ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձած էինք, «ազատութիւն»ը իր ամենալայն իմաստով, կամքին եւ իմացականութեան մէջ արմատացած «կարողութիւն»ն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր, կը նշանակէ։ Ուստի ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։ «Զօրութիւն» մըն է մարդուն մէջ ազատութիւնը աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Արդարեւ ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մարդկային երանութիւնը եւ ճշմարտութի՛ւնը։
Մարդկային անձը՝ օժտուած հոգիով մը «հոգեւոր եւ անմահ», այն արարածն է՝ որ Աստուած ուզեց ինքն իրեն համար այս երկրի վրայ։ Եւ Աստուած Ինքզինք յայտնեց միայն մարդո՛ւն։ Այս իսկ պատճառով, մարդը սահմանուած եւ կոչուա՛ծ է յաւիտենական երանութեան։
Մարդ, իր հոգիին եւ հոգեւոր կարողութիւններով ճոխացած իր իմացականութեամբ, բանականութեամբ եւ կամքին զօրութեամբ օժտուած է «ազատութեամբ», ինչ որ կը նշանակէ՝ աստուածային պատկերին առանձնաշնորհեալ նշանը ունենալ։ Եւ սակայն, մարդը չարաչար գործածեց իր «ազատութիւն»ը փորձութեան մէջ սայթաքեցաւ եւ նախընտրեց՝ գործեց չարը։ Բայց մարդը պահած է բաղձանքը բարիին, սակայն անոր բնութիւնը կը կրէ «խոց»ը սկզբնական մեղքին։ Ան եղած է ընդհանրապէս հակամէտ չարին եւ ենթակայ՝ մոլորումին։ Եւ այսպէս մարդ, ազատութիւնը շահագործեց…։
Երբ կը խորհրդածենք մարդկային ազատութեան մասին, կը տեսնենք որ մարդը բաժնուած է իր անձին մէջ։ Եւ այս պատճառով իսկ մարդոց անհատական եւ հաւաքական ամբողջ կեանքը պայքա՛ր մըն է՝ բարիին եւ չարին, ըսենք, լոյսին եւ խաւարին, ճշմարիտին եւ սուտին…։ Ուրեմն «ազատութիւն»ը կ՚ենթադրէ կեանքի անվերջ պայքար, որ սկսաւ մարդուն ստեղծագործութեան՝ արարչութեան պահէն իսկ, երբ ան պարտուեցաւ չարին, ազատութիւնը չարաչար գործածելով։
Քրիստոսի ազատութեան հասկացողութիւնը կը կայանայ՝ մարդու մը, առանց կլանուելու կիրքերէ՝ տէ՛ր ըլլալու մէջ իր անձին։ Արդարեւ ան որ տէրն է իր անձին, չի տարուիր կիրքերու հոսանքէն եւ կրնայ բանականութեամբ եւ ողջամտութեամբ շարժիլ, ահաւասիկ, անիկա իրապէս «ազա՛տ» է, եւ ազատութիւնը, այս ուղղութեամբ կիրքերու գերիշխանութենէն «ազատուած» ըլլալ կը նշանակէ։ Ան որ կանոններու համաձայն կը գործէ եւ օրէնքի տրամադրութիւններու հնազանդ է՝ ազա՛տ է եւ ազատութեան բարիքները կը վայելէ։ Ուստի կարելի է ան «թագաւոր» կոչել, քանի որ ան կարողութիւնը ունի իր անձին իշխելու, ինչ որ բաւական դժուար գործ մըն է քան ուրիշներու վրայ իշխել. ան ազատ է եւ անկախ եւ ինքզինքին թոյլ չի տար ստրկանալ յանցապարտ գերութեան մէջ՝ ինչ որ կը նշանակէ կորսնցնել ազատութիւնը, քանի ան ինքզինք կը կաշկանդէ անհնազանդութեամբ, օրինազանցութեամբ…։
