ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ ԴՊՐՈՑ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Կեդրոնական վարժարանի 1988 թուականի շրջանաւարտներէն խումբ մը ներկայացուցիչներ երէկ ապրեցան յատկանշական օր մը՝ վերադառնալով իրենց աշակերտութեան տարիներուն։ Այսպէս, 1988-ի խումբ մը շրջանաւարտներ երէկ այցելեցին վարժարան, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի կողմէ։ Ուսուցչանոցին մէջ անոնք ուրախութիւնն ունեցան նաեւ հանդիպելու իրենց վաստակաշատ հայերէնի ուսուցչուհի Շողեր Չափարեանի հետ։ Շրջանաւարտները ունեցան վերստին իրենց դպրոցի մթնոլորտը շնչելու խանդավառութիւնը, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեցին ներկայ կացութեան շուրջ։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան անոնց բացատրութիւններ տուաւ վարժարանի արդի ձեռքբերումներուն եւ մերօրեայ սերունդի հետ աշխատանքի առանձնայատկութիւններուն շուրջ։

Շրջանաւարտները դրական տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին դպրոցէն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019