ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՎԵՑ ԿԻՐԱԿԻՆ

Մեծ պահքի շրջանը կը բովանդակէ վեց կիրակի։ Կիրակին որքան հանգիստի օր, նաեւ օրհնութեան օր է քրիստոնեաներու համար։ Կիրակի օրը հոգւով եւ մտքով պէտք է նուիրուի Աստուծոյ, քանի որ Յակոբոս Տեառնեղբայր իր Ընդհանրական Նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի», (ՅԱԿՈԲ. Դ 8)։

Այս իմաստով, Մեծ պահքի շրջանի վեց կիրակին կապ ունի Աւետարանական վեց պատմութեան հետ։ Այս վեց կիրակին կը կազմեն շղթայի մը վեց օղակը, թէեւ արտաքնապէս կը թուին ո՛չ մէկ կապ ունենալ իրարու հետ։

Մեծ պահքի վեց կիրակիին առաջինն է՝ «Բարեկենդանի Կիրակի»ն՝ դրախտային երանութիւններու վայելումը։

Բարեկենդանի կիրակիին կը յաջորդէ «Արտաքսման Կիրակի»ն՝ որ կ՚արտայայտէ նախաստեղծներուն՝ Ադամի եւ Եւային մեղանչումը եւ անհնազանդութիւնը։

Արտաքսման Կիրակին կը խորհրդանշէ նաեւ Ադամի եւ Եւայի դրախտէն վտարումը, այսինքն՝ արտաքսումը։

Երրորդ կիրակին՝ «Անառակի Կիրակի»ն է, ուր կը պատմուի անառակ որդիին մեղանչումը եւ անհնազանդութեանը յաջորդող անկեղծ զղջումը եւ դարձը։

Չորրորդ կիրակին՝ «Տնտեսի Կիրակի»ն է, հոս կը պատմուի դէպք մը՝ ուր կը տեսնուի աշխարհի որդիին խորագիտութիւնը, որմէ պէտք է դաս առնեն եւ օգտուին լոյսի որդիները եւ ըստ այնմ շարժին։

Այս շրջանի հինգերորդ կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակի»։ Այս պատմութեան մէջ կը նկարագրուի այրի կնոջ համբերութեան եւ յարատեւութեան, հաստատ կամքին հրաշալի օրինակը։ Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ աղօթքի մէջ յարատեւութեան, անձանձրոյթ եւ հաստատակամ ըլլալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտ պայմանը։ Արդարեւ, նպատակի մը հասնելու առաջնակարգ պայմանն է՝ յարատեւութիւնը ե՛ւ աղօթքի մէջ նաեւ։

Վերջապէս, վեցերորդ կիրակին. «Գալստեան Կիրակի»ն։ Այս վեցերորդ կիրակիին կը պատմուի Երկնային Թագաւորին՝ անմահ Փեսային՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստը՝ դատելու համար մարդկութիւնը։

Ուստի, ճշմարիտ քրիստոնեային սրբազան եւ նուիրական ակնկալութիւնն է՝ յարատեւ հաղորդակցութիւն ունենալ, տեւական հաղորդութեան մէջ մնալ իր Արարչին՝ Աստուծոյ հետ։ Քրիստոսի Աւետարանը փրկչական պատգամը կու տայ մարդուն եւ այդ սրբազան պատգամը ստացած մարդը կը փորձէ, կ՚աշխատի բարի գործեր, աստուածահաճոյ գործեր կատարել՝ ըստ ճշմարտութեան, որպէսզի արժանանայ խոստացուած երկնային երանութեան, յաւիտենական կեանքին։

Մարդկային աշխարհային-երկրային կեանքի, եւ ընդհանրապէս դիւրափոփոխ՝ յեղյեղուկ կեանքի ստեղծած տեղատուութիւններուն, մակընթացութիւններուն մըշ-տական հոսանքին ենթակայ է մարդը, եւ այս յորձանքին մէջ ան կը մոռնայ եւ երբեմն ալ կ՚անտեսէ կամ անտարբեր կը գտնուի յաւիտենական կեանքի ճշմարտութեան մասին։ Աշխարհային զբաղումներ կը խափանեն իր տեսութիւնը այս մասին կարծես։

Եւ մարդ այս զգացումներու մէջ, կը դառնայ եսասէր, նիւթապաշտ, ինքնագոհ, եւ ինքզինք ինքնաբաւ կարծելով կը քալէ խաւարի մէջ եւ կը կատարէ խաւարային գործեր։ Եւ կը հեռանայ հետզհետէ Աստուծմէ։ Ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս առաքեալ իր Առաջին Ընդհանրական Նամակին մէջ. «Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա՛ է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ։ Արդ, եթէ ըսենք.- Հաղորդակից ենք իրեն, եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր։ Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս Ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ՚ըլլանք իրարու, եւ Իր Որդւոյն Յիսուսի Արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ» (Ա ՅՈՀՎ. Ա 5-7)։

Մարդը մեղանչակա՛ն է, եւ ուրեմն՝ ապաշխարող նաեւ։ «Եթէ ըսենք.- Մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէ՛ք՝ թէ Աստուած, որ արդա՛ր է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն։ Եթէ.- Մեղք չգործեցինք, ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ Իր խօսքը չկայ» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 8-10)։

Արդարեւ, կատարեալ ինքնախաբէութիւն է մարդուն համար ըսել՝ թէ ինք բոլորովին անմեղ է։

Ուրեմն եթէ մարդ ընդունի՝ թէ մեղաւոր է ինք, եւ խոստովանի իր մեղքերը, ապա ամենակարող, ամենազօր, ամենատես Աստուած կը սրբէ՝ կը մաքրէ զայն իր մեղքերու անիրաւութիւններէն։

Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետներու հրահանգներով սրբագործուած եւ նուիրականացած եկեղեցական տօներու ծիսակատարման մէջ, պահոց օրերու շարքին կը նշուի նաեւ Առաջաւորաց պահքը՝ զայն կապելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելլելու դէպքին հետ։

Պահքը մարդու մարմնական-ֆիզիքական գոյութեան դաստիարակման ամենաէական եւ կազդուրիչ յատկանիշն է։ Իսկ ապաշխարութիւնը մարդու հոգեւոր կեանքի ամենաշահեկան բարի՛քն է՝ նուիրուած աստուածային սիրոյն։ Արդարեւ, պահքը մարդը կը մօտեցնէ Աստուծոյ՝ Բարիին եւ Ճշմարտութեան եւ կը նորոգէ հոգին, կը մաքրէ մարմինը։

Այս իմաստով միայն պահքով եւ ապաշխարութեամբ կարելի է ազատուիլ մեղքէ, իսկ եթէ ոչ, ապա «…մեղքին վարձատրութիւնը մա՛հ է» (ՀՌՈՄ. Զ 23)։ Ուստի, պահքով եւ ապաշխարութեամբ ինքնաճանաչման եւ կատարելութեան հասնող մարդը կը փառաւորուի Աստուծմէ, եւ կը դառնայ Աստուծոյ շնորհները կրողը։

Ահաւասի՛կ, Մեծ պահքի շրջանը պա՛հն է ինքնաքննութեան, ներհայեցողութեան եւ պա՛հքն է միջոցը ինքնաճանաչութեան, ինքնամփոփմա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 1, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019