերցմամբ։ Այսօր այդ սովորութիւնը միմիայն մեծամեծ տօներուն կը կատարուին եւ այն ալ՝ այլապէ՛ս։
Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնը (Եկեսցէ) մինչեւ Ժ դար չկար եւ Խոսրով Անձեւացին չի մեկներ. այդ կարգը մուտք գտած է նախ վանքերու մէջ ԺԲ դարուն՝ յոյներէն Լամբրոնացիի ձեռքով, եւ ապա հետզհետէ ընդհանրացած՝ ընդունելով նաեւ յաւելուածներ՝ զոր օրինակ, Հաւատով խոստովանիմ եւ այլն։
Տաթեւացին այդ կարգի կատարման համար կ՚ըսէ. «Զայն կատարեմք ի վերայ անկողնոց եւ ննջեմք»։ Այսօր ի հարկէ կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Պատարագի խորհուրդը անապակ գինիով եւ բաղարջ հացով կը կատարուէր, ինչպէս եւ մինչեւ այսօր, եւ այս կը շեշտեն մեր եկեղեցական բոլոր կանոնները։
Մեր եկեղեցական գրականութեան մէջ եւ ո՛չ մէկ տեղ ակնարկ իսկ կարելի է գտնել, թէ հայոց մէջ երբեւիցէ ջրախառն պատարագրելու սովորութիւն եղած ըլլայ, այստեղ հարկաւ հաշուի առնելու չէ յունական եկեղեցիին յարած հայերու սովորութիւնը՝ Եզրի ժամանակներէն սկսած։
Սուրբ Պատարագի մասնակից հաւատացեալները միշտ հաղորդուելու են երկու տեսակով եւ այն եկեղեցական սովորութեան համաձայն առանձին-առանձին ընդունելով՝ ինչպէս Դուինի ժողովի կանոններէն կարելի է եզրակացնել։ Բայց ապա ընդունուած եւ գործադրուած է միանգամից հաղորդուելու սովորութիւնը։
Աւագ հինգշաբթի օրը հաղորդուելու սովորութիւնը եղած է հայոց մէջ հին ժամանակներէն, բայց այդ սովորութիւնը իբրեւ քաղկեդոնական կը մերժէ Յովհան Իմաստասէրը, պատուիրելով Զատկին հաղորդուիլ, որով եւ Մեծ պահքը չլուծել։
Դուինի երկրորդ ժողովի (Զ դար) Զ եւ Ը կանոններէն պարզապէս կ՚երեւի, որ շաբաթ, կիրակի եւ տօն օրերը անխափան Սուրբ Պատարագ կը մատուցուէր։ Նոյնը կը հաստատէ Օձնեցին նաեւ Քառասնորդական պահքի շաբաթ եւ կիրակի օրերուն համար։ Նախապէս սովորութիւն եղած է ուրբաթ եւ կիրակի օրերը պատարագել, բայց կ՚երեւի թէ, երբ մարտիրոսներու տօները շաբաթ օրերը սկսան տօնուիլ, այն ժամանակ եւ ուրբաթ օրուան Պատարագը շաբաթ օրուան փոխադրուեցաւ։
Ամբողջ Յինունքին Պատարագ մատուցանելու այժմու սովորութիւնը Ե դարերէն սկսած է։ Հետզհետէ սովորութիւն մուտք գործեց նաեւ շաբաթուայ միւս օրերուն եւս Պատարագ մատուցանելու՝ հանգուցեալներու հոգիի փրկութեան համար։
Աստուածպաշտութեան կատարումը շաբաթի ժամանակամիջոցով բաժանուած էր քահանաներու մէջ, բայց գլխաւոր քահանայի պարտքն էր՝ մշտապէս եկեղեցւոյ մէջ գտնուիլ։ (Կանոն Սհկ.)։
Պահեցողութիւնը շաբաթական եւ քառասնօրեայ էր. միայն Յովհան Իմաստասէրը թոյլ կու տայ անոնց որ կ՚ուզեն, Պահքի շաբաթ եւ կիրակի օրերը լուծել (Է կանոն), ինչպէս սովորութիւն էր նաեւ երբեմն Երուսաղէմի եկեղեցւոյ մէջ։
Զ դարուն Յուստինիանոսի օրով յունաց մէջ սկսաւ տօնուիլ Տեառնընդառաջը։ Հաւանաբար Է դարուն նոյնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ եւս մուտք գործեց։ Այդ տօնի կանոնը «Մարմնացեալդ ի Կուսէն» աւանդութիւնը Մովսէս Քերթողին կը վերագրուի՝ Զ-Է դարուն։
Եկեղեցւոյ զանգակի գործածութեան նկատմամբ շատ դժուար է որեւէ դրական բան ըսել։ Ժ դարուն՝ Գրիգոր Նարեկացին ունի կոչնակի օրհնութիւն, ուստի կարելի է եզրակացնել, թէ բուն Հայոց եկեղեցիներուն մէջ տակաւին զանգակ չկար։ Բայց նոյն դարուն, Սեբաստիոյ մետրապոլիտը կ՚արգիլէ նոյն տեղի Հայոց զանգահարութիւն, կ՚երեւի յունաց մերձաւոր եկեղեցիներ արդէն Ժ դարէն զանգ ընդունած էին…։
- Սկզբնաղբիւրներ.-
«Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն», Աբր. Զամին, 1908, Ն. Նախիջեւան,
«Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը», Ներսէս Վրդ. Մելիքթանգեան, 2011, Ս. Էջմիածին, վերհրտ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 14, 2019, Իսթանպուլ