BUDGIE-Ն ԵՒ ROSELLA-Ն
-Ահա՛, իմ բախտս բացուեցաւ. ես պիտի երթա՜մ...
Ուրախութեամբ խճողուած վանդակին մէջէն բացագանչեց թութակազգի budgie-ն, որ երիտասարդ յաճախորդին սուլոցին առաջին պատասխանողը եղած էր եւ այդպիսով ուշադրութիւնը որսացած:
-Ո՞ւր պիտի երթաս կը կարծես, գացած տեղդ հոսկէ լա՞ւ պիտի ըլլայ:
Վանդակին թռչունները միասին ըսին իրենց ընկերոջ:
-Ի՞նչ ալ ըլլայ, հոսկէ լաւ կ՚ըլլայ:
Պատասխանեց budgieն ու որբերուն խուժանը ճեղքածի պէս, իր բարեկամներուն հրաժեշտ տալով հեռացաւ հոնկէ, մտաւ նոր ու մեծ վանդակի մը մէջ, ապա՝
-Դո՞ւն ուրկէ եկար:
Այլայլեցաւ մեր փոքրիկ բարեկամը տեսնելով տարիքով իրմէ փոքր, բայց մարմնով եռապատիկ անգամ մեծ թութակազգի rosella-ն: Եւ երկուքը միասին, մեծ վանդակին մէջ, հեռացան որբանոցէն, ներողութիւն՝ թռչնավաճառին խանութէն:
Երկու այլակերպ թութակներուն բարեկամութիւնը այպիսով սկիզբ առաւ:
-Դո՞ւն ալ պատասխանեցիր երիտասարդին սուլոցին,- հարցուց budgie-ն rosella-ին:
-Ինչու դո՞ւն ալ պատասխանած էիր. ես կը կարծեմ, որ միայն ես ձայն հանեցի սուլոցը լսելով,- միամտաբար ըսաւ rosella-ն:
-Կ՚երեւի երկուքիս փրկութեան օրն է:
-Վանդակին մէջ ի՞նչ փրկութիւն:
-Հապա հո՞ն մնայինք, այդ նեղ վանդակներուն մէջ շարժիլն իսկ կարելի չէ, ուտելը՝ նոյնպէս. արագաշարժ ու ճարպիկ եթէ չըլլաս, անօթի կը մնաս:
-Մի՛ յիշեցներ. անօթի եմ, ծարաւ եմ, փետուրներէս ծուխի հոտ կ՚ելլէ, այդ պզտիկ խանութին մէջ որքան կը ծխէր մարդը. որքա՜ն կ՚ուզէի հիմա հոսող ջուրին մէջ մտնել, թրջուիլ ու արեւուն ճառագայթներուն ջերմութեան տակ թափահարել փետուրներս եւ թռչելու փորձեր ընել:
-Չկարծես որ հոսող ջուրերու ու ծառերու քով պիտի երթանք, անոնք շա՜տ հեռու են մեզմէ, ոչ ալ թռչելու տեղ պիտի ունենանք: Ճիշդ է, որ մեր հայրենիքը այդպէս է, բայց մենք չենք տեսած ու չենք ալ տեսներ. չկարծես ու այդ յոյսերով չապրիս:
-Ո՞ւր է մեր հայրենիքը:
-Մեր արմատները Աւստրալիայէն են, հազարաւոր տարիներ առաջ հոն ապրած են մեր պապերը ու կը շարունակեն ապրիլ. երանի՜ հոն ըլլայինք:
-Թերեւս աս մարդը մեզի հոն տանի:
-Ի՞նչ կը խօսիս, այդքան հեռու երկիր ինչպէ՞ս տանի, ինչո՞ւ տանի:
-Չես գիտեր:
-Բան մը ըսե՞մ, լաւ է որ հոն չենք. անցեալները լսեցի որ անտառները հրդեհ ինկեր են ու միլիոնաւոր կենդանիներ այրեր:
-Ի՞նչ կ՚ըսես:
-Հապա, նախկին զիս խնամողները կը խօսէին, լուրերը մտիկ կ՚ընէին, հոնկէ լսեցի:
-Դուն ուրիշ տո՞ւն ալ ապրած ես:
-Այո, շատ լաւ մարդիկ էին, բայց ճամբորդեցին ու աս խանութը բերին ինծի: Բայց բախտաւոր ենք. ուրախ եղիր, որ ելանք այդ զօրանոցէն. ասկէ ետք առատ ուտելիք, ջուր, պտուղ ու կանաչեղէն կ՚ունենանք, ես քեզի կը սորվեցնեմ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիս, որ աւելի սիրուիս:
-Դուն քանի՞ տարեկան ես որ:
-Ե՞ս, երկու տարեկան եմ, բայց միայն չորս տարի կ՚ապրիմ, իսկ դուն՝ կրնաս մինչեւ 25 տարի ապրիլ: Անոր համար քեզի ամէն ինչ կը սորվեցնեմ, որ ընտանիքի անդամի պէս ըլլաս եւ քեզի նորէն այդ կեղտոտ խանութը չտանին, անշուշտ եթէ տնեցիները ճամբորդեն, ուզես թէ չուզես պիտի վերադաձնեն քեզ հոս, կամ ալ ուրիշի մը պիտի տան:
-Տխրեցայ, շատ կարճ պիտի մնանք միասին, բայց իրա՞ւ ճաշերնիս ու ջուրերնիս առատ պիտի ըլլայ ու զիս կցող ուրիշ թռչուններ պիտի չըլլան. տե՛ս, քիչ առաջ կտցահարեցին ու արիւնեցին մարմինս:
-Այո, գիտեմ, կը տեսնեմ արիւնը, կ՚անցնի ցաւը, կը մոռնաս ու անհոգ կ՚ուտես ու կը խմես այլեւս, մանաւանդ քու ուտելիքդ՝ սերմուշքան, հոս բոլորին տունը կայ:
-Իսկ քո՞ւ ուտելիքդ:
-Իմս աւելի մանր կուտիկներ են. հոգ մի՛ ըներ, ես ճարպիկ եմ, գլխուս ճարին կը նայիմ, զիս շատ կը սիրեն մարդիկը. միայն տեսնես համացանցին մէջ ի՞նչ տեսանիւթեր կան իմ մարդոց հետ խաղերուս վերաբերեալ: Մենք՝ թութակներս, շատ կը սիրուինք մարդոցմէ, գիտե՞ս ինչու:
-Ինչո՞ւ:
-Քանի որ կը կապկենք իրենց ձայները. մեզմէ տեսակներ ալ կան որ կը խօսին, մենք ալ կրնանք բաներ մը ըսել: Ալ դուն ու քու ճարպիկութիւնդ: Միայն կտուցիդ տէր եղիր, չկտցես մարդիկը, մանաւանդ եթէ տան մէջ մանուկներ ըլլան. մանուկները շատ կը մօտենան վանդակին ու կը խանգարեն մեր քունը, մեր հանգիստը, կ՚ուզեն ընենք ինչ որ ուզեն. դուն միայն ինծի հարցուր. եթէ քեզի բարկացնող մը ըլլայ՝ ես կը լուծեմ հարցը, քու կտուցդ կրնայ շատ սուր ցաւ պատճառել, իսկ իմս՝ փոքր է, չի ցաւցներ:
-Կ՚օգնես ինծի, չէ՞:
-Այո, անշուշտ, մենք եղբայրներ ենք, իրարու կ՚օգնենք, անհոգ եղիր:
-Եթէ մենք մեզ լաւ պահենք՝ մեզի հայրենիք կը տանի՞ն...
-Մոռցի՛ր անիկա...
Այսպէս կը զրուցէին երկու որբուկները վանդակին մէջ, եւ՝
-Մենակ չծրտեն մեքենայի մէջ:
Ըսաւ թաքսիին վարորդը ու ասիկա լսելով խորամանկ budgie-ն ծիրտ մը թռցուց ու երիտասարդը նկատելով զայն, առանց զգացնելու մաքրեց:
Եւ սկսաւ երկու թութակներուն նոր երդիքի պատմութիւնը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024