ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՆ ՏԻ ԷՅՐ ԹՈՒՆԱՅԹ - ՖԻԼ ՔՈԼԻՆԶ (IN THE AİR TONİGHT - PHİL COLLİNS)

In The Air Tonight երգը բրիտանացի երգիչ եւ երաժիշտ Ֆիլ Քոլինզի առաջին երգն էր, որ ան ձայնագրեց իբրեւ մենակատար-երգիչ։ Մինչ այդ, ան կը հանդիսանար Ճենըսիս (Genesis) խումբի անդամ։ Երգը, անոր բոլոր երգերուն մէջ, երեւի թէ, ամենագլխաւորն ու ճակատագրականը եղաւ։ Նախ՝ անիկա գլխաւորեց բրիտանական հիթ-շքերթը, Ֆիլը յայտնի դարձնելով իբրեւ առանձին երգիչ, այնուհետեւ՝ բազմաթիւ անգամներ օգտագործուելով զանազան շարժապատկերներու եւ դրուագաշարերու մէջ՝ նոր շունչ առնելով, կը վերադառնար քանի մը տարին անգամ մը։ Երգը ձայնագրուեցաւ 1981-ին։ Անոր ստեղծման հետ կապուած կան բազմաթիւ առասպելներ, որոնք մարդկային երեւակայութեան վառ արդիւնքն են։ Երգիչը երգին մէջ գործածած է «Եթէ ինծի ըսես, որ կը խեղդուիս, ես ձեռքս չեմ երկարեր․․․» արտայայտութիւնը, ինչ որ ալ մարդոց վառ երեւակայութեան ու առասպելներու առիթ տուած է։ Անոնցմէ ամենայայտնիներէն մէկն է այն պատմութիւնը, թէ իբր թէ Ֆիլ տեսած է, թէ ինչպէս կը խեղդուի իր ընկերը եւ ափին կանգնած մարդ մը, տեսելով՝ չ՚օգներ անոր։ Իսկ երկրորդ պատմութիւնը, իբր թէ Ֆիլ տեսած է, թէ ինչպէս ջուրին մէջ կը խեղդուի այն մարդը, որ նեղացուցած էր իր կինը եւ չէ օգնած՝ ջուրէն դուրս հանելու զինք։ Այս բոլոր յօրինուածքները, ի հարկէ, ոչ մէկ կապ ունին իրականութեան հետ։

Երգին ստեղծումէն երկու տարի առաջ՝ Քոլինզ կը վերադառնայ համերգային շրջագայութենէն եւ կ՚իմանայ, որ իր կինը հեռացած է իրմէ։ Երգին հիմքը անոր կեանքի՝ նոյնինքն այս ժամանակաշրջանի ապրումներն են։ «Եթէ ինծի հարցնէք՝ ինչի՞ մասին է երգը, ես պիտի ըսեմ՝ չեմ գիտեր։ Ասիկա իմ բոլոր երգերուն մէջէն այն միակն է, որ ես, իսկապէս, չեմ գիտեր, թէ ինչի մասին է։ Անիկա գրուած է մէկ շունչով, մէկ անգամէն։ Բայց մինչ այդ պահը կը հասուննար, գրեթէ երկու տարի մէջս կը կուտակուէին ու կ՚եռային բարկութիւնը, հիասթափութիւնը, վիրաւորանքը, մաղձը։ Ոեւէ մէկը, բացի ինձմէ, չէր հասկնար։ Ես կը ստիպէի ես ինծի յաղթահարելու մէջս կուտակուած այդ քաոսը։ Ոչ մէկը կրնար գտնել այն ճիշդ խորհուրդը, կամ բառը, որ պիտի սփոփէր կոտրուած, հիասթափուած, ապրելու հետաքրքութիւնը կորսնցուցած մարդու հոգին ու ներաշխարհը։ Ես բազմաթիւ անքուն գիշերներ անցուցած եմ կռուելով անձիս հետ, կռուելով ու չհաշտուելով իրականութեան հետ։ Յարաբերութիւններուն մէջ միշտ երկու հոգի են, եւ երբ մէկը միայնակ կ՚որոշէ երկուքին ճակատագիրը, ատիկա կը կոտրէ ու կը հիասթափեցնէ, բայց առաւել՝ կը կուտակէ բարկութիւն ու անզօր ըլլալու զգացողութիւն եւ դուն կը սկսիս կռուիլ ողջ աշխարհի դէմ, ամէնուն դէմ, դուն քու դէմդ՝ փնտռելով սփոփանք կամ՝ այն զգացողութիւնը, որ կու գայ ու կը լեցնէ դատարկած ու ճաքեր տուած հոգիդ», կը պատմէ Ֆիլ։

«Ես ունէի քանի մը աքորտներու յաջորդականութիւն, որ ինծի համար շատ հաճելի էր։ Պարբերաբար կ՚անդրադառնայի անոնց ու կը փորձէի մեղեդի գրել ու ամբողջացնել, բայց չէր ըլլար։ Ես տրամ-սարքին վրայ հարուածային գործիքներու մասը ձայնագրեցի, յետոյ աւելցուցի պաս կիթառի ձայնաբաժինը։ Երգը գրելու պահուն ունէի այս նախաբան-նախաաշխատանքային կմախքը։ Այդ օրը արուեստանոցին մէջ քանի մը անգամ ես պարզապէս «ժամանակ կ՚անցընէի» կիթառովս եւ այս սեւագիրով, երբ զգացի, որ բառերն ու մեղեդին կը յորդին իրենք իրենց։ Անմիջապէս ձայնագրեցի երգը։ Ես վստահաբար կրնամ ըսել, որ երգի 99.5 տոկոսը գրած եմ մէկ անգամէն։ Երգը գրուած է ինքն իրեն։ Եւ ուրախ եմ, որ ոչ մէկ բառ փոխելու կարիք եղաւ», կը պատմէ Ֆիլ երգի ստեղծման մասին։

Երգը ձայնագրելէ ետք, բացի բրիտանական հիթ-շքերթներէն, մտաւ զանազան երկիրներու յառաջատար հիթերու ցուցակին մէջ, իսկ երգին տեսահոլովակը՝ MTV հեռուստաընկերութեան հեռարձակման առաջին իսկ օրէն՝ աշխոյժ էր անոր եթերներուն մէջ։

Հետաքրքրական են քանի մը փաստ երգի մասին, օրինակ՝ այն, որ երգի բառերը Քոլինզը արագ գրի առնելու համար զայն գրած է պատի՝ պատռուած պաստառի վրայ։ Երգը, բացի շարժանկարներէն եւ դրուագաշարերէն, հնչած է նաեւ «Տայըրի Միլք» տուրմի գովազդին մէջ։ Իսկ GTA Vice City Stories համակարգչային խաղին մէջ, նոյնիսկ կայ դրուագ մը, ուր համերգին ժամանակ պէտք է փրկել Քոլինզը, եւ մակարդակը յաջող յաղթահարելու պարագային՝ կարելի պիտի ըլլայ լսել երգը։

Հակառակ բոլոր այս յօրինուածքներուն եւ հրաշապատումներուն, երգը շատ խորքային զգացողութիւններու մասին է, եւ այդ է երեւի պատճառը, որ երգիչը թոյլ տուած է այս զրոյցներու եւ առասպելներու տարածումը, որպէսզի կարենայ անոնց միջոցով քօղարկել երգի իրական ապրումներուն ու զգացողութիւններուն պատճառը։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019