ԵՒ ՍԱ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻ՞ՒՆ

Առաջնորդուէ՜ արդարութեամբ… քու կեանքի հոլովոյթին եղիր միշտ արդար…։

Խրատնե՜ր, խրատներ, զորս մեզմէ իւրաքանչիւրը բազմիցս մտիկ ըրած է իր կեանքի հոլովոյթին, ու տակաւին ալ՝ կը շարունակէ։ Սակայն քանին ականջին օղ կ՚ընէ բոլոր այն բառերուն իմաստը, որուն արմատը՝ «արդար» բառն է… յայտնի չէ։

Միայն մէկ բան յայտնի է, գրեթէ ամէն մարդ ինքզինք կը համարէ շիտակ ու արդար։ Կը թերանայ նկատելու սեփական բացերը, սխալներն ու թերութիւնները։ Կարծես, անհատ մը ինքզինքը դիտած ատեն կը կուրանայ ու չի նշմարեր ոչ մէկ բացասական բան իր բնաւորութեան, վարքագծի ու վերաբերմունքի մէջ։

ՄԱՐԴ ԻՐ ՍԽԱԼԸ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՒՐԻՇԻ ՄԸ՝ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է. ըլլայ ան կետադրական, քերականական, անուշադրական, քաղաքավարական եւ այլն…

Թերեւս նկատած կ՚ըլլաք՝ կան խումբ մը մարդիկ, որ իրենքզիրենք կը համարեն ճշմարտախօս ու արդարամիտ։ Այս տեսակ մարդոց համար, իրենց խօսքով՝ բնաւ տանելի չեն սուտն ու կեղծիքը։ Ծանօթ-անծանօթի, իրենց շուրջիներուն ալ կը հաւաստիացնեն, թէ իրենք մշտապէս կը գերադասեն ըլլալ արդար ու ազնիւ, մարդու մը երեսին միշտ կ՚ըսեն ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ դառնաւուն։ Անոնց կեանքի կարգախօսն է. «Աւելի լաւ է դառը ճշմարտութիւնը, քան՝ քաղցր սուտը»։

Յիրաւի, ողջունելի է նման բնաւորութեան գիծը։ Ճշմարտախօս մարդիկ արժանի են որոտընդոստ ծափահարութիւններու, գովեստի շռայլութեան։

Սակայն դուք երբեւէ փորձա՞ծ էք անկեղծ մարդոց հետ՝ իրենց չափ ըլլալ անկեղծ։ Անոնց երեսին ըսել ճշմարտութիւնը։ Եթէ այո՛, ապա վստահ եմ, որ այդ երկվարկեանին փրթի ձեր ջերմ ու բարի, անկեղծ բարեկամութեան կամ ընկերութեան թելը։

Ես ալ անգամ մը փորձեցի…

Տարիներ առաջ ունէի ընկերուհի մը՝ բաւական ազնիւ ու արդար։

Անո՞ւնը…, անունը, թող որ մնայ գաղտնի։

Այդ արտասովոր օրիորդը պճնութեան ու սեթեւեթանքի սիրահար մըն էր։ Միշտ խնամուած ու կոկիկ, քիթն ալ վեր տնկած։ Օրումէջ կը հագնէր նոր հագուստներ, կը հագնէր իր պէս-պէս բարձրակրունկները ու շորորուելով կ՚երթար համալսարան։

Ինքնահաւան ու մեծամիտ ընկերուհիս ամէնուն չէր հաւներ։ Տեսակ-տեսակ պիտակներ կը փակցնէր մարդոց։ Քանզի ինք ճըշ-մարտախօս էր, աւելի՛ն. բնաւ ի զօրու չէր իր մէջ պահելու ճշմարտութիւնը, ուստի միտքին եկածը անմիջապէս կը լուսաբանէր։ Պատեհ-անպատեհ ինծի կը յիշեցնէր իր անկեղծութեան մասին. «Գիտես Արեւիկ, ես ազնիւ ու արդար օրիորդ մըն եմ, բնաւ չեմ կրնար պահել իմ մտածումը»։

Վերը նշածիս համաձայն՝ ան կը զանազանէր մարդիկը։ Չէր ախորժեր շփում ունենալէ իրմէ ցած մակարդակի վրայ գտնուող անձերուն հետ։ Իսկ թէ տուեալ անհատը իրմէ ինչ առաւելութիւններ կամ թերութիւններ ունի՝ կ՚որոշէր անձամբ։ Վա՜յ անոնց, որոնք ան չէր համարեր ինքզինքին հաւասար։ Այնպիսի արհամարհական հայեացք մը կը նետէր խեղճ մարդուս վրայ, որ ան տեղւոյն կը պապանձէր, ինքզինքը կը զգար անպէտք իրի մը պէս, իր անձն ու ինքնասիրութիւնը ոտնահարուած, ոչնչացուած։

Ես ալ միշտ լուռ մտիկ կ՚ընէի անոր աժանագին կարծիքները ասոր-անոր վերաբերեալ։ Երբեմն մեղմօրէն կը փորձէի միջամտել, շտկել իր մօտեցումը, սակայն ապարդիւն։

Օր մըն ալ այլեւս չդիմացայ ու որոշեցի անոր հետ անկեղծանալ։ Իմ անկեղծութիւնը անտեղի ու անպատճառ չէր.

