ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Դ.
ԱԶԳԵՐՈՒՆ ՆՇԱՆ
Խօսք. «Դուն, որ հրեայ մըն ես» (Յհ 4.9):
Հարցում. Կինը ուրկէ՞ գիտցաւ, թէ հրեայ մըն է:
Երեք բանէ. նախ՝ լեզուէն: Երկրորդ՝ դէմքէն: Երրորդ՝ հագուստներէն, որովհետեւ Թուոցին մէջ կ՚ըսէ. «...իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդնրերուն մէջ ու քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն» (տե՛ս Թւ 15.38): Հետեւաբար պէտք է, որ եբրայեցին կապոյտ նշան դնէ իր գլուխին վրայ, սամարացին՝ դեղին, որ միջակ է, իսկ քրիստոնեան՝ կարմիր, որովհետեւ Քրիստոսի արիւնով գնուեցանք:
Խօսք. «Հրեաները սամարացիներուն հետ երբեք չեն յարաբերիր» (Յհ 4.9):
Մեկնութիւն. Իրարմէ կերակուր եւ ըմպելիք չեն առներ, տակաւին, հրեաները կը գարշէին սամարացիներէն, քան անոնք՝ իրենցմէ, ինչպէս որ հիմա քրիստոնեաները այլազգիներէն կը գարշին, թէպէտ անոնք մեզմէ չեն գարշիր:
Հարցում. Գարշելուն պատճառը ի՞նչ էր:
Պատասխան. Երեք բան. նախ՝ որովհետեւ սամարացիները այլազգիներ էին, ինչպէս որ ցոյց տրուեցաւ: Երկրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ հակառակ էին շինուած տաճարի վերադարձին: Երրորդ, որովհետեւ իրենց մէջ կը բնակէին, այդ պատճառով ալ աւելի կը գարշէին:
Հարցում. Ինչո՞ւ համար հետեւաբար Քրիստոս ջուր խնդրեց եւ աշակերտները կերակուր կը գնէին:
Պատասխան. Նախ՝ անոնց հաւատքին համար պէտք էր հրէական խտրութիւնը ձգել: Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած եւ Տէր էր, վայել էր երբեմն օրէնքներն ու հրէական սովորութիւնները պահել եւ երբեմն չպահել: Երրորդ՝ որովհետեւ կը կամենար հեթանոսները յետագային որպէս Իր ժողովուրդը սրբել:
Այսքանը այս մասին:
ՔԻՉ ՄԸ ՅՈՐԴՈՐԱԿ
Եւ արդ, մենք՝ եղբայրներ, որ ճշմարտութեան օրէնքը ունինք, կամ չե՛նք գիտեր եւ կամ կ՚անագենք զայն, որովհետեւ բոլոր առաքինութեանց գաղափար եւ ուսուցիչ ունինք Քրիստոսը, ինչպէս ըսուեցաւ, իսկ Ան խոնարհութեամբ ոտքով կը շրջէր, իսկ մենք հպարտութեամբ ձիերով կը հեշտանանք: Ան ճանապարհին վրայ կը յոգնէր, իսկ մենք հանգիստի մէջ կը փափկանանք։ Ան ոչինչ կ՚առնէր, իսկ մենք մեծութեամբ կը յղփանանք: Ան կը շրջէր ու կը քարոզէր միշտ, իսկ մենք աշխարհի հոգերով կը զբաղուինք: Ան պարզ հագուստներ ունէր, իսկ մենք պճնուելով կը մեղկանանք: Ան անպէտքները կը հատէր, իսկ մենք՝ պէտք եղածներն ու անպէտքները, հարկաւորն ու վայելչականը կը ստանանք: Ան անօթի եւ ծարաւ, պահքով եւ տքնութեամբ կը կենար, իսկ մենք՝ կուշտ եւ յարբած, ու քունով նիրհած կը տատան-ւինք:
Տեսէք, եղբայրնե՛ր, թէ միայն անունով Քրիստոսի նմանողներ ենք, սակայն իրապէս Անկէ հեռացած ենք: Գիտեմ, թէ ասով չեմ արդարանար, այլ՝ անձամբ իմ անձս կը դատապարտեմ, եւ ձեզ՝ յետագային եկողներուդ օրինակ կը ձգեմ:
Դառնանք այժմ Աւետարանի խօսքին:
ՊԱՐԳԵՒՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ
Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց.
-Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը» (Յհ 4.10):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին շնորհը, որ մեծ է քան Աստուծոյ [տուած] միւս բոլոր պարգեւները, որովհետեւ երբ Ան [Սուրբ Հոգին] կը պարգեւուի, միւսներն ալ կը պարգեւուին, ու առանց Աստուծոյ շնորհներուն միւս պարգեւները անօգուտ են, երբեմն ալ՝ վնասագործ:
Խօսք. «Եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ» (Յհ 4.10):
Մեկնութիւն. Այստեղ երեք բան կը ցուցնէ. նախ՝ Հոգիի շնորհներուն մեծութիւնը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Երկրորդ՝ Իր մեծութիւնն ու կարողութիւնը՝ Աստուծոյ պարգեւները պարգեւելու: Երրորդ՝ Իր կամաւոր յօժարութիւնը ասոնք տալու:
Իսկ կնոջմէն խնդրելուն համար, կ՚ըսէ.
Խօսք. «Հաւանաբար դո՛ւն իրմէ պիտի ուզէիր» (Յհ 4.10):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ըլլայ, թէ պիտի ուզէիր: Այս մէկը Քրիստոսի մէջ երկբայութիւն չի ցուցներ, որովհետեւ ճշմարիտ գիտէր կնոջ խնդրելու մասին, այլ՝ երեք պատճառով այդպէս ըսաւ. նախ՝ ցոյց տալու համար մեր անձնիշխան կամքը: Երկրորդ՝ կ՚ուսուցանէ մեզի, թէ պէտք է պարկեշտութեամբ խօսիլ հետեւող [ետքէն եկող] խօսքին մասին: Երրորդ՝ որովհետեւ երբեմն պակաս ըսելով՝ առաւել ցոյց կու տանք, ու տարակուսանքով ըսելով՝ ստոյգը նուազ կ՚ըսենք, ինչպէս Պօղոս Կորնթացիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Եւ կը խորհիմ, որ Աստուծոյ Հոգին է, որ այսպէս ըսել կու տայ ինծի» (Ա. Կր 7.40), քանի որ ըսելը՝ կը խորհիմ, ոչ թէ տարակուսանք էր, այլ՝ զգուշութեամբ կը խօսէր, որովհետեւ ինք ստոյգ գիտէր, թէ Աստուծոյ Հոգին ունէր:
ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐ
Խօսք. «Անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար» (Յհ 4.10):
Մեկնութիւն. Ջուր ըսելը իմանալ է Սուրբ Հոգիին շնորհը, որ[ոնք] մարմնական ցանկութիւններուն տօթը կը զովացն[են]: Ատոնց կ՚ըսուի կենսատու ջուր, ինչպէս մարդիկ սովոր են կենդանի ջուր ըսել, որ աղբիւրէն կ՚ելլէ ու աղբիւրէն չի՛ զատուիր, այլ՝ ընթացքի մէջ կայ, իսկ ջուրը, որ ծովացած սահրիճի1 մէջ, կամ ամանի մէջ հաւաքուած, կամ անձրեւէ տեղացած, կենդանի չ՚ըսուիր:
Դարձեալ, նոյնպէս կ՚անուանուի մարդկային կենդանութեան նմանութենէն, որովհետեւ այն անդամը կենդանի կը կոչուի, որ միաւորուած է սիրտին եւ անկէ կենդանութիւն կ՚ընդունի:
Ասկէ չորս բան կ՚իմանանք. նախ՝ որովհետեւ Հոգիին անձնաւորութիւնը Հօրմէն կը բխի աղբիւրաբար, ըստ այնմ. «Վասնզի կեանքի աղբիւրը Քու քովդ է» (Սղ 36.9), եւ Որդիով՝ բոլոր արարածներուն կը բաշխուի: Երկրորդ՝ շնորհներուն սկիզբը Սուրբ Հոգին է, որպէս աղբիւր, եւ Անկէ կը շնորհուի բոլոր մարդոց:
Ասիկա առաջին օրինակը:
Երրորդ. Առաքեալները Սուրբ Հոգին ստացան եւ բոլոր ազգերուն բաշխեցին: Չորրորդ՝ վարդապետներն ու քահանաները Հոգիին շնորհքը առին ու ուրիշներուն բաշխեցին, որովհետեւ մարդու սիրտին մէջ բնա՛ւ շնորհք չ՚ըլլար, եթէ Սուրբ Հոգին անոր մէջ չէ բնակած:
Ասիկա երկրորդ օրինակը:
Իսկ կինը մարմնաւոր կերպով հասկցաւ ու ըսաւ Անոր.
