ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Արդարութիւնը ինքնին, առարկայաբար, «բացարձակ» սկզբունք մը կամ իրականութիւն մըն է։ Բայց, ընդհանրապէս, մարդիկ արդարութեան վրայ առարկայաբար չեն նայիր, այլ ենթակայական, այսինքն «անձնական շահախնդրութեամբ» կը նային։ «Արդար» եղիր եւ պիտի տեսնես, թէ ան որ «կը նպաստաւորուի» քու արդարութենէդ, պիտի ընդունի թէ արդա՛ր ես. իսկ ան որ քու «նոյն» արդարութենէդ «կը վնասուի», զքեզ անարդա՛ր պիտի սեպէ։ Արդարութեան կշռաչափը այսպէս կ՚ըլլայ եւ ո՛չ թէ արդարին «տուած»ը այլ անձնասէրին «պահանջա՛ծ»ը։ Այս ալ կը նշանակէ, թէ յարաբերական իրողութիւն մըն է «արդարութիւն»ը։

Ահաւասիկ, այս տեսակէտէ, այսինքն «տրուած»ին եւ «պահանջուած»ին տարբեր արժէքներ նկատուելուն, առ հասարակ կ՚ըսեն «արդարութիւնը դատել» կամ «սահմանել» շահո՛ւ յարաբերականութեամբ։

Եւ այս ուղղութեամբ, շատերու համար մտածումը կամ դատաստանը Աստուծոյ արդարութեան մասին բացարձակ չէ. «յարաբերակա՛ն» է։ Աստուած արդար է, եթէ ուղղակի՛ արդար է ենթակային, որ անոր արդարութիւնը պիտի վճռէ։ Այս հիման վրայ այսօր Աստուծոյ արդարութեան հաւատացողներ վաղն ալ պիտի ուրանան Անոր արդարութիւնը, եթէ «նոյն» արդարութեան փաստերը երեւին «ուրիշ»ներու կեանքին մէջ, բայց ո՛չ եւս՝ իրենցինին մէջ։

Բայց ի՞նչ է արդարութիւնը։

«Արդարութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաւասար կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին, ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։ Արդարութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «կրօնի առաքինութիւն»։ Իսկ մարդոց նկատմամբ ան մեզ տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքը եւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւնը հաստատելու, որ կը հրահրէ արդարութիւնը հանդէպ անձերուն եւ «հասարակաց բարիք»ին։

«Արդար մարդ»ը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղութեամբ։

«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ» (ՂԵՒ. ԺԹ. 15)։

«Տէրե՛ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով որ դո՛ւք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ» (ԿՈՂ. Դ 1)։

Այս իմաստով, ուրեմն «արդարութիւն»ը ո՛չ թէ յարաբերական, այլ բացարձակ սկզբունք մըն է ըստ էութեան. ան ենթակայական չէ՛, այլ՝ առարկայական։ Բայց գործնականի մէջ ան կը տեսնուի որպէս յարաբերական, քանի որ մարդիկ կ՚ուզեն որ միշտ իրաւունք ունենան ըստ իրենց ինքնասէր բնաւորութեան։

Այսպէս նաեւ կարելի է տրամաբանել «բարոյական առաքինութիւն»ներու մասին։

Բարութիւնը, ազնուութիւնը նմանապէս յարաբերականօրէն կը դատուին շատ յաճախ։

«Բարութիւն»ը երկսայրի սո՛ւր մըն է. չարը չի սիրեր բարին, քանի որ բարին չարին պահանջներուն գոհացում չի տար՝ կը հակասեն զիրար։

Ո՞վ «բարի» կ՚ըսէ քեզի. ան՝ որուն անձին «ուղղակի՛» բարի ես։ Բարութիւնը քու մէջդ «բացարձակ» իրականութիւն մը կրնայ ըլլալ. բայց մարդիկ մինչեւ որ առարկայաբար, եւ իրենց անձէն բոլորովին անկախաբար չնկատեն զայն՝ երբեք պիտի չգնահատեն բարութեանդ «բացարձակութիւն»ը։

Բերնի սովորական բացատրութեամբ, բարութիւնը մարդու մը «գործին գալու է» որ բարութիւն ըլլայ։

Արդարեւ, կան մարդիկ, որոնք որեւէ դատի կամ գործի արժէքը կը դատեն անձնական հազարումէկ նկատումներու յարաբերականութեամբ. անոնց համար դատը կամ գործը ենթակայական արժէք մը կը ներկայացնեն։ Կան մարդիկ նաեւ, որոնք «ախոյեա՛ն» կը կանգնին, զոր օրինակ, ընկերակցութեան մը առաջադրեալ նպատակներուն՝ որքան ատեն որ կապ մը ունին այդ ընկերակցութեան հետ, որ կերպով մը գոհացում կու տայ իրենց, ըսենք, նիւթական վարձատրութեամբ, կամ պատուոյ պատուանդան դառնալով, կամ իրենց փառասիրութիւնը փայփայելով, կամ իրենց «Ես»ին կարեւորութեան գիտակցութիւնը շեշտելով։ Բայց թող խզուի այդ կապը եւ կը պատահի յաճախ, որ այդ նոյն «ախոյեան»ները լեզունին ալ կը փոխեն, դիրքերնին ալ նո՛յն ընկերակցութեան, նո՛յն նպատակներուն նկատմամբ, որոնց պաշտպան եւ ջատագով էին նախապէս։

Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։

Պարզապէս սա՝ թէ յաճախ մարդիկ դատի մը ծառայելու պատրուակով իրենց «Ես»ին պահանջներուն գոհացում տալ կ՚ուզեն…։

Շատ մը «քրիստոնեայ»ներ, որոնք շարունակ աչքդ կը խոթեն սնապարծօրէն իրենց «քրիստոնէական գերազանցութիւն»ը, վայրկեան մը չեն վարանիր որեւէ քրիսոնէական դատ կամ գործ «մատնել»ու, եթէ «անտեսուին», եթէ իրենց զլացուի - կամաւ ըլլայ կամ իրերու բնական բերմամբ - որեւէ բարոյական, եւ երբեմն նիւթական «շահաբաժին»։ Քրիստոնեաներ՝ որոնք «թագ» կը փնտռեն, բայց խաչէն կը փախչին…։

Այսպէս են մարդիկ… բայց ո՛չ Աստուած։

Մարդոց կշռաչափը խարդախուած է յարաբերականութիւնով։ Մարդիկ «բացարձակ»ը բացարձակ աչքով, դատումով չեն տեսներ։ Անոնց դատումը եւ տեսութիւնը ընդհանրապէս եղծուած են «անձին յարաբերականութիւն»ովը։ Գիծի մը ուղիղ ըլլալը բաւական չէ. ա՛չքն ալ շիլ ըլլալու չէ որ ուղիղ գիծը ուղի՛ղ տեսնէ։

Շլութիւնը տեսութեան յարաբերականութիւնը կը ստեղծէ։ Եւ մարդիկ այս կերպ կամ այն կերպ «հոգեւոր շլութեան» ենթակա՛յ են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 29, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2020