ՀՈՂԿԻԹ ՈՒՏՈՂՆԵՐԸ

Հեռաձայնը հնչեց.

-Ողջոյն մայրիկ, հինգ վայրկեանէն տուն պիտի հասնիմ, կը հաճիս սեղանը պատրաստել, շատ անօթի եմ։

-Ողջոյն տղաս, սիրով, քեզի կը սպասեմ։

Արմենակը յոգնած ու վշտաբեկ տան շեմէն մտաւ, լուացուելէ ետք համր քայլերով մօտեցաւ սեղանին։

-Նորէ՞ն խաշած հողկիթ ու թարմ կանաչ սոխ…

-Այո զաւակս, ներողամիտ եղիր։ Գիտեմ, որ խաշած հողկիթէն շատ չես ախորժիր, սակայն ձիթաիւղը լմնցած է։ Երէկ մնացեալ վերջին իւղով հողկիթ տապկեցի, այսօր ալ որոշեցի տարբեր բան մը պատրաստել։ Օր մը հողկիթ, օր մը դդմաճ կ՚ուտենք. ուրիշ ուտելիք չունինք։ Վերջին շաբաթը անընդմէջ դդմաճով սնուեցանք,- տխուր ու ամօթխած պատասխանեց խեղճ մայրը։

Քանի մը վայրկեան քար լռութիւն տիրեց։ Ժամանակ առ ժամանակ տիրող լռութիւնը կ՚ընդհատուէր դանակ-պատառաքաղի ու պնակներու շփումէն արձակուած ձայնէն՝ շըխք-շըխք, շըխք-շըխք։ Ստեղծուած տեսարանը կը ցոլացնէր աշխարհահռչակ հոլանտացի նկարիչ՝ Վինսենթ վան Կոկի «Հողկիթ ուտողները» նշանաւոր կտաւը։ Վերջապէս մայրը համարձակեցաւ ընդհատել տիրող ծանր լռութիւնը.

-Զաւակս նորութի՞ւն մը կայ։ Կրցա՞ր աշխատանք գտնել։

-Ո՛չ։ Նորէն յուսախաբուեցայ։ Խոստացան աշխատանքի ընդունիլ, սակայն վերջին վայրկեանին՝ դրժեցին իրենց իսկ տուած խոստումը։ Գրասենեակը կը լքէի, երբ պատահաբար տեղւոյն երկու աշխատակիցներու խօսակցութեան փսփսուկները ականջիս հասան։ Խօսակցութենէն յայտնի դարձաւ, թէ ինծի խոստացուած աշխատանքին համար, վերջին վայրկեանին ուրիշ աւելի յարմար թեկնածու մը երեւան եկած է՝ տնօրէնի վաղեմի բարեկամներէն մին, որուն անզօր գտնուեցան մերժելու։

-Հոգ չէ, ձագուկս, մի՛ վհատիր։ Աստուած մեծ է, անպայման գործ մը կը գտնես։ Ըսել է, թէ Տէրը քեզ արժանի չգտաւ այդ գործին համար։ Ամենակարող Աստուած քեզի համար աւելի լաւ գործ նախատեսած է։ Համբերէ զաւակս, ամէն բան իր օրն ու ժամը ունի։ Անկարելի է, թէ Աստուած մոռնայ քեզի պէս ազնիւ ու անբասիր բարոյական նկարագիր ունեցող մէկը։ Կը յիշե՞ս, երբ տակաւին մանուկ էիր, գիշերները քեզի համար «Մանկական Աստուածաշունչ» ու զանազան հէքեաթներ կը կարդայի։

-Ինչպէ՞ս կրնամ այդ անհոգ ու երանելի՜ օրերը մոռնալ։ Ի հարկէ, կը յիշեմ.- պահ մը դէպի յուշերու գիրկը սաւառնելով՝ քաղցր ժպիտով պատասխանեց Արմենակ։

-Աստուածաշունչը մեզի ի՞նչ կ՚ուսուցանէ՝ «Ցանկա՛, կը ստանաս», «Բախէ՛, կը բացուի»։ Իմ պատմած բոլոր հէքեաթները կ՚աւարտէին բարիին յաղթանակով։ Սակայն, մինչ այդ յաղթանակին հասնիլը, գլխաւոր հերոսները պարտաւոր էին զանազան դժուարութիւններու միջով անցնիլ։ Եթէ ինքզինքդ համեմատես անոնցմէ ոեւէ մէկուն հետ, ապա կը տեսնես, թէ ձեր միջեւ տարբերութիւն մը չկայ։ Ըսել է, թէ դուն եւս կ՚անցնիս մանկութեանդ սիրելի հերոսներուն անցած խրթին ուղիէն եւ շուտով պիտի ողջագուրուիս երկար սպասուած յաջողութեան հետ։

