ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Ամանորի քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Աւանդական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ։ 24 հոգիէ բաղկացեալ այդ կազմը մեծ ջանքերով կեանքի կոչեց այս ծրագիրը՝ գլխաւորութեամբ Սեդա Քայայի, Այտա Խաչիկօղլուի եւ Հռիփսիմէ Ալթըփարմաքի։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի աղօթքով բացուեցաւ քէրմէսը, որու այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին Ամանորի շրջանին բնորոշ իրեղէններ, որոնք արժանացան մեծ ընդունելութեան։ Վաճառքը միայն տաղաւարներու շուրջ տեղի չունեցաւ, այլեւ կազմակերպուած էր նաեւ առցանց։

Քէրմէսի աւարտին Սեդա Քայա յայտնեց, որ արդիւնքը եղած էր գոհացուցիչ։ Իր կարգին, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերած էին կազմակերպչական աշխատանքներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019