Խօսք. «Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս» (Յհ 4.11):
Մեկնութիւն. Հիմա Տէր կոչեց, բարձրագոյն իմացաւ զԻնք, որովհետեւ նախ եբրայեցի ըսաւ:
Կնոջ տարակուսանքը չորս բանէ եղաւ. նախ՝ որովհետեւ դոյլ չունէր: Երկրորդ՝ աղբիւրը երեսին չէր [ջրհորի երեսին]: Երրորդ՝ ուրիշ տեղ ջուր չկար: Չորրորդ՝ սքանչելիքներով ալ չի՛ կրնար, որովհետեւ հայր Յակոբը աշխատելով ու փորելով [ջուր] հանեց: Եւ այստեղի աղբիւրին ջուրը իրեն բաւական թուեցաւ, այդ պատճառով ալ անիկա այս աղբիւրէն խմեց:
Դարձեալ, որ կ՚ըսէ. «...ուրկէ խմեցին ինք, իր որդիները» (Յհ 4.12) ջուրին բարութիւնը կը ցուցնէ, ու իր անասունները՝ ասիկա ալ առատութիւնը կը ցուցնէ:
ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՅԱԿՈԲԸ ՀԱՅՐ ԿԸ ԿՈՉԷ ԵՒ ՄԵԾ
Կինը Յակոբին մեծ կ՚ըսէ չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մեծ Աբրահամին թոռն էր: Երկրորդ՝ առանձինն ազգերու հայր էր: Երրորդ՝ քանի որ Տիրոջմէ Իսրայէլ կոչուեցաւ: Չորրորդ՝ անդրանիկին օրհնութիւնը առաւ: Սակայն Տիրոջ մեծութիւը չէր գիտեր:
Դարձեալ, Յակոբը հայր կ՚անուանէ չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ սամարացիները Աբրահամը իրենց հայր կը կոչէին, ինչպէս քաղդէացիներուն երկիրին մէջ ծնած, ուրկէ եւ իրենք իսկ էին, այդ պատճառով ալ Յակոբը իրենց հայրը կը կոչէին, որովհետեւ Աբրահամի թոռն էր: Ասիկա մեկնիչդ ալ կ՚ըսէ, թէ սամարացիները Յոթորէն էին ու սահմանակից քաղդէացիներու երկրին: Երկրորդ՝ որովհետեւ իսրայէլացիներուն թլփատութեան ուխտը ու Մոսէսին օրէնքները կատարած էին, թէեւ ո՛չ մարգարէներունը: Երրորդ՝ որովհետեւ Սիւքէմ քաղաքը, որ Յակոբ իր որդիին՝ Յովսէփին տուաւ, սեփականութիւն ունէին, եւ այն են՝ որդիները, որոնք հօր ժառանգութիւնը ունին: Չորրորդ, իր [Յակոբի] նկատմամբ ունեցած պատիւի եւ սիրոյ համար զինք հայր կը կոչէին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 33
Վաղարշապատ
1 Սահրիճ բառը արաբերէնով ունի աւազան կամ ջուր փոխադրելու մեքենայի իմաստ: Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին արաբերէնի որոշակի իմացութիւն ունեցած է, կ՚ենթադրենք, թէ այդ ազդեցութեամբ է, որ այստեղ սահրիճ բառը օգտագործած է: Փորձեցինք պարզել եթէ հայերէն բառարաններուն մէջ յիշատակուած է այս բառը, բայց աւելի քան տասնեակ մը բառարաններու մէջ նայելէ ետք չկրցանք որեւէ նշում գտնել այս բառի մասին: Արդարեւ, նկատի ունենալով ընդհանուր հատուածին նիւթը՝ կը խորհինք, թէ այն արաբերէնի ունեցած իմաստով գործածուած է: