ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 153-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Տարեդարձին զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ հաստատութեան ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց այս առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր հոգելոյս Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանը, ուխտէն անդարձ բաժնուած միւս անդամուհիները, վարժարանի սատարողները, հանգուցեալ կրթական մշակները, սաներն ու բոլոր սպասաւորները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Սիւզան Ավճըի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տիանա Գամբարոսեան, խնամակալութեան կազմէն Յարութիւն Շէշէթեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Այս առթիւ Տիանա Գամբարոսեան տեղեկացուց, որ Գալֆաեանի կարգ մը վիճելի կալուածներու պարագային բացուած դատերը ունեցած են դրական արդիւնք, ուստի հաստատութիւնը ինքնաբաւ դառնալու ճամբուն վրայ է։

Հանդիսութեան ընթացքին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեանին՝ հաստատութեան ի նպաստ մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ զանազան ելոյթներով հանդէս եկան դպրոցի սաները, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր հուսկ բանքով եւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019