Ազատութի՜ւն. որքա՛ն քաղցր է եւ նաեւ՝ դիւրաբեկ, ինչպէս աղիւսներով հիւսուած պատ մը, որ երբ մէկ աղիւս նոյնիսկ պակսի կամ վնասուի, կը խախտի եւ փուլ կու գայ, նոյնպէս եւ ազատութիւնը, հաւաքականութեան մը մէջ եթէ մէկ հոգի, մէկ անհատ ազատ չէ՝ ազատութիւն չի վայելեր, այդ ամբողջ հաւաքականութիւնը կազմող անհատներէն ո՛չ մէկը ազատ է, եւ ազատութեան բարիքը կը վայելէ։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ անհատի մը ազատութիւնը կախում ունի եւ սերտօրէն կապուած է ուրիշ անհատի մը ազատութեան, այսինքն բոլոր անհատներ պէտք է «ազատ» ըլլան եւ ազատութիւն վայելեն, որպէսզի կատարեալ ազատութիւն գոյութիւն ունենայ։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով՝ ազատութիւնը քաղցր է եւ դիւրաբեկ…։ Եւ ուրեմն ազատութիւնը անհատական արժէք մը չէ, այլ՝ ընկերային եւ համամարդկային։ Այս իմաստով՝ ազատութիւնը սերտօրէն կապուած է նաեւ մարդուն արժանապատուութեան հետ. ինչպէս որ իւրաքանչիւր անհատ արժանի է արժանապատուութեան, նո՛յնպէս արժանի է ազատ ըլլալու։ Եւ ազատ մարդը կը պահպանէ իր արժանապատուութիւնը, եւ այն որ կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը, կը կորսնցնէ նաեւ իր արժանապատուութիւնը։ Հոս պէտք է նշել որ ասիկա խնդրոյ առարկայ է կամովին ազատութենէ հրաժարելու պարագային՝ մանաւանդ շահու մը ակնկալութեամբ կատարուած հրաժարումի պարագային՝ ուր մարդ անզգալաբար կը կորսնցնէ եւ կը հրաժարի նաեւ իր արժանապատուութենէն եւ կը դառնայ ստրուկ մը՝ որ ցկեանս գերութեան մատնուած կը մնայ։
Եւ կարելի է կարծել՝ թէ ամենամեծ ստրկութիւնը մտքի եւ հոգիի ստրկութիւնն է, յանձնուիլ մէկու մը՝ հրաժարելով մտքի եւ հոգիի ազատութենէն։
Այս պարագան կարելի է համեմատել Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքերով. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (ՄԱՏԹ. Ժ 38)։ Հոգիի եւ մտքի ազատութիւնն ալ կաշկանդել՝ հոգին եւ միտքը սպաննել կը նշանակէ կերպով մը, եւ ուրեմն մարմնի սպանութեան չափ եւ նոյնիսկ աւելի՛ վտանգաւոր է հոգիի եւ մտքի ազատութեան կաշկանդումը։ Ուրեմն զգոյշ պէտք է ըլլալ մտքի եւ հոգիի ազատութեան կաշկանդումներու նկատմամբ, քանի որ անոնք աւելի՛ վնասակար են մարդուս մանաւանդ ապագային համար, քան մարմնի կամ մարմնական ազատութեան կաշկանդումները՝ որոնք ընդհանրապէս ժամանակաւո՛ր են։
Արդարեւ մարդուս համար կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ՝ պահպանել իր արժանապատուութիւնը, եւ նո՛յնքան հարկաւոր եւ ստիպողական՝ պաշտպանել իր ազատութի՛ւնը։
Ազատութիւն եւ արժանապատուութիւն՝ մարդս «մա՛րդ» ընող արժէքներ են, որոնք պէտք է պահպանուի եւ երբե՛ք չզոհուի որեւէ շահու համար, քանի որ մարդուս ամենամեծ եւ կարեւոր շա՛հն է իր ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 22, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024