Ամառնային արեւոտ օր մը երկու ընկերուհիներով նստած էինք ճեմապարտէզի նստարանին ու կը վայելէինք մեր շուրջը։ Յանկարծ ինծի մօտեցաւ մեր շատ հեռու ազգականներէն երիտասարդուհի մը, որ հեռուէն նկատեց զիս ու որոշեց ողջունել։ Ան տեսնելով ես շատ ուրախացայ։ Հետաքրքրուեցայ վերջինիս որպիսութեամբ, այնուհետեւ ծանօթացուցի ընկերուհիիս հետ։ Մեծամիտ ընկերուհիիս դէմքի արտայայտութենէն հասկցայ, որ ան բնաւ չախորժեցաւ այս ծանօթութենէն։ Ինչեւէ… երբ հասանք իրենց տունը, գաւաթ մը թէյի շուրջ մեր խօսակցութեան նիւթը դարձաւ իմ հեռաւոր ազգականուհին.

-Գիտե՞ս, այդ աղջիկը մեր դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է։ Բնաւ ընկերուհիներ չունէր, միշտ մինակը կը պտտէր։ Օր մը մազերը յարդարած, խնամուած տեսքով չյայտնուեցաւ դպրոցի շեմին։ Շատ անխնամ էր ու փնթի, քիչ մըն ալ պարզ չէր արտայայտուեր, նկատեցի, որ այժմ ալ նոյն վիճակին է։ Խօսածը չի հասկցուիր։

-Մարդիկ իրարու չեն նմանիր, թոյլ տուր չհամաձայնիլ քեզի հետ։ Ընդհանրապէս պէտք չէ մարդոց մասին արտայայտուիլ վատ ձեւով։

-Բայց ես վատ չեմ արտայայտուիր, պարզապէս կ՚ըսեմ ճշմարտութիւնը, որ չեմ կրնար պահել իմ մէջ։ Իսկ եթէ իմ մտածումը չըսեմ, գիտես, սիրտս կը պայթի,- մէկ շունչի մէջ ըսաւ ան ու շարունկեց.- Երբ ան մեզի մօտեցաւ ես ամչցայ, բարեբախտաբար մեզ իրարու հետ տեսնող մը չեղաւ։

-Ինչո՞ւ ամչցար,- ձեւով մը փորձելով բարկութիւնս ի ցոյց չհանել, հարցուցի։

-Ինչպէ՞ս, թէ ինչո՞ւ ամչցար։ Կրնաս խորհիլ, եթէ ծանօթ մը զիս տեսնէր այդ մոխրոտիկին քովը կեցած, պարզապէս կ՚ըլլայի խայտառակ,- ապշահար պատասխանեց ան։ Քանի մը երկվարկեան կեցաւ, այնուհետեւ շարունակեց.- Կը զարմանամ, թէ դուն ինչպէ՞ս ուշադրութիւն կը դարձնես նման ցածրակարգ անձերու վրայ։ Դուն իմ մտերիմ ընկերուհին ես, ինծի համար հաճելի չէ քեզ տեսնել նման անհատներու շրջապատին մէջ։

-Իսկ քեզ երբեւէ հետաքրքրա՞ծ է, թէ ի՞նչ կը խորհին մարդիկ քու մասին։ Թէ ի՞նչ արժէք ունիս դուն քու ծանօթներուն համար։

-Ես վարդի պէս բուրաւէտ ու գեղեցիկ աղջիկ մըն եմ։ Մարդիկ կը հիանան ինծի,- ինքնաբաւ, քիթը վեր հանելով պատասխանեց ան։

-Իսկ գուցէ մարդիկ քեզի հետ անկեղծ չեն, քեզմէ բնաւ չեն ախորժիր, մասնաւորապէս քու անտանելի բնաւորութենէն։ Գուցէ կան մարդիկ, որոնց համար դուն ոչինչ ես ու կ՚ամչնան քու ներկայութենէն, կամ քեզ կը համարեն տգէտ, քաղքենի, անգրագէտ եւ այլն։ Չէ՞ որ ամէն բան չես կրնար դատել ըստ արտաքինի։ Ի դէպ, գեղեցիկ հագուիլն ու խնամուած տեսքն ալ յարաբերական է։ Մէկու մը համար կրնաս ըլլալ ճաշակաւոր ու խնամուած, իսկ ուրիշի մը համար անճաշակ։

Զգացի, որ այլեւս հատեցի բոլոր սահմանները։

Ճաշասրահին մէջ երկար ատեն տիրեց քար լռութիւն։ Լուռ էի թէ՛ ես, թէ ընկերուհիս։ Ան իմ անկեղծութենէն եղած էր կաթուածահար։ Անհասկնալի հոգեվիճակով մը կը նայէր պատուհանէն դուրս։ Ես ալ բարկութենէս կ՚ուզէի պոռալ, ճչալ, անոր երեսին շպրտել իմ բոլոր մտածումները իր փոքրոգութեան շուրջ։ Խորունկ շունչ մը առի, չկրնալով կառավարել զայրոյթէն յառաջացած ձայնիս թրթիռները՝ շարունակեցի.

-Կարելի չէ մարդոց մասին արտայայտուիլ այսքան գռեհիկ։ Պահ մը խորհէ, թէ դուն ո՞վ ես, եւ քեզմէ ի՞նչ կը ներկայացնես…

-Արեւիկ, քեզմէ բնաւ այսպիսի ստորնացում մը չէի սպասեր,- տամուկ աչքերով ըսաւ ան ու հեծկլտաց։

Բաւական սառնութեամբ մենք իրարմէ հրաժեշտ առինք։

Այդ օրը վերջացաւ մեր ջերմ ու բարի ընկերութիւնը։

Շուտով դադրեցան մշտական հեռախօսազանգերը, օրումէջ հանդիպումները։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020