ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՇԱՆԹ ՇԻՄՇԷՔՉԱՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Էսաեան վարժարանի 12-րդ դասարանի գիտական ճիւղի աշակերտներէն Շանթ Շիմշէքչաք վերջերս մասնակցութիւն բերաւ «Աճըպատէմ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէին կողմէ կազմակերպուած մրցումի մը։ IGEM (Int. Genetically Engineered Machine Competition) կոչուած այս մրցումը տեղի ունեցաւ երկու փուլով։ Առաջին փուլը նախատեսուած էր Իսթանպուլի, իսկ երկրորդը՝ Պոսթոնի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Առաջին փուլի նախապատրաստական աշխատանքները տեղի ունեցան յիշեալ համալսարանէն ներս։ Այս փուլի աւարտին Շանթ Շիմշէքչաք յանձնեց քննութիւն մը, որու արդիւնքով տիրացաւ Technics of Lab and Biosafety վկայականին։ Զուգահեռաբար ան իրաւունք շահեցաւ մասնակցելու համար մրցումի երկրորդ փուլին, որ տեղի ունեցաւ Պոսթոնի HYNES կեդրոնին մէջ։ Շանթ Շիմշէքչաք այս փուլին մասնակցութիւն բերաւ՝ որպէս անդամը 15 հոգիէ բաղկացեալ խումբի մը։ Դեղի մը արտադրութեան ուղղեալ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ ծանօթացուեցաւ զանազան գործարաններու ներկայացուցիչներու։ Ներկայիս այս խումբի նպատակն է պատրաստածի արտադրութեան համար ապահովել անհրաժեշտ արտօնութիւնը։
Շանթ Շիմշէքչաքի այս յաջողութիւնը Էսաեանի ընտանիքէն ներս գնահատուած է բարձրօրէն։ Առանձնապէս ուրախ է նաեւ բնագիտութեան ուսուցչուհի Թամար Ինթիպա։ Տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան այս նուաճումին առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորած է Շանթ Շիմշէքչաքը եւ իր ուսուցչուհին։