-Մայրիկ հէքեաթները երեւակայական պատմութիւններ են, իրականութեան հետ կապակցութիւն չունին։

-Ճի՛շդ ես, տղաս։ Հէքեաթը լոկ յօրինուածք է։

-Իսկ ես վաղուց անցած եմ անոնց հաւատալու տարիքը։

-Սակայն որդիս, մի՛ մոռնար, որ մարդկային կեանքը, մարդկութեան անցած ուղին եւս հէքեաթ մըն է։ Ընդամէնը դար մը առաջ՝ արդի աշխարհի ձեռքբերումները, զարգացումները անիրական հէքեաթի մը կը նմանէին։ Իսկ այսօր՝ եկուր ու տես, որ այն մեր առօրեայ կենսակերպը դարձած է։

-Մայրիկ, այլեւս յոյս չունիմ, բոլոր յոյսերս շիջեցան։ Ի՞նչ պիտի ընեմ, ինչպէ՞ս պիտի ապրինք՝ չեմ գիտեր։

-Ձախորդ օրերը կու գան ու կ՚անցնին, զաւակս։ Մի՛ վհատիր։ Աստուած մեծ է։ Անպայման դուռ մը կը բանայ։ Երբեւէ հաւատքդ մի՛ կորսնցներ, աղօթէ՛։ Քանզի հաւատքն է, որ կը փրկէ աշխարհը։

-Ախր ինչպէ՞ս չյուսալքուիմ։ Գրեթէ տարի մըն է աշխատանք կը փնտռեմ, սակայն, ոչ մէկ յոյս՝ աշխատանք չկայ. նոյնիսկ շարժավարի աշխատանք մը չեմ կրնար գտնել։ Այլեւս կը խորհիմ Հայաստանը լքելու մասին։ Թերեւս օտարութեան մէջ բախտը ինծի եւս պիտի ժպտի։ Մոսկուա հաստատուած ընկերոջս հետ խօսեցայ, կ՚ըսէ, թէ եկուր, անպայման աշխատանք մը կը գտնենք։

Այս բոլորը սրտի դառն կսկիծով ըսաւ Արմենակ ու մօրը բարի գիշեր մաղթելով մեկուսացաւ ննջասենեակին մէջ։ Գլուխը փափուկ բարձին դրաւ, աչքերը գոցեց, սակայն աչքերուն քուն չեկաւ։ Ստեղծուած անելանելի վիճակն ու խառնիխուռն մտքերը հանգիստ չէին ձգեր երիտասարդը։

Ստիպուած հայրենիքէն, ընտանիքէն հեռանալու միտքը ծանրացած էր սրտին։ Բաց աստի, վերջին խնայողութիւնները գրեթէ լմնցած էին։ Քանի մը օր ետք, նոյնիսկ հացի դրամ պիտի չունենային։ Ընթացիկ ամիսը աւարտին կը մօտենար։ Գործածած բնական կազի, ելեկտրականութեան ու ջուրի հաշուեցոյցերը ինչպէ՞ս պիտի վճարէին։ Իսկ եթէ չկարողանային վճարել, ձմրան կէսին առանց լոյսի, բնական կազի ու ջուրի պիտի մնային։ Սոյն մտահոգութիւններն անգամ սարսափեցուցիչ էին։ Ամբողջ գիշեր նման մտատանջութիւններով Արմենակ չկրցաւ քնանալ, միայն լուսաբացին քաղցր քունի մտաւ։

Քանի մը օր անց հեռաձայնը հնչեց։ Անծանօթ գործատու մը՝ «Գործ կը փնտռեմ» կայքէջին վրայ ուսումնասիրելով Արմենակի ինքնակենսագրականը, հանրախանութներու ցանցերէն մէկուն մէջ վերջինիս պատասխանատուի պաշտօն մը առաջարկեց։

Երիտասարդը սիրով ընդունեց գայթակղեցուցիչ աշխատանքի առաջարկը եւ յաջորդ օրն իսկ գործի ձեռնարկեց։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019